Թեմ
Հրապարակված է: 02/25/2025
ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ՝ ԴՈՒՌՆ Է ԿԵԱՆՔԻ
«Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»: (Հռ 13:11)
Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան սեմին ենք եւ պարտ ենք մեր մտածումներն ու յոյզերը կեդրոնացնելու աղօթքի վրայ, որպէսզի մեր էութեան մէջ ծնունդ տանք նոր կեանքի արշալոյսին: Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքը դէպի Յարութեան խորհուրդին տանող անբացատրելի խորհուրդ մը կը կրէ իր մէջ: Բաւական է, որ տրամադրենք մենք մեզ աղօթքի ու պահեցողութեան բարեպաշտական կենցաղին, յանձնառու ըլլաով ողջ էութեամբ մնալու Աստուծոյ պահապան ձեռքերուն մէջ եւ ապա տակաւ առ տակաւ մեր մէջ գտնելու նոր մարդը: Այս յանձնառութեամբ ինքստինքեան կը բանանք մեր սիրտը առ Աստուած անկեղծ խոստովանութեամբ, որպէսզի հոգով ու սրտով սրբուած դիմաւորենք Յարուցեալ Տէրը:
Բոլորս ալ անխտիր ունինք աստուածատուր շնորհը՝ «ի քնոյ արթննալու», որպէսզի Աստուած հոգայ մեր կարիքները:
Ինչպէ՞ս պիտի իմաստաւորենք Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը մեր հաւատքի կեանքին մէջ: Պարզ բառերով պարտ ենք նմանակից դառնալ Քրիստոսի եւ կեանքը լեցնել Քրիստոսի Աւետարանէն ճառագայթող պատգամներով, որոնք երբ կեանքի կը կոչենք, ապա կը լուսաւորենք մեր ներաշխարհը: Ուրեմն, օր առ օր կարդանք գէթ պատգամ մը Քրիստոսի Աւետարանէն եւ այն դարձնենք մեր հոգու աղօթքը: Այնուհետեւ օրուայ ընթացքին անընդհատ կրկնենք այն, մինչեւ որ նոյն պատգամը խառնուի մեր հոգեւոր արեան մէջ: Կարդանք օրինակ Պօղոս Առաքեալի այս խօսքը առանց ընդհատումի եւ քիչ յետոյ պիտի զգանք, որ արդէն աղօթք ու ներշնչում է դարձած, մեր կեանքին տալով նորովի հայեացք մը.- «Զի արդ ժամ իսկ է ի մեզ ի քնոյ զարթնուլ»:
Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւրս իւրովի խորհրդածութեամբ լսենք ու ըմբռնենք Առաքեալին պատգամը: Մեր մէջ փնտռենք Աստուծոյ կողմէ մեր էութեանը խորքին ներդիր շնորհը՝ աղօթքի զօրութեամբ։ Ուրեմն, վերցնենք մեր առաջին քայլը՝ Պահք բռնելու եւ աղօթք կատարելու, որպէսզի քայլենք Քրիստոսի հետ:
Մեր այս խօսքը ներածական մըն է Մեծ Պահքի սեմին կանգնած քրիստոնեայ հաւատացեալին համար: Ուրեմն, մուտք գործենք Մեծ Պահքի դռնէն ներս եւ յարատեւ ու անյոգնաբեկ աղօթքով քայլենք մինչեւ հոն ուր մեզ դիմաւորողը պիտի ըլլայ Աստուածորդին՝ Քրիստոս:
Օրհնութեամբ՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի
Փետրուար 2025