Նվիրաբերել

Մեծ Պահքը՝ Դուռն Է Կեանքի «Զի Արդ Ժամ Իսկ Է Ի Մեզ Ի Քնոյ Զարթնուլ»: (Հռ 13:11)

Թեմ

Հրապարակված է: 02/25/2025


ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ՝ ԴՈՒՌՆ Է ԿԵԱՆՔԻ «Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»: (Հռ 13:11)

ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ՝ ԴՈՒՌՆ Է ԿԵԱՆՔԻ

«Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»: (Հռ 13:11)

Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան սեմին ենք եւ պարտ ենք մեր մտածումներն ու յոյզերը կեդրոնացնելու աղօթքի վրայ, որպէսզի մեր էութեան մէջ ծնունդ տանք նոր կեանքի արշալոյսին: Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը դէպի Յարութեան խորհուրդին տանող անբացատրելի խորհուրդ մը կը կրէ իր մէջ: Բաւական է, որ տրամադրենք մենք մեզ աղօթքի ու պահեցողութեան բարեպաշտական կենցաղին, յանձնառու ըլլաով ողջ էութեամբ մնալու Աստուծոյ պահապան ձեռքերուն մէջ եւ ապա տակաւ առ տակաւ մեր մէջ գտնելու նոր մարդը: Այս յանձնառութեամբ ինքստինքեան կը բանանք մեր սիրտը առ Աստուած անկեղծ խոստովանութեամբ, որպէսզի հոգով ու սրտով սրբուած դիմաւորենք Յարուցեալ Տէրը:

Բոլորս ալ անխտիր ունինք աստուածատուր շնորհը՝ «ի քնոյ արթննալու», որպէսզի Աստուած հոգայ մեր կարիքները:

Ինչպէ՞ս պիտի իմաստաւորենք Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը մեր հաւատքի կեանքին մէջ: Պարզ բառերով պարտ ենք նմանակից դառնալ Քրիստոսի եւ կեանքը լեցնել Քրիստոսի Աւետարանէն ճառագայթող պատգամներով, որոնք երբ կեանքի կը կոչենք, ապա կը լուսաւորենք մեր ներաշխարհը: Ուրեմն, օր առ օր կարդանք գէթ պատգամ մը Քրիստոսի Աւետարանէն եւ այն դարձնենք մեր հոգու աղօթքը: Այնուհետեւ օրուայ ընթացքին անընդհատ կրկնենք այն, մինչեւ որ նոյն պատգամը խառնուի մեր հոգեւոր արեան մէջ: Կարդանք օրինակ Պօղոս Առաքեալի այս խօսքը առանց ընդհատումի եւ քիչ յետոյ պիտի զգանք, որ արդէն աղօթք ու ներշնչում է դարձած, մեր կեանքին տալով նորովի  հայեացք մը.- «Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»:

Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւրս իւրովի խորհրդածութեամբ լսենք ու ըմբռնենք Առաքեալին պատգամը: Մեր մէջ փնտռենք Աստուծոյ կողմէ մեր էութեանը խորքին ներդիր շնորհը՝ աղօթքի զօրութեամբ։ Ուրեմն, վերցնենք մեր առաջին քայլը՝ Պահք բռնելու եւ աղօթք կատարելու, որպէսզի քայլենք Քրիստոսի հետ: 

Մեր այս խօսքը ներածական մըն է Մեծ Պահքի սեմին կանգնած քրիստոնեայ հաւատացեալին համար: Ուրեմն, մուտք գործենք Մեծ Պահքի դռնէն ներս եւ յարատեւ ու անյոգնաբեկ աղօթքով քայլենք մինչեւ հոն ուր մեզ դիմաւորողը պիտի ըլլայ Աստուածորդին՝ Քրիստոս: 

Օրհնութեամբ՝

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

Փետրուար 2025


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները