Նվիրաբերել

Հայ Ուսուցիչի Գնահատանքի Երեկոյ Ձօնուած՝ Սփիւռքահայ Բանաստեղծ Եւ Ուսուցիչ Վահէ-Վահեանի

Թեմ

Հրապարակված է: 12/16/2022


ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ Ձօնուած՝ սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ ուսուցիչ Վահէ-Վահեանի

«Հայ ուսուցիչը միայն լեզու՝ հայերէնը ուսուցանող անձը չէ,

այլեւ բառին լման առումով ծնող է ու դաստիարակ»:

Յովնան արքեպիսկոպոս

Հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի  հովանաւորութեան տակ գործող «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբի, Կիրակի, Դեկտեմբեր 11-ի երեկոյեան, Փասատինայի Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն՝ նուիրուած սփիւռքահայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, խմբագիր, գրաքննադատ եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցիչ Վահէ-Վահեանին: Հանդիսութիւնը կարեւորուեցաւ նաեւ արժանի գնահատականը տալով հայերէնի ուսուցիչին:

«Հայապահպանում եւ հայեցի դաստիարակութիւն կարելի չէ իրականացնել առանց հայերէնի ուսուցիչին, որ այդ պատմական առաքելութեան հիմնական սպասաւորն է», արձանագրուած էր յայտագրին մէջ՝ կազմակերպիչ վարչութեան կողմէ: Արդ, «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը իր հիմնադրութեան 11-րդ տարեդարձը կը տօնակատարէր այս յատուկ հանդիսութեամբ:

Միջոցառման հովանաւորն էր տիկին Սիպիլ Աբրահամեան, իսկ գլխաւոր բանախօսներն էին՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան եւ Տոքթ. Կիրակոս Մինասեան:

Բացման խօսքը կատարեց եւ հանդիսութիւնը վարեց «Զուարթնոց» յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան: Ան վեր առաւ Վահէ-Վահեան բանաստեղծն ու ուսուցիչը եւ անոր «Ոսկի կամուրջ»ը վերադարձուց մեծարեալին, արժեւորելով անոր կատարած ոսկի կամուրջի դերը սփիւռք-սփիւռք եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ:

Հանդիսավարը, գլխաւոր բանախօսները եւ ներկաներէն տասնեակ մը, եղած են Վահէ-Վահեանի աշակերտը Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանին մէջ: Ներկաներուն մէջ յատկապէս յիշատակուեցաւ Վահէ-Վահեանի առաջին սերունդի աշակերտներէն Փրոֆ. Օշին Քէշիշեանը: Ահաւասիկ, տասնամեակներ ետք, երբ ջերմօրէն ու երկիւղածութեամբ Վահէ-Վահեանի աշակերտները կը յիշեն անոր անունը, կու գան քով-քովի՝ աւելի ու աւելի կը բարձրացնէ արեւմտահայերէնի ամրակուռ պահակին, իրա՛ւ ուսուցիչին ու հայրենասէրին անունը:

Մանկավարժ եւ խմբագիր Դոկտ. Մինաս Գոճայեան ներկայացուց Վահէ-Վահեան բանաստեղծը: Իր անունին համահունչ «կուռք մըն էր», նշեց Գոճայեան. «խառնուածքով եւ տաղանդով բանաստեղծ», ըսաւ ան: Վահէ-Վահեան, բուն անունով Սարգիս Ապտալեան, մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ էր: Գոճայեանի խօսքով՝ ան նաեւ հայոց լեզուի ճարտարագէտ մը եղաւ: «Կ'ապրի արեւի յոյսով, արեւի տենչանքով», ըսաւ ան. կարեւորեց «Ոսկի կամուրջ» հատորը եւ Խորհրդային տարիներու հայաստանասիրութիւնը բանաստեղծին: Բանախօսը առանձին կարեւորութեամբ յիշեց «Յուշարձան Վահրամիս» հատորը, նուիրուած բանաստեղծին տարաբախտ որդւոյն՝ Վահրամին, որ զոհ գացած է ինքնաշարժի արկածի:

Վահէ-Վահեան թարգմանիչը տուած է մէկէ աւելի գոհար գործեր: Դոկտոր Գոճայեան թելադրեց «թարգմանական արուեստի գաղտնիքները սորվիլ իրմէ»: Ան աւարտեց իր խօսքը ըսելով՝ «Վահէ-Վահեան հանդիսացաւ հայ գրականութեան բագինի պահապանը»:

Օրուան երկորդ բանախօսն էր մանկաբոյժ բժիշկ Կիրակոս Մինասեան, իսկ թեման՝ Վահէ-Վահեան մարդը եւ ուսուցիչը: Տոքթ. Մինասեան յատկապէս շեշտեց ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկի կատարած հսկայական դերը եւ անոր տնօրէն, դասախօս Վահէ-Վահեանը, որուն ուսանողը հանդիսացած է օրուան յարգելի բանախօսը: Իտալահայ բարերարին անունը կրող հիմնարկը շուրջ երեսուն տարի շարունակ հայագիտութեան ամրոց մը հանդիսացաւ Պէյրութի մէջ, ուրկէ անցան աւելի քան երկու հարիւր ուսանողներ եւ պատրաստեց քսանէ աւելի ուսուցիչներ: Նոյն բարի յիշատակներով Վահէ-Վահեան այդ երեկոյ յիշուեցաւ որպէս Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի հայոց լեզուի սիրելի ուսուցիչ: «Քրմապետը չկայ, մեհեանը չկայ», ըսաւ Տոքթ. Մինասեան. բառեր, որոնք լուրջ խորհրդածութիւններու առիթ կու տան այսօրուան իրականութեան մէջ...

Հանդիսութեան աւարտին, մեծարուեցան Կլենտէյլի հանրային դպրոցներու մէջ դասաւանդող ու զանազան պաշտօններ վարող քսանհինգ ուսուցչուհիներ՝ Միգանուշ Մելքոնեան-Աճեմեան, Բելլա Աղաբալեան, Տաթեւիկ Թովմասեան, Ազնիւ Սահակեան, Անի Գրիգորեան, Յասմիկ Չոբանեան, Յասմիկ Մարգարեան, Նարինէ Աւագեան, Արմենուհի Մեսրոպեան, Դիանա Սանամեան, Աշխէն Եարիջանեան, Վիկտորիա Զարգարեան, Նարինէ Շախրամանեան, Քարմէն Մարկոսեան, Գոհար Աղաջանեան, Սահականուշ Մարգարեան, Դիանա Բագիրեան, Անուշ Էլարեան, Նինա Մինասեան, Լուսին Հայրիկեան, Արփի Ասատրեան, Մատլէն Մանուկեան, Եւա Մկրտիչեան, Լիզա Պետիկեան եւ Լենա Գորթոշեան:

Տոքթոր Սիմոնեան արժանին մատուցեց բոլոր ուսուցիչներուն եւ յատկապէս շեշտեց հայերէնի ուսուցիչները, «որոնք մէյ մէկ հերոսներ են» ըսաւ ան: Հանդիսավարը ներկաներուն մէջ ողջունեց ներկայութիւնը Առաջնորդ Սրբազան հօր, Հոգեշնորհ Հայր Երեմիա Աբգարեանի, Կլենտէյլի հանրային դպրոցներու միացեալ մարմնի ատենապետուհի Նայիրի Նահապետեանի, տեսուչ՝ Դոկտոր Վիվիան Էքշեանի, Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի գործավար՝ Դոկտոր Սիւզի Ապաճեանի, յարգելի այլ հիւրերու:

Մեծարեալները գնահատագրեր, ծաղիկներ եւ Յովնան արքեպիսկոպոսի հրատարակութիւններէն օրինակներ ստացան, որմէ ետք Գերաշնորհ Սրբազան հայրը փոխանցեց սրտի խօսքը: Ան ըսաւ, թէ հայ ուսուցիչը իր արդար պատուին կ'արժանանայ. ան ե՛ւ ուսուցիչ է, ե՛ւ ծնողք, որ բացառիկ զոհողութեամբ կը գործէ, հաւատալով իր առաքելութեան:

Սրբազան հայրը «հեզահամբոյր» Վահէ-Վահեանի գրական ու մանկավարժական վաստակին անդրադառնալով, մեծապէս շեշտեց Հիւսիսեան հայագիտական ամպիոնին դերը անցեալին, հարց բարձրացնելով, թէ այսօր ո՞ւր են ամերիկեան համալսարաններու հայագիտական կեդրոնները իրենց ներկայութեամբ ու աշխատանքով:

Սրտի խօսքի համար բեմ հրաւիրուեցաւ Նայիրի Նահապետեան, որ շնորհաւորեց ուսուցչուհիները, իսկ ներկաները հրաւիրեց Կլենտէյլի Ճեֆըրսըն եւ Ուայթ դպրոցներ, ուր բոլոր առարկաները կը դասաւանդուին երկլեզու՝ անգլերէն եւ հայերէն: Նահապետեան դրական լիցքեր հաղորդեց, կոչ ուղղելով միացնել մեր ուժն ու կարողականութիւնը այս ուսուցչուհիներուն, որպէսզի ա՛լ աւելի մեծ յաջողութիւններու հասնինք համախմբուած ուժերով:

Միջոցառումը մերթ ընդ մերթ ընդմիջուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ ծրագիրով. երիտասարդ դաշնակահար Էտկար Էքշեան եւ վարպետ դուդուկահար Ռուբէն Յարութիւնեան կատարեցին հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն:

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք մեծարեալ ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ «Զուարթնոց» մշակութային յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Տոքթոր Սիմոն Սիմոնեանի, որ պատշաճօրէն գնահատեց լիբանանահայ մատաւորական Վահէ-Վահեանը, նոյն ատեն արժանին մատուցելով հայոց լեզուի ու գրականութեան այսօրուան ուսուցիչին:

Հ.Ա.Ս.


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները