Թեմ
Հրապարակված է: 05/10/2024
Մայիս 2 2024-ին, նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանին եւ մասնակցութեամբ Թեմի հոգեւորականաց դասուն, Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ Թեմի Հոգեւորականաց Ժողովը: Բացման աղօթքէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ հոգեւոր հովիւներու հոգեւոր, ծխական եւ համայնքային կեանքին հետ աղերս ունեցող զանազան այժմէական նիւթերու եւ բոլորը հրաւիրեց հոգեւոր կեանքի վերաթարմացման: Իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ աշխատանքները կարգաւորելու, համադրելու եւ նպատակասլաց դարձնելու անհրաժեշտութեան մասին:
Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ հոգեւորականաց ժողովին օգտաշատ դասախօսութիւններով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Դոկտ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան, Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան եւ Տիար Տիրան Աւագեան:
Դոկտ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան իր ներակայացման մէջ կարեւորեց ծուխերու կեանքէն ներս հոգեւոր վերազարթօնքը: Իր փոխանցած զեկուցման մէջ Դոկտ. Վարուժան Ալթըպարմաքեան երկու գործնական վիճակագրութիւն առաջարկեց, որոնք լաւագոյնս պիտի օգնեն հասկնալ Արեւմտեան Թեմի զանազան կարիքներն ու անհրաժեշտութիւնները: Վիճակագրութիւն պէտք է կատարել թեմական եւ ծխական մակարդակներու վրայ, որոնք պիտի օգնեն բացայայտելու նոր ուղիներ եւ հնարաւորութիւններ, օգտուելով Թեմի ներուժէն, մտաւոր կարողութիւններէն եւ տաղանդներէն:
Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեան իր խօսքը կեդրոնացուց Սփիւռքի հանրային կարծիքին վրայ: Ան յայտնեց, թէ հիմնուելով կատարուած մասնագիտական հարցախոյզներու արդիւնքներուն վրայ, կրնանք որոշակի պատկերացում մը ունենալ հայ ինքնութեան, հաւատքի, եկեղեցի յաճախելիութեան եւ այլ նիւթերու մասին: Ան պարզեց, որ եկեղեցւոյ հոգեւոր ու ծառայական կարիքները ըմբռնելու հովուական աշխատանքները լաւագոյնս կազմակերպելու համար անհրաժեշտ է զարկ տալ հոգեւոր վերազարթօնքին:
Տիար Տիրան Աւագեան իր դասախօսութեան մէջ մասնաւոր անդրադարձ կատարեց մեծահասակներու խնամքին եւ աշխարհական դասուն ծառայութեան (Senior Outreach and Lay Ministry): Ան ընդգծեց մեծահասակներուն եւ տարեցներուն հոգեւոր եւ զգացական կարիքներուն ու սպասումներուն բաւարարութիւն տալու եկեղեցականին հիմնական դերը եւ համայնքային առաքելութեան մէջ աշխարհականներուն դերակատարութեան ու ներգրաուուածութեան կարեւոր հանգամանքները:
Ելոյթներու աւարտին տեղի ունեցաւ լուսաբանական հարց ու պատասխան, որուն յաջորդեց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք. Տէրտրեանի եզրափակիչ խօսքը:
Սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ «մեր կոչումն է ծառայել Աստուծոյ եւ մեր հաւատաւոր ժողովուրդին սիրով ու խոնարհութեամբ որպէս լաւագոյն ճանապարհը իմաստաւորուած կեանք մը ապրելու»: Ան շեշտեց, որ «միասին աղօթելու գլախաւոր նպատակն է իրարմով զօրանալ, լսել մէկզմիւսին եւ հաստատ մնալ դէպի Աստուած առաջնորդող ճանապարհին մէջ»: Սրբազանը մաղթեց, որ Հոգեւորականաց Ժողովը «առիթ մը եւս հանդիսանայ որ մենք զմեզ զգանք Վերնատան մէջ եւ ակնդէտ սպասենք որ Սուրբ Հոգին լուսաւորէ մեր ողջ էութիւնը աստուածային պարգեւներով, որպէսզի հաւատքի իմաստութեամբ կատարենք ինքնաքննութիւն եւ ապա խոստում՝ ծառայութեան»: Եւ որովհետեւ Առաջնորդարանի եւ անոր բոլոր ծուխերու ծառայութեան կիզակէտը կը մնայ մեր սիրեցեալ ազգի զաւակները, Սրբազանը ըսաւ, որ « դաշտ վերադառնալու հոգեպէս առաւել ամրացած պիտի լծուինք հաւատաւոր մեր ժողովուրդին քարոզել Աստուծոյ խօսքը՝ Քրիստոսի կեանքին մէջ բացուած»:
Սրբազան Հայրը գնահատեց բոլոր զեկուցաբերներու շահեկան եւ օգտաշատ մասնակցութիւնը եւ Թեմի հոգեւորականները հրաւիրեց օգտուելու Առաջնորդարանի կատարած բոլոր ուսումնասիրութիւներէն եւ զանազան կարելիութիւններէն:
Յիշենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց Ժողովին յաջորդ օրը, դարձեալ Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հիւրընկալութեամբ եւ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ գումարուեցաւ Թեմի Պատգամաւորական 97-րդ ժողովը:
Դիւան Առաջնորդսրանի
Մայիս 7, 2024