Նվիրաբերել

Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Այցելութիւնը Փօրթլենտի Սբ. Գեւորգ Եկեղեցի

Թեմ

Հրապարակված է: 01/30/2018


Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հովուական Այցելութիւնը Փօրթլենտի Սբ. Գեւորգ Եկեղեցի

Կիրակի 28 Յունուար 2018-ին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելութիւն մը տուաւ Օրեկօն նահանգի, Փորթլենտ քաղաքի, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ ծուխի ժողովուրդին ուր եւ այնտեղ Պատարագ մատուցանեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին բաշխեց Աստուծոյ օրհնութիւնները:

Այնտեղ ներկայ էին բաւական ծուխի հաւատացեալներ որոնք կը մասնակցէին  Սբ. Պատարագին: Նախքան  քարոզը՝ Սրբազան հայրը փոքրիկներուն հրաւիրեց եկեղեցւոյ ատեանը եւ իրենց  հետ հոգեւոր զրոյց մը կատարեց:

Իսկ Քարոզի պահուն Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բնաբանը քաղած էր օրուան ճաշու աւետարանէն՝ “Ես եմ կեանքի հացը: Հաւատացեալներուն հրաւիրեց կեանքի հացը փնտրելէն աւելի՝ պէտք է իսկական հոգեւոր հացը փնտրել…”

Պատարագի աւարտին, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, Հայաստանի բանակի զինուոր նահատակներուն համար որոնք կը զոհուին՝ ի խնդիր ազգին ու հայրենիքի հողին պաշտպանութեան:

 Ապա բոլոր հաւատացեալները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ ներքեւի սրահը եւ այնտեղ սիրոյ սեղանի մը շուրջ հիւրասիրուեցան եւ զիրար ողջոյններ փոխանակեցին ուրախ մթնոլորտ մը անցնելով…:


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները