Թեմ
Հրապարակված է: 01/10/2025
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Ափի Սիրեցեալ Մեր Զաւակներուն
Սիրելի հարազատներ,
Մտահոգութեամբ կը հեւեւինք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Նահանգներէն Լոս Անճելըսի զանազան շրջաններուն մէջ սոսկալի հրդեհներուն պատճառած ահաւոր վնասները եւ հայահոծ քաղաքներու ներկայ կացութիւնն ու պատկերը:
Աստիճանաբար ի յայտ կու գան, թէ` որքան բռնկացող հրդեհներուն պատճառած աւերները աննկարագրելի են, որոնք հիմնայատակ կործանեցին Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ քրիստոնեայ ամենօրեայ վարժարանը, հրոճարակ դարձուցին հսկայ տարածքներ, վտանգեցին հազարաւոր մարդկանց կեանքերը, կործանեցին հազարաւոր բնակարաններ, դպրոցներ ու գործարաններ:
Ցաւօք սրտի, բազմաթիւ հայեր հրդեհներուն պատճառով կորսնցուցին իրենց բնակարանները եւ ստիպուած ապաստան գտան համեմատաբար ապահով շրջաններ:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտրեան մօտէն կը հետեւի Լոս Անճելըսի աղէտին պատճառած վնասներուն եւ հայահոծ շրջաններու համայքներու իրավիճակին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ ամենօրեայ վարժարանի կործանման դժբախտ պատահարի իմացումէն ետք, անմիջապէս կապ հաստատեց դպրոցի խնամակալութեան հետ, եւ շնորհիւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տրամադրած Փասատինայի նախկին դպրոցին, այժմ անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին նշեալ շէնքին մէջ դիմաւորելու հրկիզուած վարժարանի սիրեցեալ մեր աշակերտները:
Սրբազան Հայրը մնայուն կապի մէջ է աղետի շրջաններու ծխական համայնքներու հովիւներու հետ, յատկապէս Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեանի եւ Փասիֆիկ Փալըսեյտզի ու Մալիպուի շրջանի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Յարութիւն Քհնյ. Թաշճեանի հետ:
Քահանայ հայրերը գոհունակութեամբ յայտնեցին, որ առայսօր մարդկային վնասներ չկան, սակայն, ցաւօք բացայայտեցին, թէ՝ համայնքի զաւակներէն շատեր իրենց բնակարանները կորսնցուցած են եւ այժմ իջեւանած հիւրանոցներու մէջ կամ հարազատներու մօտ:
Հոգեւորականները եւ ծխական խորհուրդները աջահցութեան ձեռք կը մեկնեն եւ ըստ կարելւոյն ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն օգնութեան հասնելու համայնքի զաւակներուն, ձեռնարկելով աջակցութեան զանազան միջոցներ:
Բնութեան այս աղէտին ու նիւթական վնասներուն համար Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթակից ու ցաւակից է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ Արեւմտեան Թեմին անունով իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ բոլորին, հայրաբար աղօթելով բոլորի ապահովութեան ու պահպանութեան համար: Սրբազան Հայրը բարձր կը գնահատէ բոլորի անվերապահ ճիգերն ու մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնութիւնները: Յառաջիկային յաւեւելեալ տեղեկութեանց իրազեկ պիտի պահենք հայ հասարակութեանը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմը այսու իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ բոլորին անխտիր, եւ Առաջնորդարանի ընձեռած կարողութեանց համաձայն թեւթիկունք կը կանգնի մեր ժողովուրդի զաւակներուն:
Դիւան Առաջնորդարանի
Յունուար 10, 2025