Նվիրաբերել

Ի Գիտութիւն Հայ Հաւատացեալ Ժողովուրդին

Թեմ

Հրապարակված է: 10/05/2017


Ի ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Առ ի տեղեկութիւն մեր ժողովուրդին՝ կ’ուզենք պաշտօնապէս յայտարարել, որ Հայ Եկեղեցին, իր յատուկ Կանոններով, անվաւեր կը համարէ Կարգալոյծ եկեղեցականներու միջոցով եւ Թեմի սահմաններէն ներս առանց Առաջնորդի արտօնութեան կատարուած Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդները (Տե՛ս օրինակ՝ ՍԲ. ՍԱՀԱԿ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ, Կանոններ, Կանոն թիւ ԺԷ.: Դուինի Բ. Ժողովի Կանոններ, Կանոն թիւ ԺԷ.:  ՍԲ. ԱԹԱՆԱՍ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԱՑԻ, Կանոններ, Կանոն թիւ ԽԹ. եւ Ծ.):

Այս Յայտարարութիւնը կը կատարուի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ՝ Հոկտեմբեր 3, 2017ին Առաջնորդարանին մէջ գումարուած Հոգեւորականներու Ընդհանուր Ժողովումի միասնական որոշումով:

Մեր թելադրութիւնն է, որ հաւատացեալները զգոյշ ըլլան եւ նման իրավիճակի մէջ չգտնուին եւ Կարգալոյծ եկեղեցականներու չդիմեն Սբ. Պսակ, Սբ. Մկրտութիւն եւ ա՛յլ կրօնական արարողութիւններ, ինչպէս՝ Գերեզմանօրհնէք կատարել տալ այդպիսիներուն:

Հայ Եկեղեցին ունի իր կրօնական եւ կարգապահական դարաւոր Կանոնները եւ մեր պարտականութիւնն է մեր հաւատացեալները տեղեակ դարձնել ճշմարտութեան:

Ժամանակն է, որ հաւատացեալները, իրենց հոգեւոր կարիքներուն համար, անպայման դիմեն Առաջնորդարան (Պըրպենք) եւ կամ Առաջնորդարանին հովանաւորութիւնը վայելող արտօնեալ եւ օրինական հոգեւորականներուն:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Հոկտեմբեր 3, 2017

Պըրպէնք  


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները