Նվիրաբերել

Կրօնական Խորհրդաժողով Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն Ներս

Թեմ

Հրապարակված է: 10/02/2017


1898 թուականին, Խրիմեան Հայրիկ Կաթողիկոս պաշտօնական Կոնդակով մը ամբողջ Միացեալ Նահանգները յայտարարած եւ հաստատած է Եկեղեցական մէկ ԹԵՄ: Իսկ 1927 թուականին, Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսը, նոր Կոնդակով մը, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափը հռչակած է Միացեալ Նահանգներու ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄ:

Նկատի ունենալով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ կատարուած պաշտօնական այս բացայայտ որոշումները եւ յայտարարութիւնները, 2017 թուականը արդարօրէն կը նշեն Արեւմտեան Թեմին պաշտօնական հաստատման 90ամեակը:

Պատմական նշանակալից թուական մը, որ կը յիշեցնէ 90 եւ աւելի երկար տարիներու եկեղեցական առաքելութեան եւ ծառայութեան բեղուն կեանքի մը դրական դրուագները եւ իրագործումները՝ միշտ նուիրուած Հայ Ժողովուրդին քրիստոնէական, ընտանեկան, ազգային, ընկերային եւ մշակութային կեանքի յառաջդիմութեան եւ ծաղկումին:

90ամեակին առիթով, 2017 թուականի ընթացքին, Արեւմտեան Թեմէն ներս, տեղի ունեցան բազմաթիւ ձեռնարկներ եւ կրօնական¬եկեղեցական միջոցառումներ, նշելով Թեմի պաշտօնական հաստատումին 90ամեակը, անոր նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը ժողովուրդի քրիստոնէական եւ ազգային կեանքէն ներս:

90ամեակի տօնակատարութիւններու եւ ձեռնարկներու պարունակէն ներս, հովանաւորութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Թեմիս Սրբազան Առաջնորդ՝ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին, իբր նախապատաստութիւն Թեմի 90ամեակին, 2016ի Փետրուարին, շատ օգտակար Խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ՝ Թեմէն ներս Հոգեւոր¬Կրօնական Զարթօնք մը ստեղծելու նիւթով եւ մշակուած ծրագիրով: Այս նպատակով, տեղի ունեցան տասը տարբեր ելոյթներ՝ Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներու կողմէ: 2017ի Հոկտեմբեր 3ին, տեղի պիտի ունենայ երկրորդ Խորհրդաժողով մը, այս անգամ հիմնական նիւթ ունենալով Քահանայութիւնը եւ Քահանայական Հոգիին Վերանորոգումը: Դարձեալ տասը հոգեւորականներ ելոյթ պիտի ունենան տասը տարբեր նիւթերով՝ նուիրուած միշտ Քահանայական կեանքին եւ անոր գաղափարային, տեսական եւ գործնական արտայայտութիւններուն շուրջ: Այս Խորհրդաժողովները տեղի կÿունենան մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ Արեւմտեան Թեմի բոլոր Հոգեւորականներուն:

Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90ամեակը լուրջ առիթ մը կը նկատուի ինքնաքննութեան, հոգեկան վերանորոգումի եւ անձնական թէ խմբային քննարկումներու, վերլուծումներու եւ մթերելու նոր շունչ մը նուիրումի եւ ծառայութեան:

Անկասկած, եկեղեցական ծառայութեան  ձգտումը պիտի ըլլայ միշտ նոր շունչ եւ նոր հոգի տալ այն թանկագին ժառանգութեան, որ Եկեղեցի կը կոչենք եւ ճիշտ է այն մտածումը թէ կեանքը միշտ նոր է, երբ մեր մտքի ջաղացքին անդադար նոր ցորեն ունի նետելիք...:    

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Սեպտեմբեր 25, 2017


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները