Թեմ
Հրապարակված է: 05/23/2024
Ուրբաթ, Մայիս 17-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի ամավերջի հանդէսը, բարձր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան Թեմերու Թեմակալ Առաջնորդներուն, Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանին: Սրբազան Հայրերը համանախագահներն են Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի հոգաբարձական խորհուրդին: Նախքան հանդիսութիւնը, Առաջնորդ Սրբազաններու նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Ընծայարանի Տեսուչ Արժ. Տէր Մարտիրոս Աւագ Քհնյ. Չեւեանի, հոգաբարձական խորհուրդի անդամներուն, ուսուցչական կազմին, շրջանաւարտ ուսանող Բարեշնորհ Կարէն Սարկաւագ Համամճեանի հարազատներուն եւ Ընծայարանի ուսանողութեան կատարուեցաւ Երեկոյեան ժամերգութիւն Սուրբ Յակոբ Մատրան մէջ: Ապա ամավերջի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ընծայարանի Մատենադարանին մէջ: Հանդիսութեան սկիզբը բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ընծայարանի Տեսուչ Արժ. Տէր Մարտիրոս Աւագ Քհնյ. Չեւեան, որ երկու Առաջնորդ Սրբազաններուն եւ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ներկայացուց Ընծայարանի անցնող տարեշրջանի գործունէութեան ամփոփ մէկ պատկերը, անդրադառնալով անոր կրթական-ուսումնական, հոգեւոր-եկեղեցական, մշակութային, գրական, առօրեայ՝ ներքին եւ արտադասարանային կեանքին:
Ամավերջի հանդէսի ցնծալի մթնոլորտի մէջ հանդիսաւորապէս կատարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածու Բարեշնորհ Կարէն Սարկաւագ Համամճեանի վկայականի յանձնումը, որ հրճուանքի, հպարտութեան եւ համայնական ուրախութեան ակնավայել տեսարան մը կը պարզէր բոլորին առջեւ: Կարէն Սարկաւագ Համամճեան Սուրբ Ներսէս Ընծայարանէն ներս ուսմնառութեան եռամեայ ծրագիրը եւ Սուրբ Վլատիմիր Ուղղափառ աստուածաբանական համալսարանի բարձրագոյն ուսումը աւարտելով, որպէս արժանաւոր ուսանող արդարապէս կ՛արժանանայ աստուածաբանական Մագիստրոսի վկայականին:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիսութեան աւարտին իր սրտի գոհունակութիւնն ու հպարտութիւնը յայտնեց Արեւմտեան Թեմի քահանայութեան թեկնածու՝ Կարէն Սարկաւագ Համամճաեանի Սուրբ Ներսէս Ընծայարանէն ներս ուսմնառութեան եռամեայ ծրագիրը եւ Սուրբ Վլատիմիր Ուղղափառ աստուածաբանական համալսարանի բարձրագոյն ուսումը աւարտելուն եւ Մագիստրոսի աստուածաբանական վկայականին արժանանալու ուրախ առիթով:
Անդրադառնալով Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի եզակի առաքելութեան, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կրթական այս կառոյցի առանձնայատուկ առաքելութեան, որ հոգելոյս Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեանի տեսլականը լիովին արդարացնելով, իր հիմնադրութենէն ասդին մեծ դեր է ունեցած հոգեւորականներու պատրաստութեան գործին մէջ: Սրբազանը պարծանքով յայտարարեց, որ Արեւմտեան Թեմը այլ չորս քահանայութեան թեկնածուներ առաքած է Ընծայարան եւ յայտնեց, թէ՝ յառաջիկայ շրջանին հաւանական այլ թեկնածուներ եւս պիտի առաքուին: Սրբազանը անհրաժեշտ համարեց Արեւմտեան Թեմէն ներս Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի մնայուն գրասենակի հաստատումը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ Թեմի բոլոր համայնքները ծանօթացնել հոգեմտաւոր այս եզակի հնոցին, անհրաժեշտ տեղեկութիւններ հայթաթյել անոր ուտումնակրթական ծրագրի մասին եւ նոր թեկնածուներու արձանագրութիւնները կատարել:
«Կը հաւատանք, որ մեր հաւատացեալները արժանի են ունենալ լաւագոյն հոգեւորականները, որոնք հաւատքով, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, խոնարհութեամբ եւ սիրով պիտի ծառայեն Աստուծոյ ու մեր ժողովուրդի, իրենց կարողութիւններն ու հմտութիւնները ի սպաս դնելով եւ նոր եռանդ բերելով հոգեւոր, հովուական, խնամատիրական, ըմկերային, մշակութային կեանքէն ներս» ըսաւ Սրբազանը:
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան գնահատեց Կարէն Սարկաւագի բազմաթիւ տաղանդներն ու առաքինութիւնները, որու քայլերը Արեւմտեան Թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարէն կամրջուեցան Սուրբ Ներսէս Ընծայարանին հետ, իսկ անոր որոշումն ու ընտրած աստուածահաճոյ ճանապարհը արտացոլացումն է անոր հաւատարմութեան, հաստատակամութեան եւ տոկունութեան եւ հակառակ մարտահրաւէրներուն, սիրելի Կարէն Սարկաւագը յամառօրէն կեդրոնացաւ իր բարձրագոյն ուսման եւ ապագայ ծառայութեան տեսլականին: Սրբազանը յարգանքով յիշեց Կարէն Սարկաւագի հանգուցեալ մօր՝ Անի Քէլէճեան-Համամճեանի երանելի յիշատակը, եւ արեւշատ օրեր մաղթեց հօրը, որոնք յաջողեցան Կարէնի սրտին մէջ սերմանել Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը:
Սրբազանը վստահեցուց, որ Կարէն Սարկաւագի ապագայ ծառայութեան քայլերուն համար իրեն աղօթակից են Արեւմտեան Թեմի հաւատացեալները, աւելցնելով, որ իր յաջողութիւնը պիտի ոգեւորէ նոր նուիրեալ երիտասարդներ, իրենք եւս ընտրելու Աստուծոյ ծառայութեան քաղցր ճանապարհը:
Սրբազանը իր խօսքի աւարտին օրհնեց Սուրբ Ներսէս Ընծայարանը եւ գնահատեց նուիրեալ Տեսուչ՝ Արժ. Տէր Մարտիրոս Աւագ Քհնյ. Չեւեանի կատարած աշխատանքը եւ ձեռք բերած իրագործումները: Շնորհակալութեան խօսք ուղղեց դասախօսներուն, որոնք Տէր Հօր հետ միասին պաշտպաններն ու երաշխաւորներն են Ընծայարանի լուսափայլ ապագային եւ նորանոր նուաճումներուն: Վերջապէս Սրբազան հայրը անդրադառնալով Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի ունեցած լայն առաքելութեան եւ տարողութեան, ըսաւ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգնեյու ընդարձակածաւալ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Թեմերուն համար որքան կարիք կայ խորաթափանց, խոնարհ, շնորհալի եւ բարեգութ հոգեւորականներու շաղախուած աստուածային, աւետարանական եւ մեր պաշտելի Սուրբ Եկեղեցւոյ յաւերժացնող արժէքնեով:
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ մասնաւոր ընդունելութիւն ի պատիւ Կարէն Սարկաւագ Հալաճեանին:
Նիւ Եորք միօրեայ ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիպում մը ունեցաւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանին եւ Սուրբ Ներսէս Ընծայարանի Հոգաբարձական խորհուրդին հետ: