Թեմ
Հրապարակված է: 01/17/2025
Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին, Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատացեալները մեծ խնդութեամբ եւ ակնածանքով նշեցին Եկեղեցւոյ օծման 13-րդ տարեդարձը: Առիթը առաւել եւս նշանակալի ու հանդիսաւոր դարձաւ Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արք. Տէրտէրեանի ներկայութեամբ, որ մատուցեց օրուայ Սուրբ եւ անմահ պատարագը: Անապատի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ Բարեշնորհ Գէորգ Սրկ. Գէորգեան, Ծխական խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ Թեմական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Վարուժան Նազիրեանի ու հաւատացեալները ողջունեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր ժամանումը եւ իրենց որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայրական հոգածութեան եւ խնամքին համար:
Սուրբ Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ տօնական ճաշկերոյթ կազմակերպութեամբ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, որու ընթացքին Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Անապատի Սուրբ Կարապետ Հայաստնեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդն ու հաւատացեալները, որոնք հաւատարմութեամբ եւ նուիրումով սատար կը հանդիսանան Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծաղկման:
Այս ուրախ առիթը կրկնապատկուեցաւ երբ յայտարարուեցաւ Եկեղեցւոյ կալուածի գնման ու կառուցման պարտքի ամբողջական փակումը, որ շօշափելի արտայտյտութիւնն էր ծխայիններու հաւաքական ու ամուր հաւատքին, առատաձեռնութեան, եւ հոգեւոր տան նկատմամբ անոնց խոր նուիրուածութեան: Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան իր սրտաբուխ երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր բարերարներուն ու հովանաւորներուն, որոնք իրենց անվերապահ աջակցութեամբ ու ներդրումով մեծապէս նպաստեցին բոլորի համայնական տեսլականի իրականացման:
Թեմական խորհուրդի Ատենապետ եւ Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ Ատենապետ Տիար Վարդան Նազիրեան իր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնեց Ծխական Խորհրդին եւ Տիկնանց Միութեան անդամներուն՝ իրենց նուիրումին եւ անխոնջ քրտնաջան աշխատանքին համար։ Ան դրուատեց համայնքի հաստատակամ աջակցութիւնն իսկապէս իրականացած տեսնելու բոլորի սեփական Եկեղեցի ունենալու տեսլականը, որ որպէս ամուր ու հաստատուն հիմք պիտի պահպանէ գալիք բոլոր սերունդները։
Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանը հաւատացեալներուն ներկայացուց յայտնի գիտնական Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը, որ նշանակուած է Թեմի երկարաժամկէտ նորարարական ծրագիրներու տնօրէն: Դոկտ․ Չիլինկիրեանը դիմեց ծխականներուն եւ հիւրերուն` ներկայացնելով նորարարութեան նոր չափանիշներներն ու ծրագիրները Արեւմտեան Թեմի բոլոր համայնքներուն համար:
Ապա, Անապատի Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ Մատակարար Հովիւ Բարեշնորհ Գէորգ Սրկ. Գէորգեան անդրադարձաւ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ օծման խոր նշանակութեան՝ ընդգծելով, որ Եկեղեցին բոլորը կը հրաւիրէ վերափոխելու իրենց սրտերը, ամրապնդելու իրենց յարաբերութիւնները Աստուծոյ հետ եւ խորացնելու մեր մէջ առաքելութեան ու ծառայութեան ըմբռնումն ու վերաբերմունքը:
Հանդիսութեան նուիրական պահերէն էր Բարձրաշնորհ Սրբազան Հօր ձեռամբ Անոյշ Աւագեանին, Շաքէ Բազերկանեանին, Յասմիկ Առաքելեանին եւ Մեդիք Եարիջանեանին «Hye Spirit» մրցանակի շնորհումը։ Երեւելի այս անհատները անցնող տարիներու ընթացքին յատկանշուեցան Եկեղեցւոյ ու համայնքին նկատմամբ իրենց օրինակելի ծառայութեամբ եւ անմնացորդ նուիրումով: Անոնց անխոնջ ջանքերն ու ներդրումը խորապէս հարստացուցին Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ կեանքը՝ ծառայելով որպէս հաւատքի, նուիրուածութեան եւ միասնութեան օրինակելի տիպարներ բոլորին համար:
Յայտագրի գեղարուեստական ընթացքին Դաւիթ Սարկաւագ Գէորգեանը հայկական աւանդական տուտուկին վրայ Կոմիտասեան հոգեւոր ու ժողովրդական երգեր կատարեց՝ ոգեւորելով հանդիսատեսները:
Հանդիսութեան աւարտին բոլորին սրտերը լեցուած էին հրճուանքով եւ հպարտութեամբ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցը, որ լի էր օրհնութիւններով, քաջալերանքով եւ հոգեւոր ուրախութեամբ, իր օրհնեալ ու նուիրական տեղը գրաւեց Սուրբ Կարապետ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու սրտերուն մէջ եւ հրաւէր մը հանդիսացաւ բոլորին շէն ու պայծառ պահելու Հայ Եկեղեցին, որ խարիսխն է մեր հաւատքին եւ երաշխիքը մեր յաւերժ գոյերթին։
Դիւան Առաջնորդարանի
Յունուար 14, 2025