Թեմ
Հրապարակված է: 04/05/2024
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Ահաւասիկ 109 տարիներ անցան այն թուականէն, երբ մեր բիւրաւոր սուրբ նահատակները «իմացեալ մահ»ով սպաննուեցան քրիստոնէական հաւատքի ու հայրենիքի պաշտպանութեան ի խնդիր:
Ապրիլ 24-ը մեր նահատակներուն տօնն է եւ հրաւէր իւրաքանչիւրիս Սուրբ Պատարագի ճամբով անքակտելի ու դարաւոր մեր հաւատքի ուխտը եւ հայրենիքի հանդէպ մեր անվերապահ սէրը վերանորոգելու:
Այսօր, ամէն տեղ, թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք այն խոր հաւատքով եւ համոզումով, որ մեր ազգային գոյատեւման գրաւականը կեանքի եւ յարութեան վկայութիւնն է: Այս է հայադրոշմ քրիստոնէական կեանքի ու յարութեան ըմբռնումը, որ մեզ լեցուն եւ «առաւել կեանքին»ին եւ այդ կեանքի տուուիչին՝ Քրիստոսին կը միացնէ:
Այսօր, երբ դարձեալ կը դիմագրաւենք նոր մարտահրաւէրներ եւ հայօրէն տոկալու յանձնառութեամբ կը շարունակենք մեր հաւատքն ու հայրենիքը պահել, ապրիլեան սուրբ նահատակներուն պատգամն է մեզմէ իւրաքանչիւրին հաւաքական մեր կեանքը առաջնորդել Սուրբ Պատարագով, աղօթքի սրբակեցութեամբ, խոկումով եւ ինքնաքննութեամբ: Ապրիլ 24-ի երեկոյեան մեր հարազատ ազգի զաւակները Սուրբ Պատարագի կը հրաւիրենք, ըմբոշխնելու ապրիլեան նահատակաց սրբութեան խորհուրդը, որ օրհնեալ եւ եզակի առիթ է գիտակցելու, թէ սուրբերու փաղանգ մը ունինք երկնքի մէջ եւ հրաւիրուած ենք սրբութեան կեանք ապրիլ եւ պահել հաւատքն մեր դարաւոր ու հայրենիքը հզօր:
Այսու հաղորդագրութեամբ կու գանք յայտարարելու, թէ Չորեքշաբթի Ապրիլ 24-ին Սուրբ եւ անմահ Պատարագ եւ Բարեխօսական Կարգ պիտի կատարուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: Մեր բոլորին հաւաքական մասնակցութիւնը Սուրբ Պատարագին շօշափելի արտայայտութիւնը պիտի դառնայ երկնաւոր մեր Տիրոջ եւ բիւրաւոր մեր սուրբ նահատակներու հետ մեր հաղորդութեան, մեր ժողովուրդի կենսունակութեան եւ յաւերժութեան, աղօթքի ճամբով ճշդելու մեր ներկան եւ լուսապայծառ ապագան:
Արդ, եկէք ապրիլեան նահատակներու բարեխօսութեամբ մեր դատին արդար լուծումը վստահինք Աստուծոյ, մեր կեանքին մէջ առաջնահերթ դարձնելով քրիստոնէական ու ազգակերտ արժէքներու հետապնդման հաւատարմութիւնը, սուրբերու բարեխօսութեամբ գօտեպնդուած եւ հայութեան յարութեան տեսլականով առաջնորդուած:
Դիւան Առաջնորդարանի