Թեմ
Հրապարակված է: 06/09/2017
Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի հովանաւորութեամբ եւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի օրհնութեամբ, «Հայ Քրիստոնեայ Երիտասարդաց Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան» ծրագրի մասնակից երիտասարդները՝ առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Զաքարեանի, Յունիս 29-էն մինչեւ Յուլիս 31, 2017 պիտի այցելեն Մայր Հայրենիք։
Սոյն առաքելութիւնը բաղկացած է երեք հիմնամասերէ.-
ա- Ուխտագնացութիւն,
բ- Մասնագիտական Ծառայութիւն (internship),
գ- Համայնքային ծառայողական ծրագիր։
Գոհունակութեամբ կը հաղորդենք, որ սոյն առաքելութիւնը անցնող 13 տարիներէ ի վեր կþիրագործէ իր ծրագիրները՝ գլխաւորաբար Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեանի առաքնորդութեամբ։ Վերոյիշեալ շրջանին ունեցած ենք աւելի քան 130 մասնակից երիտասարդներ։ Իրագործուած են հետեւեալները.-
ա- 7 ծառայողական Ծրագիրներ,
բ- Երիտասարդաց Կեդրոններու Շինարարութիւն,
գ- Ընտանիքներու Բնակարաններու Շինարարութիւն։
Անդրադառնալով ուխտագնացութիւններու, կþուզենք շեշտել, թէ առաքելութեան մասնակցող երիտասարդները ուխտագնացութիւններ կատարած են բազմաթիւ եկեղեցիներ եւ վանքեր՝ ինչպէս Էջմիածին, Նորավանք, Խոր Վիրապ, Տաթեւ, Գանձասար, Ծիծեռնավան, Սանահին եւ այլն։
Երիդասարներ Հայրենիք կատարած իրենց առաքելութեան ընթացքին յատուկ այցելութիւն պիտի տան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ աջահամբոյրի համար հանդիպում պիտի ունենան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսի հետ եւ պիտի արժանանան իր օրհնութիւններուն եւ գնահատութեան։ Հանդիպում պիտի ունենան նաեւ համայնքներու հոգեւորականներու եւ երիտասարդաց միութիւններու հետ։ Պիտի այցելեն թանգարաններ եւ պատկերասրահներ, պիտի ունենան մասնգիտական ծառայութիւններ ¥internship) Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, պիտի այցելեն հիւանդանոցներ «Մեր Յոյս»ի Կեդրոն, համակարգչային եւ «ինժեներ»ական կեդրոններ։
Սոյն առաքելութեան նպատակն է երիդասարդ ուխտաւորները միամսեայ այս ուխտագնացութենէն վերադառնան հոգեւոր, մշակութային, պատմական եւ անձնական պակասը լրացուցած՝ պատրաստ ապագային իրենց ներդրումը բերելու Հայրենի Երկրին, Հայց. Եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին եւ իրենց կեանքի առաւել պայծառացման եւ հոգեկան գոհունակութեան՝ գեղեցիկ օրինակ հանդիսանալով ա՛յլ երիտասարդներու։
Բարի ճանապարհ եւ ապահով վերադարձ կը մաղթենք մեր սիրելի երիտասարդներուն։