Թեմ
Հրապարակված է: 02/06/2018
Երեքշաբթի, Փետրուար 6, 2018ին, Ղեւոնդեանց Քահանաներու նահատակութեան Տօնին Օրը, Mission Hillsի Արարատ Տուն ծերանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականներուն 2018ի տարեկան առաջին միօրեայ Ժողովը:
Ժողովը իւրայատուկ մերձեցումով ծրագրուած եւ պատրաստուած էր իբր Խորհրդաժողով (Conference)՝ կեդրոնանալու եւ արծարծելու համար մէկ հիմնական նիւթ. - ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆԸ: Խորհրդաժողովին ծրագրումը եւ պատրաստութիւնը յանձն առած էր Հոգշն. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան: Նախապէս տեղի ունեցեր էին երկու տարբեր Խորհդրաժողովներ.- առաջինը իբր նիւթ ունէր Եկեղեցւոյ Աւետարանչութիւնը եւ Հոգեւոր - կրօնական նոր Զարթօնքի մը ստեղծումը (Փետրուար 2, 2016ին) եւ երկրորդը՝ նուիրուած Քահանայութիւնը եւ Քահանայական Հոգիին Վերանորոգումը նիւթին (Հոկտեմբեր 3, 2017):
Միասնական աղօթքէ ետք, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, անդրադառնալէ յետոյ թեմական եւ եկեղեցական տարբեր¬տարբեր հարցերու, շեշտեց Խորհրդաժողովի օրակարգին համար ընտրուած նիւթին կարեւորութիւնը եւ անոր Քրիստոնէական բարձր նշանակութիւնը: Ընտրուած նիւթը անշուշտ կը վերաբերի ո՛չ միայն Եկեղեցւոյ թեմական կեանքին, այլ նաեւ Քրիստոնեայ կոչուած համայն ընկերութեան:
Նկատի ունենալով, որ Եղբայրական Սէրը եւ Եղբայրութիւնը Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Կեանքէն ներս Քրիստոնեայ անհատին դրոշմը ըլլալու է, ինչպէս բացայայտ կերպով իբր Նոր Պատուիրան յանձնարարուած է Յիսուսէն եւ շեշտուած Անոր Առաքեալներէն (Նոր Կտակարան), միօրեայ Ժողովի ընթացքին բարձր մակարդակով արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.-
1) Քրիստոնէական Եղբայրութեան աստուածաբանութիւնը (Հոգշն. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան),
2) Նոր Պատուիրանը՝ Իրար սիրեցէք (Արժն. Տ. Եսայի Քհնյ. Պետրոս),
3). Եփեսացիներուն ուղղուած Նամակին Միութեան հրաւէրը (Արժն. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան),
4) Աշակերտ ըլլալ Քրիստոսի եւ անոր գինը (Արժն. Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան),
5) Եղբայրական Միութիւն եւ Եկեղեցւոյ Միութիւն (Արժն. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեան):
Ներկայացուած ամէն մէկ ելոյթէ ետք - միշտ հիմնուած եկեղեցական եւ աստուածաբանական մակարդակներու, ինչպէս նաեւ կեանքի մէջ գործնական կիրարկումներու վրայ - ներկայ Հոգեւորականներուն միջեւ տեղի ունեցան բաւական տարածուն վերլուծումներ եւ քրիստոնէավայել պարզութեամբ գաղափարներու լուրջ փոխանակումներ, հիմնականօրէն կեդրոնանալով Քրիստոնէական Մեկ Եղբայրութիւն, Մէկ Նպատակ եւ Մէկ Ծառայութիւն բանաձեւումի վրայ, շեշտելով, որ Քրիստոնէական Եղբայրութիւնը եւ անոր աստուածաշնչական յղացքը պէտք է անցնի լուրջ եւ արմատական գործնականացումներու:
Սրբազան Հօր խոսքը Ղեւոնդեանց Քահանաներու նահատակութեան Տօնին Օրը
Փաստօրէն, բոլոր հաւատացեալներուն միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններուն, հաղորդակցութեան, գործակցութեան եւ միութեան մէջ՝ պէտք է անպայման արտացոլայ Քրիստոսը, Անոր Նկարագիրը, Անոր Սէրը: Երբ կը խօսուի Քրիստոնեայ Եղբայրութեան մասին, Եղբայրներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ կ'ակնկալուի փոխադարձ սէր, հանդուրժողութիւն անյիշաչարութիւն, ներողամտութիւն, իրարօգնութիւն, եւայլն: Վերջապէս, Քրիստոնէական Եղբայրութեան Սիրոյ գործնականացումը իր արտայայտութիւնը պէտք է գտնէ Քրիստոնեայ անհատներու Քրիստոսի հանդէպ Հաւատքին եւ ապրուած կեանքի գիտակից ՎԿԱՅՈՒԹԵԱՆ մէջ:
Խորհրդաժողովի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր խորհրդածութիւնները կատարեց ներկայացուած նիւթերու մասին, միաժամանակ գնահատելով բոլորին ներկայութիւնը եւ ելոյթ ունեցող Հոգեւորականներուն աշխատանքը:
Միասնական աղօթքով փակուեցաւ միօրեայ Խորհրդաժողովը, որ հիմնականօրէն կը հետապնդէր մէկ նպատակ. - Քրիստոնէական Եղբայրութեան Սիրոյ կապը նորոգելու համար:
Նոյն օր, կէսօրին, Արարատ Տան խնամակալութեան կողմէ՝ Հոգեւորականները ազնուաբար հիւրընկալուեցան ամսական մշակութային հաւաքոյթի ճաշին, ուր երգերով ու պարերով ելոյթ ունեցան նաեւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Վարժարանին աշակերտները: