Թեմ
Հրապարակված է: 12/13/2024
Կիրակի՝ 8 Դեկտեմբեր, 2024-ի յաւարտ Ս․ Պատարագի, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ ջանասիրութեամբ տիկնանց միութեան տեղի ունեցաւ ամանօրեայ հանդիսութիւն ուր մէկտեղուել էին տասնեակ մանուկներ իրենց ծնողներու, տատիկներու եւ պապիկներու հետ միասին, վայելելու համար օրուան գեղեցիկ ու հոգեզմայլ միջոցառումներու շարքը։
Հանդիսութիւնը եւ սիրոյ ճաշի սեղանը բացուեցան Վենթուրա գաւառի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ․ Տ․ Գեւորգ Քհնյ․ Աբեանի աղօթքով եւ օրհնութեան խօսքով։
Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին թէ՛ Նոր տարուան եւ թէ՛ Սուրբ Ծննդեան խորհուրդներուն բնորոշ ազգային զանազան երգեր, պարեր եւ այլ ելոյթներ։
Ապա ներկաներու եւ յատկապէս մանուկներու խանդավառութիւնը կրկնապատկուեց, երբ յայտնուեց բոլորի կողմէ սիրուած հեքիաթային կաղանդ պապիկն իր տօնական նուէրներով։
Խանդավառ տօնական միջոցառումը լի բազում անկնկալներով, խաղերով եւ երգ ու պարով շարունակուեց մինչեւ երեկոյ։
Դիւան Առաջնորդարանի