Նվիրաբերել

Բարձրաշնորհ Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Գտնուեցաւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարքի Ընդունելութեան Արարողութեան

Թեմ

Հրապարակված է: 02/13/2025


ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ 7 Փետրուարի երեկոյեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ ընդհանուր փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վրդ. Աբգարեանի ներկայ գտնուեցաւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Մար Աւա Գ Ռոյելին ընդունելութեան պաշտօնական արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի Արեւելքի Ասորի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Յատնենք, թէ Ն.Ա. Պատրիարք Մար Աւա Գ Պատրիարքը անցեալ տարի այցելած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ հանդիպում ունեցած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հետ: 

Սրբազան Հայրը յանուն Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին բարի գալուստ եւ ծաղկուն առաքելութիւն մաղթեց Ամենապատիւ Պատրիարքին, որ հովուական այցելութեամբ ժամանած էր Լոս Անճելըս: 

Դիւան Առաջնորդարանի 

10 Փետրուար, 2025


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները