Թեմ
Հրապարակված է: 07/08/2016
Քրիստոս այսպէս թելադրեց Իր աշակերտներուն երանի տալէ յետոյ, բոլոր անոնց որոնք հոգիով աղքատներն են, սգաւորներն են, հեզերն են, արդարութեան քաղցն ու ծարաւը ունեցողները, սիրտով մաքուրները, ողորմածները, խաղաղութեան հաստատումին համարը աշխատողները, արդարութեան համար հալածուողները, բայց նաեւ անոնք երկրի աղն ու աշխարհի լոյսն են, որպէսզի իրենց ներկայութեամբ համեմեն ու լուսաւորեն մարդկութիւնը:
Այս կարգախօսով նաեւ իրենց աւարտին հասան այս տարուան Աստուածաշնչական սերտողութիւնները, հովանաւորութեամբ Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին:
Իրապէս, փա՜ռք Ամենակալ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս անցող տարիներուն նման, Թեմի չորս տարբերը շրջաններէն ներս, նկատի ունենալով ա՛յլ շրջաններ եւս, տեղի ունեցան Աստուածաշնչական սերտողութիւններ՝ Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւնոդեանց Մայր Տաճարի Զօրայեան Թանգարանէն ներս, Կլէնտէյլի Սբ. Պետրոս, Վէն Նայսի Սբ. Պետրոս եւ Հոլիվուտի Սբ. Կարապետ եկեղեցիներէն ներս: Չորս տարբեր շրջաններ տարբեր նիւթերով հաւատացեալները առիթը ունեցան առաւել եւս իրենց կապը, սէրը ու հաւատարմութիւնը սերտացնելու Հօր Աստուծոյ հետ: Անոնք պարզապէս ներկայ չեղան լսելու պատմական իրադարձութիւններ, այլ լեցուելու Աստուծոյ ներկայութեամբ, Սուրբ Հոգիի շնորհներով, որպէսզի կարենան իրենց բարի պատերազմը պատերազմիլ, հաւատքը պահել եւ ընթացքը աւարտին հասցնել, ինչպէս պիտի ըսէ Պօղոս Առաքեալ:
Հաւատացեալները առիթը ունեցան սերտելու Պօղոս Առաքեալի կողմէ գրուած առաջին նամակը Կորնթոսի համայնքին: Այս նամակի ճամբով Առաքեալը նախ անդրադարձաւ համայնքէն ներս տիրող կացութեան, որ երբեք յարիր չէ քրիստոնէական հաւատքին, երբ պառակտումներ, բաժանմումներ եւ խմբաւորումներ կան համայնքէն ներս: Այս բոլորին պատճառը աստուածային ու գերագոյն սիրոյ բացակայութիւնն է: Ուստի կոչ կÿուղղէ հետամուտ ըլլալու սիրոյ շնորհքին, որ Աստուածատուր պարգեւ մըն է տրուած մարդուն: Առաքեալը իբրեւ հայր փորձեց ուղղութիւններ տալ թէ ինչպէս կարելի է օգտագործել Սուրբ Հոգիի շնորհները, ոչ անձնական փառքի համար, այլ իբրեւ օգուտ համայնքին: Ան անդրադարձաւ ընկերային, ընտանեկան ու բարոյական հարցերու, որպէսզի ըստ այնմ հաւատացեալները ապրին Աստուածահաճոյ հաւատքի կեանք մը, որովհետեւ քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը ամենօրեայ կեանք է: Ի վերջոյ, ան կարեւորութեամբ շեշտեց Քրիստոսի յարութիւնը, որ հիմքը կը կազմէ քրիստոնէական հաւատքին ու վարդապետութեան, առանց որուն զուր է իր քարոզութիւնը եւ զուր է նաեւ մեր հաւատքը: Այլ խօսքով, Առաքեալին այս նամակը ո՛չ միայն անցեալին, այլ նաեւ այսօր իւրաքանչիւրիս ուղղուած նամակ մըն է թէ ինչպէս կարելի է ապրիլ այլասերած ու ապականած ընկերութեան մը մէջ:
Հաւատացեալները առիթը ունեցան սերտելու Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Սբ. Պատարագին խորհուրդը, անոր կառոյցը, մասերը, մանրամասնութիւնները, պատարագիչ քահանայ հօր ծածուկ թէ բարձրաձայն աղօթքները, դպիրներու բաժինը, Սարկաւագին կոչերը: Այս բոլորի նպատակը, որպէսզի ամէն անգամ երբ պատարագի ներկայ գտնուինք կրաւորական վիճակէն դուրս եկած հաղորդ դառնալու այն խորհուրդ խորին արարողութեան, որուն ճաշակումով պիտի զգանք քաղցրութիւնը եւ ողորմութիւնը Հօր Աստուծոյ:
Ի վերջոյ, հաւատացեալները նաեւ առիթը ունեցան սերտելու Պօղոս Առաքեալի կողմէ գրուած Գաղատացիներուն ուղղուած նամակի այն բաժինը, ուր Առաքեալը կÿանդրադառնայ Սուրբ Հոգիի պտուղներուն, որ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կոչուած է այդ պտուղները տալու, որպէսզի առաւել եւս նմանի Քրիստոսի:
Թող այս սերտողութիւնները ըլլան առիթ իւրաքանչիւրին, որպէսզի Աստուծոյ խօսքը իբրեւ լոյս եւ ճռագ առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի բարին եւ խաղաղութիւն:
Յաջորդ սերտողութիւնները կը վերսկսին Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի, Սեպետեմբեր 12, 13, 14 օրերուն: