Թեմ
Հրապարակված է: 12/18/2022
Այսու կուգանք խոր ցաւով յայտնելու վախճանումը Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երիցագոյն եւ վաստակաշատ հոգեւորականերէն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան՝ Տ․ ՎԱՉԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՍ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻ։
Հանգուցեալ Սրբազան Հօր կենսագրութեան եւ թաղմանական արարողութեանց հետ կապուած այլ մանրամասնութիւններ պաշտօնապէս կը յայտարարենք յառաջիկայ օրերուն։
Այսու մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Տ․ Վաչէ Արքեպիսկոպոս Յովսէփեանի ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն եւ Թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացելոց։ Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ հանգուցեալ Սրբազան Հօր հոգին երկնային օթեւաններուն մէջ իր յաւիտենական հանգիստը գտնէ։ Յիշատակն արդարոց օրհութեամբ եղիցի։
Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեան
Առաջնորդ Միացեալ Նահանգաց Արեւմտեան Թեմի
18 Դեկտ․ 2022
Պըրպէնք