Նվիրաբերել

Միօրեայ Խորհրդաժողով Առաջնորդարանէն Ներս - Քահանայութիւնը Եւ Քահանայական Հոգիին Վերանորոգումը

Թեմ

Հրապարակված է: 10/04/2017


Միօրեայ Խորհրդաժողով Առաջնորդարանէն ներս - Քահանայութիւնը եւ Քահանայական Հոգիին Վերանորոգումը

Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90 ամեակին առիթով, երեքշաբթի Հոկտեմբեր 3ին Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցաւ միօրեայ Խորհրդաժողով (conference) նախագահութեամբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ թիվով 33 եկեղեցականներու: Խորհրդաժողովին նիւթն էր Քահանայութիւնը եւ Քահանայական հոգիին վերանորոգումը (spiritual renewal of priesthood):  

Խորհրդաժողովը սկսուեց հաւաքական ժամերգութեամբ, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալստեան խօսք մաղթեց ներկայ հոգեւորականներուն: Եկեղեցականները յատուկ աղօթք բարձրացուցին Լաս Վեկասի ողբալից դէպքէն զոհուած անձերի հոգիներուն համար, ինչպես նաեւ աշխարհին խաղաղութեան համար:

Սրբազան Հօր հրաւերով, Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Հոգշ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, որուն նիւթն էր Քահանայական Ծառայութեան Ակնկալութիւնները եւ Պահանջները:

Զանազան այլ նիւթեր Քահանայութեանը նուիրուած ներկայացուեցան հետեւեալ քահանաներու կողմէ՝

1)       ԱՐԺՆ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ԱՇ

ՆԻՒԹ. Եկեղեցւոյ Աւետարանչական Առաքելութիւնը եւ Քահանայութեան  Ծառայութիւնը

2)       ԱՐԺՆ. Տ. ԶԱՔԱՐԻԱ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԻԲԵԿԵԱՆ

ՆԻՒԹ. Քահանան իր կեանքին եւ ընկերութեան մէջ կÿաշխատի լսելի դարձնել Քրիստոսի Խօսքը:

3)       ԱՐԺՆ. Տ. ՍԱՐԳԻՍ Ա. ՔՀՆՅ. ՓԵԹՈՅԵԱՆ

ՆԻՒԹ. Քահանայական ծառայութեան նպատակը:

4)       ԱՐԺՆ. Տ. ՏԱԹԵՒ Ա. ՔՀՆՅ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

ՆԻՒԹ. Քահանան եւ Հոգեւոր Քարոզութիւնը:

5)       ՀՈԳՇՆ. Տ. ԵՐԵՄԻԱ ԱԲԵՂԱՅ ԱԲԳԱՐԵԱՆ

ՆԻՒԹ. Քահանան Հայ Եկեղեցական Կանոնագրութեան մէջ:

6)       ԱՐԺՆ. Տ. ԱՒԵՏԻՍ ՔՀՆՅ. ԱԲՈՎԵԱՆ

ՆԻՒԹ. Քահանայութեան բարձրութիւնը, կարեւորութիւնը եւ դերը՝ համաձայն Սբ. Ներսէս Արք. Լամբրոնացիի Մեկնութիւն Պատարագի աշխատութեան:

7)       ԱՐԺՆ. Տ. ՎԱԶԳԷՆ ՔՀՆՅ. ՄՈՎՍԷՍԵԱՆ

ՆԻՒԹ. Հայ Եկեղեցականին Ինքնութեան խնդիրը

(Հոգեբանական ազդեցութիւներ եկեղեցականներուն վրայ)

8)       ՀՈԳՇՆ. Տ. ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

ՆԻՒԹ. Հայ Քահանային կազմաբանութիւնը (վերլուծական փորձ):

Խորհրաժողովին ընթացքին անակնկալ այցով ներկայացան Երեւանի Արմեն Տիգրանեանի անուան երաժշտական դպրոցի սաները, որոնք ոգեւորեցին հոգեւորականները իրենց փայլուն կատարումներով: Մանուկերը նաեւ ելոյթ պիտի ունենան Հոկտեմբեր 15ի համերգին, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90 ամեակին:

Առաջնորդ Սրբազան փակման խօսքով եւ միասնական աղօթքով փակուեցաւ միօրեայ Խորհրդաժողովը՝ լի եկեղեցական եւ աստուածաբանական հարուստ բովանդակութեամբ:


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները