Թեմ
Հրապարակված է: 01/05/2018
Հայոց Հայրապետի աղօթքը Նոր Տարուոյ սեմին առաջին հերթին առ Աստուած ուղղուած սրտի խորքերէն բխած մաղթանքն է հայրենական մեր երկրի պաշտպան զինուորներուն ի խնդիր, որոնք իրենց անձնուէր կեանքը կ՚ընծայաբերեն վասն պաշտպանութեան յաւերժական Հայրենիք՝ Մայր Հայաստանին:
Երախտագէտ մեր սրտի բարի մաղթանքները կ՚ընծայենք առ Աստուած, որ Տէրը քաջառողջ երկար կեանք պարգեւէ Հայոց Հայրապետին, որպէսզի 2018 թուականին իր ուսերուն դրուած ծանր, բայց քաղցր բեռը բոլորիս անվերապահ զօրակցութեամբ ի կատար ածէ:
Վեհափառը, մշտարթուն առաջնորդն է Հայց. Առաքելական մեր Մայր Սբ. Եկեղեցիին, որ Սբ. Էջմիածնէն անդադրում կը յղէ բոլորիս իր հայրական սէրն ու օրհնութիւնները, որպէսզի մեր հայրերու հաւատքի կեանքին անմնացորդ վկաները դառնանք ու գալիք սերունդներուն կեանքը լուսաւորենք Հայրենիքի ու Սբ. Էջմիածնի մեր ազգի գերագոյն սրբութիւններու խորհուրդովն ու ներշնչու-մովը:
Մեր կոչն է բոլորիդ սիրելի հայորդիք, զաւակները մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, որ ձեր հոգու հայեացքն ուղղէք դէպի Հայաստան – Սբ. Էջմիածնի Իջման Խորանը լուսոյ, որոնք անփոխարինելի եւ անկրկնելի ճշմարտութիւններն են հայ քրիստոնեային:
Նոր Տարուոյ սեմին Հայոց Հայրապետի հովուապետական այցը հայոց բանակի քաջարի զինուորներուն Հանրապետութեան Նախագահին հետ ամենաթանկագին նուէրն է մեր ազգին:
Սփիւռքի այս հեռաւոր ափերէն մեր գործնական աղօթքը յղենք մեր քաջարի զինուորներուն, որոնք իրենց ծառայութեան կեանքով գրաւականն են վաղուան եւ գալիք Հայաստանին:
Թող Ամենակարողն Աստուած օրհնէ մեր Հայրենիքն ու Սբ. Էջմիածինը, կենաց քաջառողջ երկար կեանք պարգեւէ Հայոց Հայրապետին եւ բարգաւաճ կեանք շնորհէ մեր ազգի զաւակաց:
Յովնան Արքեպիսկոպոս
1 Յունուար 2018
Պըրպէնք, Առաջնորդարան