Թեմ
Հրապարակված է: 09/03/2021
Ցաւով կը տեղեկացնենք, որ 29 Օգոստոս, 2021-ին, կորոնավիրուսի հետևանքով ի Տէր ննջեց Թեմիս հոգեւորական, Արժ. Տ․ Ասողիկ Աւագ Քհնյ. Ժամկոչեան։
Կենսագրութիւն
Ծնած է Հալէպ՝ Հոկտեմբեր 27, 1953ին: Ծնողներն էին Յակոբ եւ Էֆրոն Ժամկոչեաններ: Չորս զաւակներու անդրանիկն էր ան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Ազգային Մեսրոպեան Վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքէն յաճախած է եկեղեցի: 1972ին, ընդունուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը (Պէյրութ-Անթիլիաս)՝ իբր Քահանայից դասարանի ուսանող, որուն երկու տարուան շրջանը աւարտած է 1974 թուականին: Նոյն տարին՝ վարած է Ազգ. Նուպարեան Վարժարանին Տնօրէնութեան պաշտօնը: 1982 թուականին կազմած է ընտանիք Սոնա Գույումճեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով.¬ Յակոբ, Ասպետ եւ Գէորգ: 1974 թուականին կը ձեռնադրուի Սարկաւագ, իսկ 1987ի Նոյեմբեր 29ին՝ Հալէպի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ձեռնադրուած եւ օծուած է Քահանայ՝ այդ օրերու Բերիոյ Առաջնորդ՝ Գերշն. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ձեռքով:
1994-1955ի շրջանին, դասաւանդած է Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանէն ներս՝ իբր Կրօնքի Ուսուցիչ: Տասը տարի նոյն Եկեղեցւոյ մէջ ծառայելէ յետոյ՝ անցած է Աթէնք, Յունաստան, ուր ծառայած է մինչեւ 2001 թուականը՝ Նէոս Գոզմոսի Սբ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ: Պարագաներու բերումով, 2001ին անցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (Լոս Անճելըս), ուր մինչեւ վերջերս կը կատարէր իր Քահանայական ծառայութիւնը:
2007 թուականին կը ծանօթանայ Սոնա Արապաճեանին եւ կը կազմէ ընտանիք:
Հանգուցեալ Տէր Հայրը Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայած է զանազան եկեղեցիներ եւ համայնքներ. - 2003ին Փասատենայի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, 2004ին Լաս Վեկասի համայնքէն ներս, 2004¬2006ին Whittierի համայնքէն ներս եւ 2006ին ալ եղած է Հոգեւոր Հովիւը Սաքրամենթոյի Սբ. Յակոբ Եկեղեցւոյ:
2017ին հանգուցեալ Տէր Հայրը բախտաւորուած է առաջին թոռնիկով (Մեղրի), որուն ծնունդը բացառիկ ուրախութիւն պատճառած է իրեն:
Զաւակներուն վկայութեամբ, Տէր Հայրը եղած է բացառիկ «հայր» մը, բառին իսկական նշանակութեամբ: Ան օժտուած էր հնչեղ ձայնով մը, որ միշտ օգտագործեց Աստուծոյ փառաբանութեան եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար: Տէր Հօր անձին մէջ ցայտուն էին բարութեան, ծառայութեան եւ եկեղեցասիրութեան առաքինութիւնները:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի: