Թեմ
Հրապարակված է: 03/06/2025
Սոյն թուականի Փետրուար 28-ին, Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանի «Արմէն Համբար Սրահ»ի մէջ տեղի ունեցաւ բացառիկ յոյշ երեկոյ մը նուիրուած՝ նշանաւոր հայ բանաստեղծ Զարեհ Եալտըզճեանի (Զահրատ-ի) ծննդեան 100 ամեակին։ Երեկոյի գլխաւոր բանախօներն էին Դոկտոր Արտեմ Սարգսեան եւ Դոկտոր Յակոբ Այնթապլեան։ Ձեռնարկին ներկայացուեց Զահրատի «Հատընտիր» նոր հրատարակութիւնը որ լոյս տեսաւ համագործակցութեամբ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի, Երեւանի Ե․ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի, եւ մեկենասութեամբ Տքտ․ Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեանների։
Գրքի մէջ զետեղուած է նաեւ Զահրատի մասին նշանաւոր հայերի բնութագրականներ, ինչպէս օրինակ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի հետեւեալ տողերը։
ԵՐԳԷ ՄԻՇՏ ԼԱՒՆ ՈՒ ԲԱՐԻՆ
Փոկրիկ պտոյտ մը կատարեցի Զարհատի «Մեծ քաղաք»ին մէջ։ Աչք մը պտտցուցի իր զանազան թաղերուն մէջ։ Բացի վերջին էջը, կարդացի իրերայաջորդ Զահրատներու պատկերը։ Հասայ իրեն։ Ուրախացայ որ ինք չէ տեսեր Զահրատ Առաջինի ո՛չ թագը եւ ոչ ալ գահը։ «Եկեր է ու կերթայ այսպէս – որու ինչ»։ Չախորժեցայ։ Ուզեցի ջնջել այդ տողը եւ իմ կողմէ աւելցնել․
«Եկեր եմ, կ’ապրիմ, գրիչս կը սրեմ
Շողերով լոյսի, շաղերով յոյսի,
Որ մեծ քաղաքին մէջ երբ անգամ մ’ալ
Ժուր գալու ելլեմ, չտեսնեմ լոկ ցաւ
Չխայթուիմ լուէն, անոր բողոքէն,
Ես որ ոչ ոքի դէմ կը պահեմ քէն»։
Այո՛, սիրելի Զահրատ, ապրէ՛ ու երգէ՛ միշտ լաւն ու բարին։
ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ)