Նվիրաբերել

Առաջնորդական Սուրբ Ծննդեան Հանդիսաւիր Պատարագ Մատուցուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

Թեմ

Հրապարակված է: 01/10/2025


ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒԻՐ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ` Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ առաջնորդական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, ուր Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբ. Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան մատուցեց Սուրբ եւ անմահ պատարագը, կատարեց մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը եւ հաւատացեալներուն յղեց իր հայրական պատգամը: Սուրբ Խորանին վրայ, Սրբազան Հօր կողքին առընթերակայ հոգեւորականներն էին Արժանապատիւ Տէր Խաժակ Քահանայ Շահպազեանն ու Արժանապատիւ Տէր Նժդեհ Քահանայ Քէշիշեանը, իսկ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արթիւր Սրկ. Վարդանեանի համատեղութեամբ Մայր Տաճարի Խաչատուրեան երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ Ստեփան Սրկ Գէոզումեաին։

 

Ստուար թիւով հաւատացեալ ժողովուրդի շարքին ներկայ էին նաեւ Լոս Անճելըսի Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսը, Արեւմտեան Թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետն ու անդամները, բարերարներ, եւ պաշտօնական այլ անձինք: Պատարագի ընթացքին Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ հոծ բազմութեան եւ առցանց Սուրբ Պատարագին մասնակցող հաւատացեալներուն ուղղեց Սուրբ Ծննդեան Առաջնորդական պատգամը:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Ծնունդին որպէս հրաւէր քալելու Տիրոջ լոյսով: Եսայի Մարգարէի գիրքէն քաղուած բնաբանին «Եկէ՛ք, Տիրոջ լոյսով քայլենք» (Ես 2.5) շուրջ իր խորհրդածութիւնները կատարելով, Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ «անհատ մարդուն կեանքը, եւ հաւասարապէս քրիստոնեայ հաւատացելոց կեանքը անհնար պիտի դառնայ մշտական զարթօնքի ու արթնութեան ընթացքի մը մէջ հաստատել, եթէ թերանայինք լսել ու անսալ մեզի հասած կանչին, որպէսզի մեր քայլերը դառնային համընթաց Քրիստոսի կեանքին»: Բարձրաշնորհ Սրբազանը բազմահազար բազմութեան իր հայրական պատգամը ուղղելով շարուկաեց ըսելով, թէ՝ «Աստուածորդին երկնքէն երկիր կը խոնարհի բացայայտելու համար աստուածային անսահման սէրը՝ մարդը բարձրացնելու դէպի վեր եւ այս անգամ հաշտեցնելու անոր քայլերը Վարդապետի կեանքին ընթացքին»: Սրբազանը հրաւիրեց բոլորը քաջաբար պատասխանելու Մարգարէի կանչին եւ Արարիչն Աստուած դարձնելու մեկնակէտը իրենց կեանքին, լոյսը՝ բոլորիս  քայլերուն ու կեանքի ճանապարհին առջեւ: Սրբազանը մաղթեց, որ 2025 տարուայ ընթացքին Յիսուսի մարդեղութեան հրաշալի դէպքը «կը նշանաւորէ իւրաքանչիւրիս կեանքը երբ Յիսուսի ծնունդը կը դարձնենք հայելին՝ մեր կեանքին, որ ինքնին նոր հրաւէր մըն է՝ կեանքն ապրելու համամարդկային հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու գիտակցութեամբ, խոհեմութեամբ, որդեգրուած պատգամներու տեսիլքով, հայ քրիստոնեայ ընտանիքը դարձնելով սրբութիւնը մեր կեանքի առաքելութեան հայրական կեանքի կարօտով ու ծառայութեան ոգով»:  Սրբազան Հայրը իր Սուրբ Ծննդեան տօնի պատգամը աւարտեց հրաւիրելով բոլորը Յիսուսի ծնունդը տօնել ճշմարտապէս, ընտրելով Տիրոջ լոյսի ճանապարհը,  որպէսզի խաւարը չխորտակէ մեզի տրուած կեանքը: Քանզի երբ Տիրոջ լոյսով կը քայլենք, ապա կը բարձրանանք առ Աստուած: Այս է միակ ճանապարհը, որ մեզ կը տանի դէպի Մանուկ Յիսուսը, որուն առջեւ իւրքանչիւրս խոնարհած գովաբանութեան եւ օրհնաբանութեան սաղմոսներ երգելով քրիստսնէական ջերմ սիրով զիրար կ՛ողջագուրենք եւ համարձակաձայն կը  յայտարարենք․«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ Օրհնեալ է յայտնութիւնն Քրիստոսի»: Առաջնորդ Սրբազանը նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան առիթներով շնորհաւորեց Թեմական բոլոր կառոյցները, հոգեւորական դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը` աղօթելով, որ մնան միշտ Քրիստոսի ճամբուն հաւատարիմ ուղեւորները:

Պատարագի աւարտին, Հայ Եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, նշուեցաւ նաեւ Քրիստոսի Սուրբ Մկրտութիւնը: «Լոյս ի լուսոյ» հոգեթով շարականին երգեցողութեամբ միւռոնաթափ աղաւնին բարձրացուեցաւ Սուրբ խորան, ուր  ձեռամբ Բարձրաշնորհ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի կատարուեցաւ Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը: Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութեան Խաչի կնքահայրն էր Տիար Յարութիւն Հիլալեան: 

Պատարագէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորած թափօրով հաւատացեալները հաւաքուեցան Առաջնորդարանի Համբար սրահը, ուր ողջունեցին եւ Սուրբ Ծննդեան իրենց սրտագին մաղթանքները փոխանցեցին Առաջնորդին։

Դիւան Առաջնորդարանի

Յունուար 10, 2025 


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները