Նվիրաբերել

Արեւմտեան Թեմի Քահանայութեան Թեկնածուներու Ամառնայի. Ուղեւորութիւններն Ու Ստնաձնած Պաշտօնները

Թեմ

Հրապարակված է: 06/21/2024


ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵԱՆ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻ. ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ՍՏՆԱՁՆԱԾ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐԸ

Այսու գրով մեր ժողովուրդի զաւակաց կը յայտնենք, թէ` տնօրինութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տէր Յովնան Սրբազան Արք. Տէրտէրեանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան չորս թեկնածուներ ամռան շրջանին պիտի ստանձնեն զանազան պաշտօններ եւ ձեռք ձգեն նոր փորձառութիւններ:
 
Կարէն Սարկաւագ Համամճեան, որ անցեալ ամիս Սուրբ Ներսէս Ընծայարանէն ներս վկայուեցաւ աստուածաբանական Մագիստրոսի վկայականով, այս ամառ հովանաւորութեամբ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան, երկու ամիսներու հովուական փորձառական շրջան մը պիտի բոլորէ Գնալը կղզիէն ներս: Սոյն ծրագիրը մշակուած է Սուրբ Ներսէս Աստուածաբանական ընծայարանին կողմէ։
 
Զարեհ Միրզոյեան, որ Թեմի քահանայութեան որպէս թեկնածու Ս․ Ներսէս Ընծայարանէն ներս կը շարունակէ իր աստուածաբանական ուսումնակրթական ծրագիրը, այս ամառ հովուական փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգէ այցելելով Լոս Անճէլըսի County General հիւնդանոց:
 
Արին Պարսանեան, որ Թեմի քահանայութեան որպէս թեկնածու Ս․ Ներսէս Ընծայարանէն ներս կը շարունակէ իր աստուածաբանական ուսումնակրթական ծրագիրը, այս ամառ պիտի մեկնի Հայաստան եւ հովուական ծառայութիւն մատուցանէ Արցախահայ փոքրիկներուն (Microsoft word and Excel):
 
Կարօ Պոյաճեան, որ Թեմի քահանայութեան որպէս թեկնածու Ս․ Ներսէս Ընծայարանէն ներս կը շարունակէ իր աստուածաբանական ուսումնակրթական ծրագիրը, այս ամառ իր գործնական մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արեւմտեան Թեմի 2024 տարեշրջանի ամառնային ճամբարներու աշխատանքներուն:
 
Սրբազան հօր տնօրինութեամբ, վերոնշեալ քահանայութեան թեկնածուներու ստանձնած պաշտօններն ու կատարելիք ուղեւորութիւնները գործնական փորձառութիւններու ձեռքբերման բացառիկ առիթներ պիտի հանդիսանան անոնց համար:
 
Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները