Նվիրաբերել

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Կարգը (Համառօտ Ակնարկ) Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական Այցելութեան Առիթով

Թեմ

Հրապարակված է: 10/02/2017


ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՐԳԸ  (Համառօտ ակնարկ)  Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի Հովուապետական Այցելութեան Առիթով

Հոկտեմբեր 2017ին՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90ամեակին առիթով, բարձաստիճան Եկեղեցականներով եւ շքախումբով Արեւմտեան Թեմ պիտի այցելէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն Հովիւ եւ Քահանայապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը:

Այս առիթով, յարմար նկատուեցաւ մեր ժողովուրդին համառօտ պատկեր մը ներկայացնել Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Կառոյցի մասին:

Ինչպէս ամէն հաստատութիւն, Հայ Եկեղեցին ալ, իր գոյութեան առաջին օրերէն, ունեցած է ո՛չ միայն Վարչական կառուցուածք, այլ նաեւ Նուիրապետական կառուցուածք: Երբ Նուիրապետութիւն կամ Նուիրապետական կարգ կ'ըսենք՝ կը հասկնանք եկեղեցական պաշտօնեաներու աստիճանական դասակարգութիւնը՝ իրենց տարբեր աստիճաններով եւ պարտականութիւններով: Նուիրապետութեան նպատակն է կառավարել, ուսուցանել եւ առաջնորդել Եկեղեցւոյ հաւատացեալները:

Եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան հիմնական աստիճաններն են.-

. Սարկաւագ (Սարկաւագութիւն),

. Քահանայ (Քահանայութիւն),

. Եպիսկոպոս (Եպիսկոպոսութիւն),

. Կաթողիկոս (Կաթողիկոսութիւն):

Սարկաւագը սպասաւորն է Պատարագի Սբ. Սեղանին եւ Պատարագիչ Հոգեւորականին:

Քահանան Ձեռնադրուած եւ Օծուած անձնաւորութիւն մըն է, որ իրաւունք ունի Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդները կատարելու (Մկրտութիւն, Սբ. Պսակ, եւայլն) եւ հովուելու իրեն յանձնուած որոշ վայրի մը հաւատացեալները կամ համայնքը:

Եպիսկոպոսը, Եկեղեցական Թեմի մը (նահանգի մը, շրջանի մը կամ քաղաքի մը) կրօնական Հսկիչն է, Վերատեսուչն է եւ Առաջնորդը: Եպիսկոպոսները իրաւունք ունին Սարկաւագ եւ Քահանայ ձեռնադրելու եւ օծելու, ինչպէս նաեւ եկեղեցական ա՛յլ պաշտօնեաներ (Կիսասարկաւագներ եւ Դպիրներ) օրհնելու եւ ձեռնադրելու, նոր Եկեղեցիներ շինելու եւ օծելու, նոր Ծուխեր կամ հովուութիւններ բանալու, սրբապատկերներ օծելու, հաւատացեալ մեր ժողովուրդը առաջնորդելու եւ յատկապէս անոր հոգեւոր¬կրօնական¬եկեղեցական կարիքները հոգալու:

Կաթողիկոսը կը կոչուի նաեւ Հայրապետ, Եպիսկոպոսապետ, Քահանայապետ: Կաթողիկոս եզրը կը նշանակէ Ընդհանրական, Տիեզերական: Կաթողիկոսը Հայ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն սպասաւորն է եւ գերագոյն գլուխը, որ կÿընտրուի Հայ Եկեղեցական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներու կողմէ եւ ապա կ'օծուի տասներկու Եպիսկոպոսներու կողմէ: Կաթողիկոսը Գերագոյն Պետը եւ ընդհանուր Վերատեսուչն է Հայ Առաքելական Եկեղեցիին:

Հայ Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եկեղեցական ո՛րեւէ Աթոռի կամ Եկեղեցական իշխանութեան մը չ'ենթարկուիր:

Այս տեսակէտով, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերագոյն Առաջնորդին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութիւնը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմ, ունի յատուկ նշանակութիւն օտար այս ափերուն վրայ ապրող Հայութեան համար: Դրական իմաստով նկատի ունենալու ենք, որ մեր ժողովուրդը կրցած է իւրացնել Քրիստոնէութիւնը: Պատմականօրէն Հայ Եկեղեցին մեծագոյն փաստն է այս դարաւոր երեւոյթին եւ Վեհափառ Հայրապետին Հովուապետական Այցը իր ժողովուրդին՝ հարազատ արտայայտութիւնն է, որ Քրիստոնէական Կրօնք եւ Հայ Եկեղեցի մեծագոյն փաստերն են Հայ Ժողովուրդի Հաւատքին, կրօնական համոզումներուն եւ ազգային գոյատեւումին:

Ի վերջոյ, Եկեղեցին այն չէ, որ նիւթապէս կը շինենք (շէնքը), այլ այն հոգեւոր իրականութիւնը, որով մենք մեզ հաւատքի վրայ կը կառուցանենք:

Տ. Ծ. Վ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները