Թեմ
Հրապարակված է: 06/16/2017
Այսու հոգեկան ցնծութեամբ կը յայտարարենք որ սոյն թուականի Յուլիս 7-19, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կրոնական Դաստիարակութեան Բաժնի Պատասխանատու Մաշտոց Չոպանեանի առաջնորդութեամբ շուրջ 50 ուխտաւորներ կը մեկնին Երուսաղէմ:
Անոնք պիտի այցելեն այն սրբավայրերը որտեղ մեր Տէրն ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը այցելեց, քարոզեց, բժշկեց, հրաշագործեց, աւետելով Աստուծոյ արքայութիւնը:
Թող Ամենաբարին Աստուած առաջնորդէ ուխտաւորները եւ թող անոնց աղօթքները լսելի եւ ուխտերը ի կատար ըլլան: