Թեմ
Հրապարակված է: 01/17/2025
Շաբաթ 11 Յունուարի կէսօրին, հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեանին տեղի ունեցաւ Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նոր սրահի պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը: Սրահի շինութիւնը համայնքի երկար տարիներու երազն էր, որ իրականացաւ շնորհիւ համայնքի աննկուն հաւատքին եւ միասնականութեան եւ Տէր եւ Տիկին Արիս Ստամպուլցեանի ազնուասիրտ նուիրատուութեան: Բացման հանդիսութեան ընթացքին արտասանուած խօսքերուն ընդմէջէն վեր առնուեցան հաւաքական աշխատանքի կարեւորութիւնը, սրահին համայնքի զաւակները համախմբելու հրամայականը, Օրէնճ Քաունթիի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշահութային արժէքներու պահպանութեան առաքելութեան ամրապնդումը եւ ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն համար բոլորին ընկերային միջավայրի վերածելու անհրաժեշտութիւնը:
Սրբազան Հայրը գնահատեց Ծխական Խորհուրդի անդամները ատենապետութեամբ Մարք Ասատրեանին, շինարարական յանձնախումբը ատենապետութեամբ Տիար Արամ Բասէնեանին, կառուցման յանձնախումբի ատենապետ Տիար Թոնի Մարգարեանը, նուիրահաւաքի յանձնախումբի ատենապետ Տիար Բիւզանդ Զորայեանը եւ բոլորի հաւաքական ճիգը, մասնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներ Տէր եւ Տիկին Արիս Ստամպուլցեանին: Բարձրաշնորհ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ սրահին դռներուն հետ մեր առջեւ բացուին հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ դռները, մեզ առաջնորդելով դէպի փայլուն ապագայ:
Համայնքի զաւակներուն ուղղելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը ըսաւ.- «Եկէք, բոլորս ալ վերանորոգ կամքով շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնը դաստիարակելու մեր զաւակները եւ ապագայ սերունդները հայ շունչով ու հայ ոգիով, անոնց աչքերը սեւեռելով դէպի Հայաստան եւ Մայր Եկեղեցի»:
Աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդը աղօթք բարձրացուց առ Ամենաբարին Աստուած, խնդրելով, որ Քոստա Մեսայի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին Եկեղեցւոյ նոր կեդրոնի բացումով առաւել ուժ ու կորով պարգեւէ համայնքի բոլոր զաւակներուն: Ան մաղթեց, որ Աստուած վարձահատոյց ընէ բոլորը ու պայծառ օրեր պարգեւէ Արեւմտեան Թեմի հովանիին ներքոյ ապրող ու գործող հայահոծ բոլոր ծուխերուն, եկեղեցիներուն ու յարակից բոլոր մարմիններուն:
Դիւան Առաջնորդարանի
Յունուար 14, 2025