Նվիրաբերել

Գումարուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Տիկնանց Տարեկան Ժողովը

Թեմ

Հրապարակված է: 05/10/2024


ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պատգամաւորական 97-րդ ժողովի նախորդող օր, Հինգշաբթի Մայիս 2-ի առաւօտուն, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ հիւրընկալութեամբ Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, տեղի ունեցաւ Տիկնանց Միութեան տարեկան ժողովը: Բացման աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հայրական սիրով ողջունեց Արեւմտեան Թեմի բոլոր ծուխերէն Արիզոնա ժամանած տիկնանց միութեանց ներկայացուցիչները: Տիկնանց տարեկան ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Թեմի բոլոր հոգեւոր հովիւները, որոնք նոյն օր յետմիջօրէին մասնակցեցան հոգեւորականաց ժողովին, իսկ յաջորդ օր, Հինգշաբթի Մայիս 2-ին, Պատգամաւորական 97-րդ ժողովին: 

Տիկնանց ժողովի նիստին Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ ծուխերէն ներս Տիկնանց Միութեանց կենսական դերակատարութեան: Անոնք հաւատքով եւ նուիրումով կը կազմակերպեն ընկերային, բարեսիրական եւ եկեղեցւոյ հասութաբեր ծրագիրներ: Սրբազան Հայրը շեշտեց եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ բոլոր կառոյցներուն աշխատանքները կարգաւորելու, համադրելու եւ նպատակասլաց դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

Սրբազանը աւելցուց, թէ՝ Արեւմտեան Թեմէն ներս գնահատելի եւ օրինակելի աշխատանք կը տարուի տիկնանց միութեան կողմէ, որոնք խոնարհութեամբ եւ կարգապահական բարձր ոգիով եւ պարտաճանաչութեամբ լծուած են եկեղեցւոյ պայծառութեան սուրբ գործին: Ժողովին անդրադարձ կատարուեցաւ տիկնանց  միութեան ծխական այցելութիւններուն, Տիկնանց «Աղօթքի օր»ուան մասնակցութեան եւ իրականացած զանազան նախաձեռնութիւններուն:

Տիկնանց միութեան տարեկան ժողովի ընթացքին ներկայացուեցաւ նախորդ ժողովի ատենագրութիւնը, փոխանցուեցան Տիկնանց Միութեան գործունէութեան մասին տարբեր զեկոյցներ, իսկ գանձապահին եւ հաշուեքննիչ յաճձնախուբին կողմէ կատարուեցաւ հաշուեքննութիւն:   Վերջապէս Տիկնանց Կեդոնական մարմնի անդամներ ընտրուեցան…: Ժողովի ընթացքին յիշատակութեան արժանի դարձան Տիկնանց Միութեան վախճանեալ անդամներու աստուածանուէր ծառայութիւնը: Ապա սրտի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ատենապետուհի Նենսի Պէրպէրեանը: Ան բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր միութեան նկատմամբ ցուցաբերած հոգածութեան եւ քաջալերանքին համար:

Ժողովը աւարտեցաւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին փակման խօսքով: Ներկայ մարտահրաւէրներուն դէմ դնելու համար անհրաժեշտ է կեդրոնանալ քրիստոնէական ու հայեցի կրթութեան վրայ, ըսաւ Բարձրաշնորհ Սրբազանը: Էական համարելով բոլոր ծուխերուն տիկնանց մարմիններ ունենալու հանգամանքը, Սրբազանը խոստացաւ տիկնանց միութիւն չունեցող ծուխերուն համար նոր տիկնանց մարմիններ յառաջացնել։

Տիկնանց 72-րդ տարեկան ժողովը փակուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով:

Դիւան Առաջնորդարանի

Մայիս 9, 2024


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները