Թեմ
Հրապարակված է: 10/05/2017
Արեւմտեան Թեմի Տարեգրութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ 2014 թուականի Նոյեմբերին: Նոյեմբեր 21, 2014 թուակիր Կոնդակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մեքսիքոն պաշտօնապէս յայտարարեց Եկեղեցական Թեմ՝ զայն կապելով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդութեան:
Մինչ այս տարի՝ 2017ին, Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90ամեակին առիթով (1927), Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ Արեմտեան Թեմ (Հոկտեմբեր 25 - Նոյեմբեր 3, 2017ի օրերուն), պիտի գտնուի մասնակցելու 90ամեակի տօնական բնոյթ ունեցող որոշ ձեռնարկներուն եւ ըլլալու Հայ Համայնքին հետ, Հայրապետի Ժամանակացոյցին մէջ ներառնուած է նաեւ Հովուապետական միօրեայ այցելութիւն մը դէպի Մեքսիքօ՝ հանդիպելու համար Մեքսիքոյի Հայ Համայնքին, ինչպէս նաեւ Մեքսիքոյի եկեղեցական եւ պետական բարձր ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառին այս առաջին այցելութիւնը ունի պաշտօնական բնոյթ:
Այս առիթով, մինչ պատրաստութիւնները կը զարգանային, անակնկալ տեղի ունեցաւ Մեքսիքոյի ահաւոր երկրաշարժը՝ ցնցնելով Մեքսիքոյի ժողովուրդին կեանքը:
Մեքսիքոյի այս դժուար օրերուն՝ միօրեայ իր ացելութեան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը պիտի հանդիպի Մեքսիքոյի Քաղաքապետին՝ Migual Angel Manceraյի հետ, ՄԵքսիքոյ քաղաքի Կարտինալին եւ Պապական Նուիրակին հետ: Վեհափառը պիտի մասնակցի նաեւ Քոյր Եկեղեցիներու Էքումենիկ աղօթքի արարողութեան, որուն հիւրընկալն է Մեքսիքոյի Կաթողիկէ Առաջնորդութիւնը: Աղօթքներ պիտի կատարուին յատկապէս Մեքսիքոյի ժողովուրդին համար, որ այս օրերուս, կը գտնուի խոր ցաւի եւ կորուստի մէջ:
Ամենայն Հայոց Հայրապետի մը պաշտօնական առաջին այցելութիւնն է Մեքսիքոյի Հայ Համայնքին, որ խանդավառ պատրաստութիւններ կը տեսնէ ընդունելու Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը:
Եկեղեցական, Համայնքային եւ Ազգային մեծ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունեցող այցելութիւն մը պէտք է նկատել այս մէկը, այցելութիւն մը, որ պիտի նպաստէ մեր ժողովուրդի խաղաղութեան, օրհնելու եւ քաջալերելու հոն կայք հաստատած Հայութիւնը, որ զաւակն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այս հովուական այցելութեամբ, վստահաբար նոր էջ մը պիտի բացուի Մեքսիքոյի Հայ հաւատացեալ ժողովուրդին համար:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Հոկտեմբեր 2, 2017
Պըրպենք