Նվիրաբերել

Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով Եւ Նախագահութեամբ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանին Պաշտօնական Բացումը Կատարուեցաւ «Արիս Ստամպուլեան» Սրահին

Թեմ

Հրապարակված է: 02/12/2025


ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՐՁՐԱՇՆՈՐՀ  ՏԷՐ ՅՈՎՆԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ  «ԱՐԻՍ ՍՏԱՄՊՈՒԼԵԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ

Նախագահութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեանին, Շաբաթ 8 Փետրուարի երեկոյեան պաշտօնական ընթրիքի ընթացքին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Թեմի ծուխերէն Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից կառուցուած «Արիս Ստամպուլեան» նոր սրահին: Արտասանուած բացման խօսքերէն ետք պաշտօնական ընթրիքի հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով եւ պաշտօնապէս բաց յայտարարուցաւ Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վրդ. Աբգարեանի աղօթքով: Ընթրիքի ընթացքին պաշտօնական խօսքերով հանդէս եկան Ծխական խորհուրդի եւ յարակից մարմիններու ներկայացուցիչները: ի շարս հրաւիրեալներու, Սրբազան Հօր կողքին կը գտնուէին նոր սրահի բարերար Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժէլա Ստամպուլեաններ, եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի անդամները եւ յարակից կառոյցներու պատասխանատուները եւ հրաւիրեալներ: 

Հանդիսութեան ընթացքին հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն առաքուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Օրհնութեան Գիրը: Անդրադառնալով Քոստա Մեսայի համայնքին, Նորին Սրբութիւնը Իր Օրհնութեան Գիրին մէջ բարձր գնահատեց անոր զաւակներուն հաստատուն հաւատքն ու յանձնառութիւնը ունենալու իրենց սեփական եկեղեցին, որուն ներքոյ պիտի կազմակերպուէր համայնքի հոգեւոր ու ազգային կեանքը  եւ հաւատարմօրէն պահուէր մեր Եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի դարաւոր աւանդութիւնները: «Այսօր եւս պատմական օր է Քոտա Մեսայի ծուխի համար, քանզի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին օժտուում է նորակառոյց սրահով, որը նոր հնարաւորութիւններ է ստեղծելու հոգեւոր, կրթական ու մշահութային ծրագրերի իրականացման համար եւ նպաստելու է համայնքային կեանքին առաւել աշխուժացման» շեշտեց Հայոց Հայրապետը Իր Գիրին մէջ: Քոստա Մեսայի համայնքի նորակառոյց սրահի շինութեան առթիւ Վեհափառ Հայրապետը մասնայատուկ կերպով գնահատեց Բարերար Տիար Արիս Ստամպուլեանի վստակն ու բարերարութիւնը յօգուտ մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան ու համայնքային կեանքի բարօրութեան։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ Իր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը յղեց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտրեանին եւ ծուխի հաւատաւոր զաւակներուն: Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը յորդորեց, որ Թեմի զաւակները շարունակեն նոյն սիրով ու պատրաստակամութեամբ հետամուտ ըլլալ բարի գործերու եւ եկեղեցաշէն ազգօգուտ ձեռքբերումներով առաւել պայծառացնելու համայնքային կեանքը: 

Իր փակման խօսքին մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեան յայտնեց, թէ՝ Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից կառուցուած նոր սրահին շինութիւնը համայնքի երկար տարիներու երազն էր եղած, որ իրականացաւ շնորհիւ համայնքի աննկուն հաւատքին եւ մանաւանդ Տիար Արիս Ստամպուլեանի ազնուասիրտ նուիրատուութեան: Սրբազանը վերյիշեց գաղութի տեսլապաշտ եկեղեցանուէր ու հաւատաւոր անձանց, յանձինս Չիւան Քալֆայի, Անդրանիկ Չորայեանի, Փոլ Խաչիկեանի ու Դոկտ. Վահրամ Պէրէճիքի, որոնք հեռանկարն ունեցան համայնքի կազմութեան: Սրբազան Հայրը վեր առաւ նաեւ նախկին հովիւ Տէր Մուշեղ Աւագ Քահանայ Թաշճեանի, Ծխական խորհուրդներու եւ յարակից մարմիններու նուիրեալ ծառայութիւնը: Սրբազանը գոհունակութեամբ յայտարարեց, թէ՝ վերջին տարիներուն եկեղեցին իր առաքելութեան սահմանները ընդարձակեց յարակից նոր կառոյցներով եւ անձնուրաց ծառայութեամբ։

Առաջնորդ Սրբազանը աւելցուց ըսելով.- «Այսօր Ձեզի կը ներկայանանք երախտապարտ սիրտով ու խոնարհ հոգով, բայց մանաւանդ փառք տալով Աստուծոյ, որ ձեռք-ձեռքի տալով իրականացուցինք երազը եկեղեցւոյ կից հաստատուած նոր կառոյցներուն, որոնք իրօք անհրաժեշտ են առաւել ընդարձակելու համար եկեղեցական եւ ազգային առաքելութեան սահմանները, գալիք սերունդներու հոգիներուն մէջ ներդնելու համար նպատակ՝ ապրելու հայոց ինքնութեան սրբազան նկարագրով»: Սրբազանը Հայրը դիտել տուաւ, թէ համայնքի մը կեանքին մէջ իւրաքանչիւր հանգրուան նոր սկիզբ մըն է նոր ծրագրեր ձեռնարկելու եւ  պատասխանելու ժամանակի հրամայականին:

Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կից կառուցուած «Արիս Ստամպուլեան» նոր սրահին բացման առիթով Բարեջան Առաջնորդը բարձր գնահատեց բարերար Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժէլա Ստամպուլեանները, որոնք, Սրբազանին բառերով, պատասխանեցին Աստուծոյ կանչին եւ դարձան եկեղեցւոյ ու համալիրի մեծագոյն բարերարը: Սրբազան Հայրը Մեծարգոյ Արիս Ստամպուլեանը արժանացուց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Pillar-ի պատիւին։ Վերջապէս, Բարեջան Առաջնորդը իր շնորհաւորանքը  յայտնենք անխտիր բոլորին իրենց հաւաքական աղօթքին, անսակարկ նուիրումին ու նուիրաբերութեան համար: 

Սրբազան Հայրը այս առթիւ նաեւ գնահատեց Ծխական խորհուրդն ու ատենապետ՝ Տիար Մարք Աստուրեանը, տիկնանց միութիւնն ու յարակից բոլոր մարմինները: Տիար Մարք Աստուրեան Սրբազան Հօր կողմէ արժանացաւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Պատուոյ Կնքահայրի կոչումին։ Ապա Սրբազանը դրուատեց նոր կառոյցներու շինութեան յանձնախումբը, ատենապետութեամբ Մարք Աստուրեանին, շինարարական յանձնախուբը՝ ատենապետութեամբ Թոնի Մարգարեանին, նուիրահաւաքի յանձնախումբը՝ ատենապետութեամբ Տիար Բիւզանդ Զորոյեանին, եւ այս բոլորի ոգին ներշնչող ճարտարապետ Արամ Պասենեանը, որուն ներդրումը բարձրօրէն կը գնահատելի է: Սրբազանը իր խօսքին մէջ ի մասմաւորի յիշատակեց նոր համալիրի գլխաւոր նուիրատուն Տիար Մեղրունին: 

Պաշտօնական ընթրիքի աւարտին Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ՝ Հոգեշնորհ Տէր Երեմիա Վարդապետ Աբգարեանը նշանակած է Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հովիւի պատասխանատու պաշտօնին, զոր պիտի կատարէ զուգահեռաբար պահելով իր Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնը։ Հայր Սուրբին պարտականութիւնն ու յանձնառութիւնը պիտի ըլլայ պատրաստել ոչ միայն Քոստա Մեսայի յառաջիկայ հոգեւոր հովիւը, բայց ընդհանրապէս պատասխանատուն  դառնալ Թեմէն ներս հովուական պաշտօնին համար ի նկատի առնուած թեկնածուները հոգեւոր հովիւի պաշտօնին: 

Սրբազան Հայրը համայնքի զաւակներուն կոչ ուղղեց համախմբուելու Հայր Երեմիայի շուրջ, որ իր հոգեւորականի կոչման բարձր գիտակցութեամբ, որպէս նուիրեալ հոգեւորական, միաբան Սուրբ Էջմիածնի պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը մատուցանել Արեւմտեան Թեմէն ներս: 

Աւարտին, Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս շնորհաւորեց բոլորը, եւ մաղթեց, որ Սուրբ Մարիամ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին իր նոր կառոյցներով մնայ հաստատուն ու բարգաւաճ ի փառս Աստուծոյ: 

Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նոր սրահը իր բոլոր սարքաւորումներով եզակի կառոյց մըն է, որ պիտի համախմբէ համայնքի զաւակները եւ սատար հանդիսանայ Օրէնճ Քաունթիի հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային առաքելութեան ծաղկման եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման ամրապնդման:

Դիւան Առաջնորդարանի

Փետրուար 12, 2025

 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները