Նվիրաբերել

Աւագ Շաբաթ

Թեմ

Հրապարակված է: 04/08/2022


ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ

Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան վերջին հանգրուանն է Աւագ Շաբաթը, որուն ամբողջ ընթացքը մեզի կը ներկայացնէ Տիրոջ երկնաւոր կեանքին վերջին օրերը՝ Ծաղկազարդէն մինչեւ Ս. Յարութեան լոյսի առաւօտը։

Ինչքա՜ն խրախուսելի է, որ քրիստոնեայ հաւատացեալը այս ընթացքին քայլ առ քայլ ճանապարհորդակից ըլլայ Քրիստոսի, մեր սուրբ եկեղեցւոյ հայրերու կողմէ հաստատուած աղօթքներու ու շարականներու առաջնորդութեամբ, որոնց մէջ կը տեսնենք Քրիստոսի ներկայութիւնը եւ այն կը դարձնենք հայելին մեր կեանքին։

Անցեալ տարիներուն մենք առանձինն գրքոյկներով հաւատացեալին համար պատրաստեցինք բացատրականներ, որպէս ուղեցոյց, որպէսզի աղօթքով ու խոկումով ապրինք առանձնութեան պահեր, զգալու համար Աստուծոյ ներկայութիւնը ամբողջականօրէն։ Ինչու՞ այս քայլին կը դիմենք։ Որովհետեւ Աստուծոյ ձեռքերու մէջ դնելով մեր կեանքը՝ կ’առաջնորդենք դէպի սրբութիւն։

Կեանքը, այն թանկագին նուէրն է, տրուած Աստուծոյ կողմէ, որ պէտք է ապրել ճշմարիտ հաւատքով, այն հարստացնելով բարի արարումներով։ Եւ կը բաւէ, որ մեր առջեւ ունենանք գերագոյն մտատիպարը՝ Քրիստոս, եւ Անոր կեանքի նմանակցութեամբ ապրինք նոր կեանքը՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն։

Ծաղկազարդի կիրակիով Երուսաղէմ սուրբ քաղաք կը դառնայ դուռը Նոր կեանքին, քանզի Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ սուրբ քաղաք նոր իմաստ կը ներշնչէր Հին Ուխտով Աստուծոյ հետ դաշինք կնքած մարդկութեան հետ։ Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ սուրբ քաղաք կը խորհրդանշէ լրումն օրինաց։ Եւ կարծէք վարդապետին դիմաւորողները, իրենց «Ովսաննա»ներու աղաղակումներով իրենց հոգու աչքերով կ’ապրէին իրենց հաղորդուելիք պատգամը՝ Նոր կեանքին։

«Օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն»։

Ուրիշներ իրենց սրտին ձայնը բարձրացնելով առ Աստուած՝ կ’աղաղակէին ըսելով. «Տէ՛ր, զի բացցին աչք մեր»։ Անոնք իրենց խնդրանքը կը ներկայացնէին վարդապետին, որպէսզի առաջնորդէր զիրենք հասկնալու համար աստուածայինն։ Եւ Աւագ Շաբթուայ ամբողջ ընթացքին մեր սրտին աղօթքը պիտի ըլլայ կոյրերուն աղաչանքը. «Տէ՛ր, զի բացցին աչք մեր», որպէսզի մեր ողջ էութիւնը մկրտենք Աստուծոյ սիրոյն մէջ եւ կերպարանափոխուած Քրիստոսի Յարութեան շունչով նայինք կեանքին, կեանքն ապրելու Քրիստոսի նմանակցութեամբ։

Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքը Աւետարաններու մէջ կը ներկայացուի տօնական արձագանգումով մը։ Քրիստոս իր հետ կը բերէր նոր կեանքին լոյսը, եւ անկասկած այդ սպասումը թէկուզ եւ անգիտակցօրէն մարդիկ կ’ապրէին։ Այնուհետեւ, յաջորդող օրերուն իրերու յաջորդականութեամբ մեր հոգեւոր կեանքին մէջ կը ներարկուին հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու գերագոյն սկզբունքներ, որոնք մեզի կը ներկայանան Քրիստոսի կեանքի օրինակով եւ որոնք իրենց մէջ կը կրեն խորհուրդը ճշմարիտին ու արդարին, եւ որոնց բացակայութենէն մարդկութիւնն այսօր կը տառապի։

Մեզի տրուած ճշմարիտին պատգամներէն մէկը խոնարհութեան դասն է.

«Զի որ խոնարհեցուցանէ զանձն իւր բարձրասցի»։ Քրիստոս է խոնարհութեան ապրող պատգամը։ Աստուածորդու այցը մարդկութեան, Անոր երկինքէն երկիր էջքը արդէն իսկ կը բացատրէ ոչ միայն Անոր խոնարհումը մարդկանց կեանքին մէջ, բայց մանաւանդ աստուածային սիրոյն անսահմանելիութիւնը մարդկանց հոգիներու փրկութեան համար։

Խոնարհ սրտով մարդը իր մէջ կը կրէ անկողոպտելի ուրախութիւն, որուն մտաբերումը կը տարածէ խաղաղութիւն ու սէր մարդկանց կեանքին մէջ։ Սա բալասան է մարդկանց հոգիներու համար։

Մեզի տրուած ճշմարիտին պատգամներէն է նաեւ ծառայութեան դասը։ Քրիստոնէութեան կրօնը ծառայութեան կը հրաւիրէ բոլորս, որպէսզի ծառայենք Աստուծոյ եւ միմեանց։ Այստեղ եւս Քրիստոս մեզի կը ներկայանայ ծառայական կերպին մէջ։ Ուրեմն ինչքան եւս մենք պիտի ապրինք նոյն ոգով։ Եւ Քրիստոս այս ոգին գերազանցապէս ապրեցաւ խաչին վրայ իր կեանքին պատարագումով։

Քրիստոսի կեանքի օրինակով մեզի տրուած այս զոյգ պատգամներով հոգեւորապէս պատրաստենք մենք մեզ ներշնչուելու Անոր հրաշալի Յարութեան խորհրդովը, որը մեր առջեւ կը բանայ նոր կեանքին արշալոյսը։

Աւագ Շաբաթը դուռն է, որ մեր առջեւ կը բանայ Յարութեան ճանապարհը՝ Քրիստոսով մարմնաւորուած։ Քանզի երբ հաւատքով մեր հոգիին աչօք մեր մտասեւեռումը կը կեդրոնացնենք Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդին վրայ, ապա մեր էութեան մէջ կը սերմանենք լոյսը Յարութեան։

Յովնան Արք. Տէրտէրեան


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները