Նվիրաբերել

«Նարեկ» ՝ Մատեան Լոյսի Եւ Սրբութեան

Թեմ

Հրապարակված է: 11/19/2021


«ՆԱՐԵԿ» ՝ ՄԱՏԵԱՆ ԼՈՅՍԻ ԵՒ ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․  Յովնան Ս․ Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ՝  Առաջնորդարանի «Համբար Ընտանիք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արժ․ Տ․ Մեսրոպ Քհնյ․ Արամեանի «Նարեկ՝ Մատեան Լոյսի եւ Սրբութեան» խորագրով բանախօսութիւնը, որուն եկած էին ունկընդիր ըլլալու բազում հաւատաւոր եւ ընթերցասէր  հայորդիներ։

Ձեռնարկին բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Առաջնորդարանի աշխատակից՝ Տիար Նորայր Պօղոսեան, ով բարի գալուստի եւ բացման խօսքէն յետոյ ամփոփ ձեւով ներկայացուց հեղինակին եւ անոր կողմէ կատարուած մեծածաւալ թարգմանական աշխատանքը։

Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ օրուան բանախօս՝ Արժ․ Տ․ Մեսրոպ Քհնյ․ Արամեանին, ով նախապէս իր շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնելով՝ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանին՝ այս օրինակ ընդունելութեան եւ շնորհանդէսի կազմակերպման համար, հանգամանօրէն  ներկայացուց Նարեկացու աղօթամատեանի իր թարգմանութեան ընթացքը, որ տեւած է շուրջ երեսուն եւ աւելի տարիներ։

Տէր Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ յաղթահարուած այն դժուարութիւններուն՝ յատկապէս լեզուական որոշ կառոյցներու հասկանալի դարձնելու առումով, որոնք ի յայտ էին եկած թարգմանութեան ընթացքին։  Ըստ իր ձեւակերպման «Նարեկացու աղօթամատեանը ողբերգութիւն չէ, այլ սրբանալու ուրախարար  ճանապարհ մըն է, ան հայելի մըն է, որը կատարեալ կերպով մեզ ցոյց կու տայ մեր անձերը ամբողջովին անկեղծ, Աստուծոյ առջեւ կանգնելէն կամ աղօթելէն առաջ»:

Տ․ Մեսրոպի ելոյթէն անմիջապէս յետոյ տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարցուպատասխանի պահ մը, յընթացս որու հարցեր ուղղեցան Տէր Հօրը՝ ի մասնաւորի Նարեկացու աղօթամատեանի բուժիչ յատկութիւններու մասին, որ դարեր ի վեր ուղեկից եղած է մեր ժողովրդին։

Ապա ցուցադրուեց կարճ տեսաֆիլմ մը, որը կը պատմէր Տէր Հօր կատարած ուխտագնացութեան մասին՝ դէպի Արեւմտեան Հայաստանի Վասպուրական նահանգի այն ժայռափոր քարայրը, որը երկար տարիներ ճգնատեղի եղած է տիեզերահռչակ Սուրբի համար։
 


Երեկոյին հաճելի եւ հոգեզմայլ պահ մը պարգեւեց Սրբոց Ղեւոնդենաց Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի «Շնորհալի» երգչախումը՝ Բրշ․ Րաֆֆի Սրկ․ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ։



Հուսկ բանքով՝  հանդէս եկաւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, ով սոյն երեկոն որակեց իբրեւ հոգեւոր խոկման եւ աղօթքի երեկոյ մը, նշելով որ․ «Տէր Մեսրոպի հոգու թռիչքով Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանը՝ տիտղոսագրուած արեւելահայերէն նոր թարգմանութեամբ՝ հրաւէր մըն է բոլորիս, որպէսզի Նարեկացիի հետ մենք եւս բարձրանանք Թափօր լեռ պայծառակերպուելու համար։ Այսօր երախտապարտ ենք, որ մեր հոգեւոր գանձարանը կը ճոխացուէ մնայուն արժէքով մը, ինչը իւրաքանչիւր ընթերցողի հոգին կը թրծէ Աստուծոյ ներկայութեամբ»։ Սրբազան Հայրը վերյիշեց նաեւ՝ դեռեւս քառասուն տարիներ առաջ իր կատարած ուխտագնացութիւնը՝ դեպի Նարեկավանք եւ Տիեզերահռչակ Սուրբի ժայռափոր ճգնատեղին։

Իր խօսքի վերջաւորութեանը Յովնան Սրբազան ներկաներու ուշադրութեանը յանձնեց նաեւ սոյն եւ նմանօրինակ գործերու կարեւորութիւնը՝ դրուատելով եւ օրհնելով թարգմանիչ հեղինակին ու անոր իրականացուցած բացառիկ աշխատանքը։

Այնուհետեւ ձեռնարկի աւարտին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ  հիւրասիրութիւն:


Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները