Նվիրաբերել

Քրիստոնեայի Համար Մեծ Պահքը Խաղաղութեան Ճանապարհորդութիւն Է...

Թեմ

Հրապարակված է: 02/07/2018


Քրիստոնեայի համար Մեծ Պահքը խաղաղութեան ճանապարհորդութիւն է...

<<Տէր իմ զքեզ ապաւէն ինձ արարի. ուսո ինձ առնել զկամս քո, զի դու ես Աստուած իմ>>

Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը քրիստոնեայի կեանքին մեջ այն ժամանակաշրջանն է, երբ մենք մեզ ամբողջութեամբ յանձնատու կ’ըլլանք Աստուծոյ, որպէսզի աղօթքով ու պահեցողութեամբ, առանձնակի խոկումի պահերով բարձրանանք առ Ամենակարողն Աստուած եւ նորովի կեանք ապրելու խոստումը կատարենք խորապէս ըմբռնելու համար կեանքի իմաստը եւ աւելին՝ ըմբռնելու խորհուրդը Քրիստոսի Յարութեան, որը մեկնակէտն է Մեծ Պահքի հովեւոր Ճանապարհորդութեան:

Ինչքան հոգենորոգ են աղօթքի բառերը եւ տեղին բոլորիս համար, երբ ուղղութիւն կ’որոնենք Մեծ Պահքի ընթացքը գործնականացնելու եւ պատրաստուելու Սուրբ Յարութեան Տօնին:

<<Տէր իմ զքեզ ապաւէն ինձ արարի. ուսո ինձ առնել զկամս քո, զի դու ես Աստուած իմ>>:

Արդարեւ, առաջին եւ հիմնական քայլը զորս պարտ ենք առնելու Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանախարհորդութեանը ընթացքին այն է, որ Աստուած դարձնենք ապաւէնը մեր կեանքին: Այս քայլը պարտ ենք որդեգրել այն գիտակցութեամբ, որ ամբողջութեամբ յանձնատու ենք Աստուծոյ եւ Աստուած Ինք պիտի առաջնորդէ մեր կեանքը: Մեր կողմէ առնուած այս քայլը նախապայման է եւ անկասկած ապահով, որովհետեւ սկիզբը կը հաստատենք այնպիսի ճանապարհորդութեան մը, որ պայմանաւորուած է Աստծոյ առաջնորդութեամբ, որուն ամբողջ ընթացքը պէտք է լեցուի աղօթքով, եւ պահեցողութիւնը ու հոգեւոր ընթերցումները դառնան միջոցները, որոնք մեր էութեանը մինչեւ խորքին պիտի մշակեն Նոր Մարդը՝ ի Քրիստոս:

Մարդը, մենք բոլորս խիստ անհրաժեշտութիւնն ունինք Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան, որովհետեւ կեանքի վազքին մէջ կամայ թէ ակամայ կը հեռանանք Աստուծմէ եւ մեր մեջ կը տկարանայ քրիստոնեայի կոչումը: Եւ այս ամբողջ ընթացքին պարտ ենք կրկնել աղօթքի այս բառերը, որպէսզի մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք Աստուծոյ կամքին վրայ, <<Ուսո ինձ առնել զկամս քո, զի դու ես Աստուած իմ:>>

Բավական է, որ մենք անկեղծ փափաքն ունենանք Աստուծոյ կամքին համաձայն կեանք մը ապրելու, եւ Աստուած ինք կ’ուղղորդէ մեզ եւ կ’ուսուցանէ Իր կամքը:

Քրիստոնեայի համար Մեծ Պահքը խաղաղութեան ճանապարհորդութիւն է: Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Զատկուայ առաւօտ մեր օրերը լեցնենք աղօթքով, ապրինք հնարաւոր չափով պահեցողութեամբ եւ կազմակերպուած ընթերցանութեամբ եւ այն ժամանակ պիտի տեսնենք, որ մեր կեանքը լուսաւոր է եւ օրերը դարձած են աստիճաններ բարձրանալու առ Աստուած:   Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը հաստատած են հրաշալի կանոններ ու աղօթքներ, որոնք հոգեւոր գործիքներ են նորոգելու համար մեր կեանքը: Բայց չմոռնանք, որ մտատիպարը Քրիստոս Ինք է, որ Իր առաքելութեան ընթացքով Ինքզինք նախապատրաստեց, որպէսզի իր կեանքի օրինակը դառնար նաեւ ճանապարհը մեր  

<<Տէր իմ զքեզ ապաւէն ինձ արարի. ուսո ինձ առնել զկամս քո, զի դու ես Աստուած իմ:>>

Տէր իմ Աստուած, ճշմարտապէս Դուն ես ապաւէնը իմ կեանքին: Ձեռնամած աղօթք կը վերառաքեմ Քեզի, որպէսզի առաջնորդես քայլերս եւ լուսաւորես միտքս ու հոգիս, որպէսզի ամէն օր ու ամէն ժամ կամքդ կատարեմ: Քու պատուիրաններուդ առաջնորդութեամբ կը խոստանամ արժեւորել կեանքս, որուն պարգեւիչն ես Դուն: Եւ գիտեմ, ինչքան կը լեցուի հոգիս Ս. Աւետարաներէն ճառագայթող պատգամերով, այնքան Քու լոյսդ կրնամ բերել մարդկանց կեանքին մէջ: Դուն ես ճշմարիտ Աստուածը ու խոնարհ հոգով ու սրտով եւ մտքով կը խոստանամ սկսիլ Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան, որպէսզի կարող դառնամ ըմբոշխնելու Աստուածորդուդ Յարութեան լոյսը՝ Մեծ Պահքի նախօրէին:

Յովնան Արքեպիսկոպոս

27 Յունուար 2018


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները