Նվիրաբերել

Հայաստանի Բանակի 26Րդ Տարեդարձին Առթիւ Նահատակ Զինուորներու Հոգիներուն Համար Հոգեհանգիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

Թեմ

Հրապարակված է: 02/02/2018


ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԻ 26ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՆԱՀԱՏԱԿ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Բոլորս ալ քաջ տեղեակ ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի 26րդ տարեդարձը մեծ հանդիսութեամբ եւ ազգային հպարտութեամբ տօնախմբուեցաւ Մայր Հայրենիքի մէջ։

Կիրակի, Յունուար 28ին Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Ծուխի Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան։ Թեմակալ Աառաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի տնօրինութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան Բանակի 26րդ տարեդարձի առթիւ, Հոգեհանգստեան Մասնաւոր Պաշտօն կատարուեցաւ նահատակ զինուորներու հոգիներուն համար։

Պատարագիչ Տէր Հայրը Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքը ընթերցեց իր քարոզէն առաջ։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ կըսէր.-

«Մեր քաջարի զինուորները գիշեր թէ ցերեկ կը պաշտպանեն մեր երկրի սահմանները։ Ունինք նաեւ մեծ թիւով նահատակներ, որոնց կանչը միշտ կենդանի է մեր մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Բանակին տարեդարձը հրաւէր մըն է ուղղուած բոլորիս, որպէսզի ապրինք հայրենական տեսիլքով, Հայրենիք ուխտագնացութեան փափաքով, մեր կեանքի ուղին դարձնելով հայրենակերտումը։ Բոլորրդ միասին աղօթեցէք մեր Մայր Հայրենիքի նահատակ բոլոր զինուորներու համար, որպէսզի անոնց հոգիները հանգչին լոյսերուն մէջ եւ մեր ներկայ զինուորները քաջալերուին, հայրենասիրութեամբ եւ քաջաբար ծառայեն հայոց բանակին մէջ՝ պաշտպանելու համար երկրի սահմանները»։

Ուրախ ենք հաղորդելու, որ հաւատացեալներուն հետ աղօթակից էին նաեւ Մայր Հայրենիքէն ժամանած հրամանատարներ Նարեկ Մալխասեան եւ Մարաթ Պետրոսեան, որոնց ներկայութիւնը ներշնչում պատճառեց եւ խանդավառեց հաւատացեալները, որպէսզի անոնց հոգիներուն մէջ միշտ արթուն մնայ հայրենական սէրը եւ յարգանքը։

Հոգեհանգստեան Արարողութեան հանդիսապետեց Թեմիս նախորդ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեան։ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հովուական այցելութեամբ կը Պատարագէր Փորթլընտի Սուրբ Գէորգ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ էին նաեւ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մէջ ծառայող Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսութեան պաշտօնեաները։

Աղօթենք առ Բարին Աստուած, որպէսզի անխախտ ու անսասան պահէ Մայր Հայրենիքը եւ անոր պետականութիւնը եւ միշտ բարգաւաճ՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները