Թեմ
Հրապարակված է: 10/02/2017
"ԱՊՐԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ"
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի
Հովուապետական Այցելութեան Առիթով
"Մեր ձգտումը պիտի լինի
նոր շունչ եւ ոգի տալ
այս թանկագին ժառանգութեան,
որ Եկեղեցին է" (ԳԱՐԵԳԻՆ ԿԹՂ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ, Դէպի Լոյս եւ Կեանք, Անթիլիաս, 1947, էջ 217):
Պատմական իրականութիւն է թէ Հայ Ժողովուրդը, իր Առաքելական Եկեղեցւոյ կրօնական եւ ազգային առաքելութեան նկատմամբ, միշտ ունեցած է դարերէն եկող իւրայատուկ յարգանք մը, սէր եւ հոգեկան խոր երկիւղածութիւն մը: Սակայն, այսօր, երբ ընդհանուր մարդկութեան կրօնական, բարոյական եւ ընկերային ըմբնումները, չափանիշները, մակարդակները եւ յարաբերութիւնները փոփոխուած են եւ որոշ գիծերով ու չափերով շեղած անցեալի արժեչափերէն եւ իրականութիւններէն, Հայ Սերունդը աւելի քան երբեք պէտք ունի աւելի մօտ ըլլալու իր Եկեղեցիին, որովհետեւ Հայ Եկեղեցին մեր ամէնէն մեծարժէք նուիրականութիւններէն մէկն է:
Այս խորհրդածութիւնը կ'ընենք, աչքի առջեւ ունենալով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի «պաշտօնական» հաստատման 90ամեակին առիթը (1927-2017) եւ այս առիթով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութիւնը Արեւմտեան Թեմ (Հոկտեմբեր ամիս 2017ին):
Թէեւ Խրիմեան Հայրիկ Ա. Կաթողիկոսը առանձին Կոնդակով ամբողջ Միացեալ Նահանգները առանձին «Մէկ Առաջնորդութիւն» հռչակած էր 1898 թուականին, սակայն Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսը, 1927 թուակիր Կոնդակով մը, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը պաշտօնապէս հաստատած է իբր Արեւմտեան Թեմ:
Արեւմտեան Թեմի վերջին 90ամեակի տարեգրութիւնը շատ բեղուն է՝ իբր եկեղեցական-կրօնական կազմակերպութիւն եւ ծառայութիւն: Ծառայութիւնը Եկեղեցիին կեանքն է:
Կը խորհինք թէ Արեւմտեան Թեմ հաստատումը կարեւոր ներկայութիւն մը պիտի դառնար այս ափին վրայ հաստատուած Հայութեան՝ այն հիմնական սկզբունքով եւ համոզումով, որ անցեալին, առիթով մը հաստատած էր Գարեգին Կթղ. Յովսէփեանց. - «Մեր ձգտումը պիտի լինի նոր շունչ եւ ոգի տալ այս թանկագին ժառանգութեան, որ Եկեղեցին է» (ԳԱՐԵԳԻՆ ԿԹՂ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՑ, Դէպի Լոյս եւ Կեանք, Անթիլիաս, 1947, էջ 217):
Ընտանիք, սեփական լեզու, վարժարան, մամուլ, ասոնք անկասկած ազգային դիմագիծի խմորումին եւ պահպանումին միջոցներն են, սակայն ասոնցմէ վեր է Եկեղեցին: Ասիկա կÿըսենք խորունկ համոզումով՝ աչքի առջեւ ունենալով 1700 երկար տարիներու պատմութեան հոգեւոր, կրօնական եւ մշակութային այն էջերը, որոնք փառքը կազմեցին մեր ժողովուրդի «հոգեւոր» գանձարանին:
Կրօնական թէ ազգային արժէքներու գուրգուրանքը եւ պահպանումը միշտ եղած է Հայ Եկեղեցիի առաքելութեան մտաւեւեռումը: Այս յղացքը, որ այս օրերուն սկսած է դժգունիլ, կրնայ կրկին պայծառանալ միայն ԵԿԵՂԵՑԻՈՎ: Պատմութիւնը ասոր վկան է: Սխալ պիտի ըլլայ անտեսել այս իրականութիւնը:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդներուն կեդրոնական մտահոգութիւնը եւ ձգտումը միշտ եղած է «նոր շունչ եւ նոր հոգի տալ» Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն: Անոնց մշտական առաջադրանքը եղած է Եկեղեցին պահել իրեն յատուկ դերին եւ պարտականութեան մէջ:
Այսօր, Արեւմտեան Թեմի Եկեղեցական Առաջնորդութիւնը, իր 90ամեակին առիթով, անգամ մը եւս կ'առաջադրէ հաւատարիմ մնալ Հայրերու հաստատ աւանդութեան եւ իբր ուսուցիչ՝ աշխատիլ իր ժողովուրդը վերածելու եւ զօրացնելու իբր երկիւղած համայնք՝ գերազանցօրէն Աստուծոյ պատկանող, ինչպէս եղած էր Ե. դարուն՝ Պարսիկներու եւ յաջորդաբար Արաբներու, Մոնկոլ-Թաթարներու եւ Թուրքերու ժամանակաշրջանին, պահպանելով իր թանկագին գոհարը՝ Քրիստոնէական Հաւատքը:
Միայն անցեալ մը չէ մեր Եկեղեցին, ինչպէս անցեալ չեն ո՛չ Հայ Ժողովուրդը, ո՛չ ալ Հայ Մշակոյթը:
Հետեւաբար, 90ամեակը կը թելադրէ մեզի Ապրիլ մեր Հաւատքը` կրօնական եւ ազգային հաւատքը:
Ա՛յս է 90ամեակին կամրջուող հարազատ արտայայտութիւնը, կարգախօսը եւ աշխատանքի համոզումը Արեւմտեան Թեմի այսօրուան Առաջնորդ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Որովհետեւ միայն այս խօսքերը կրնան ճշգրտօրէն արտայայտել 90 տարիներէ աւելի իրագործուած եւ տակաւին իրագործելի Եկեղեցական Առաքելութեան բազմաթիւ իրագործումները՝ ի նպաստ մեր համայնքներու հոգեմտաւոր լուսաւորութեան:
"Մեր ձգտումը պիտի լինի նոր շունչ եւ ոգի տալ այն թանկագին ժառանգութեան՝ որ Եկեղեցին է" (Գարեգին Կթղ. Յովսէփեանց):
Տ. Ծ. Վ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ