Նվիրաբերել

90-Ամեակը՝ Գրաւականը Նոր Տեսիլքներու

Թեմ

Հրապարակված է: 12/15/2017


90-ամեակը՝ գրաւականը նոր տեսիլքներու

Անցնող ամիսներու ընթացքին անընդհատ խօսեցանք Արեւմտեան Թեմի հաստատման 90-ամեակին եւ 90 տարիներու ընթացքին սերունդներու կողմէ իրակա-նացուած առաքելութեանց մասին, որոնք կենսագործուեցան Թեմակալ Առաջնորդներու, հոգեւոր եւ աշխարհիկ սպասաւորներու նուիրեալ ծառայութեամբ: Երախտագէտ սրտով ու աղօթքով յիշեցինք բոլորը եւ հպարտութեան զգացումը ապրեցանք, որ յատկապէս հայոց ցեղասպանութենէն յետոյ մինչեւ այս ափերը հասած որբերը եւ անոնց զաւակները նոր կեանք ստեղծեցին հաւատքի վճռակամութեամբ եւ ազգային գիտակցութեան բարձր ոգով: Փառք ու պատիւ բոլորին անխտիր, ովքեր իրենց հաւատքին վկայութիւնը տուին եւ Աստուածատուր իրենց կեանքը ապրեցան ստեղծագործ ոգով ու մեզի համար դարձան ներշնչումի աղբիւր:

Ինչպէ՞ս պիտի արժեւորենք 90-ամեակը մեր Թեմական կեանքէն ներս: 90-ամեակը՝ գրաւականն է նոր կեանքի ու նոր տեսիլքներու: 90-ամեակը մարտահրաւէր մըն է ոչ միայն մեզի աւանդուածը պահել-պահպանելու, այլեւ՝ ձգտելու կատարեալին եւ ընդարձակելու մեր առաքելութեան սահմանները բոլոր առումներով, յարատեւ կեանքի տեսանկիւնէն դիտուած, ազգային կեանքը նորանոր արարումներով հարստացնելու գիտակցութեամբ եւ ամենաէականը՝ համամարդկային արժէքներ ստեղծելու տեսիլքով, որպէսզի ազգերու կեանքին մէջ մեր անունը արձանագրուի առաջնորդողի դերին ու պաշտօնին մէջ:

Քիչ ժամանակ անց մեր առջեւ կը բացուի Նոր Տարին, որը իր խորհուրդը կը ստանայ Աստուածորդու ծնունդով: Հրաշալի առիթ մը, որ նորոգենք ծառայութեան մեր ուխտը՝ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած կեանքը ապրելու իմաստութեամբ, աղօթքի ու հաւատքի զօրութեամբ, որպէսզի Հայց. Առաքելական Եկեղեցին դարձնենք առաւել հաստատուն եւ մշտարթուն իրեն վստահուած առաքելութեանը մէջ: Հայց. Առաքելական մեր Մայր Սբ. Եկեղեցին Մայրն է բոլորին, որուն Սբ. Խորանէն կը քարոզենք Աստուծոյ խօսքն ու Քրիստոսի Աւետարանին պատգամները, կը փառաբանենք մեր նախնեաց հաւատքի կեանքի ընթացքը՝ «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց»:

Մեր սրտագին կոչն է մեր Սբ. Եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակաց ապրիլ Աստուծոյ սիրով, մեր նախնեաց հաւատքի տեսիլքով, փարիլ Հայաստանին հոգով ու սրտով, տէր կանգնելու մեր ազգային սրբազան աւանդներուն եւ մնալ միշտ պատուաւոր քաղաքացին Ամերիկայի, ուր մեզի կը տրուին հնարաւոր բոլոր միջոցները ապրելու որպէս քրիս-տոնեայ հայեր:

90-ամեակը պիտի դարձնենք հրաշալի առիթը առաւել ծաղկեալ պահելու մեր Թեմը՝ իր եկեղեցիներով ու դպրոցներով եւ նուիրական հաստատութիւններով: Բոլորի հիմքը կը շարունակի ըլլալ հայ քրիստոնեայի ընտանիքը, որով եւ պայմանաւորուած է մեր գոյութենականութիւնը:

Յովնան Արքեպիսկոպոս


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները