Նվիրաբերել

Կարդալ Բոլոր Նորությունները

Յարգանքի Հաւաք Մոնթեպէլլոյի Հայ Նահատակաց Յուշարձանին Առջեւ

Թեմ

Հրապարակված է: 04/28/2017


ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔ ՄՈՆԹԵՊԷԼԼՈՅԻ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

           Երկար տարիներէ ի վեր սկսուած գեղեցիկ աւանդութիւնը շարունակելով, Լոս Անճելըսի շրջանի Հոգեւոր Առաջնորդներ, հայ քաղաքական կազմակերպութիւններ եւ հաստատութիւններ Կիրակի, Ապրիլ 23-ի կէսօրէ յետոյ հաւաքուեցաւ Մոնթեպէլլոյի Յուշարձանին շուրջ։

UACLA Facebook Page

            Սոյն հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան։ Սրբազան Հօր կþընկերանային Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ ծառայող հոգեւորականները։ Մեծ թիւով երիտասարդներ եւ հայորդիներ ներկայ գտնուեցան սոյն հաւաքին, որու ընթացքին գործադրուեցաւ բովանդակալից յայտագիր մը։ Ելոյթ ունեցան պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ։ Օրուան յայտագիրը սկսելէ առաջ, հոգեւորականներու կողմէ կատարուեցաւ Սուրբերու յիշատակին նուիրուած Բարեխօսութեան Կարգը։


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները