Նվիրաբերել

Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ Վերափոխման Բացառիկ Տօնախմբութիւնը

Թեմ

Հրապարակված է: 08/17/2021


ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ԲԱՑԱՌԻԿ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, Օգոստոս 15, 2021ին, Սուրբ Աստուաւծածնի Վերափոխման Տօնին, Թահընկայի Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցւոյ հաւատացեալները ապրեցան յիշարժան օր մը: Հաւատացեալներու խուռն բազմութիւն մը ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին, Խաղողի Ողկոզներու, ինչպէս նաեւ Մատաղի Օրհնութեան արարողութիւններուն: Պատարագիչն էր Հոգշն. Տաճատ Ծայր. Վրդ. Եարտըմեան:

Այս առիթով, մեծ ուրախութիւն մը ապրեցան հաւատացեալները, որովհետեւ Առաքելոց Եկեղեցին օժտուեցաւ երեք մեծ Սուրբերու Մասունքներով (անգլ. relic).¬ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ, Սբ. Կիւրեղ Հայրապետ եւ Սբ. Անտոն Անապատական: Երեքն ալ անուանի Սուրբեր:

«Հայր մեր»էն առաջ, Սուրբերուն Մասունքը թափօրով եւ շարականի երգեցողութեամբ, Խորան բերուեցաւ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեանի կողմէ՝ մոմակիրներու եւ Սարկաւագներու ընկերակցութեամբ:

Արժն. Հոգեւոր Հովիւը հաւատացեալներուն կարդաց Արեւմտեան Թեմի Սրբազան Առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խնդակցութեան եւ Օրհնութեան Գիրը: Որմէ ետք, Տէր Հայրը հակիրճ կերպով ներկայացուց Սուրբերուն դերը հաւատացեալներու կեանքին մէջ եւ Թահընկային Սրբոց Առաքելոց Եկեղեցին պաշտօնապէս Սրբատեղի կամ Ուխտատեղի յայտարարեց հաւատացեալներուն համար:

Ապա, Պատարագիչ Հայր Սուրբը ժողովուրդին փոխանցեց օրուան  Հոգեւոր Պատգամը, անդրադառնալով յատկապէս «Սրբութեան» եւ «Սուրբ»ի քրիստոնէական ըմբռնումի մասին: Անդրադարձաւ Տիրամօր՝ Սբ. Աստուածածնի Սրբութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբերու եւ անոնցմէ ժառանգ մնացած Մասունքներուն հանդէպ ստեղծուած Քրիստոնէական յարգանքին ու մեծարանքի աւանդութեան մասին, շեշտելով որ Սուրբերու Մասունքներուն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքը յաջորդաբար զարգացած է նաեւ իբր կրօնական բարեպաշտութիւն: Նկատել տուաւ նաեւ, որ Սուրբերու Մասունքներուն հանդէպ կրօնական յարգանքի ձեւերն էին՝ բարեխօսական աղօթքները, խնկարկութիւն, խոնարհութիւն, ծնրադրութիւն կամ երկրպագութիւն եւ համբոյր: Հայաստանի մէջ, Քրիստոնէութեան պաշտօնական որդեգրումէն ետք, Սուրբերու մասունքներուն հանդէպ կրօնական յարգանքը եւ մեծարանքը՝ դարձած է «Քրիստոնէական Կեանքը» ապրելու եւ արտայայտելու բարեպաշտական ձեւերէն մէկը: Հայր Սուրբը անդրադարձաւ նաեւ, որ անցեալին, մինչեւ 1915ի Ցեղասպանութիւնը, մեր ժողովուրդը Ուխտի կÿերթար մեր երկրին ա՛յն Վանքերը եւ Եկեղեցիները, ուր կը պահուէին ա՛յս կամ ա՛յն Սուրբին մասունքը: Հայր Սուրբը յիշեց, օրինակ, որ «Մուշի Սուրբ Կարապետ կամ Իննակնեան Վանք»ին մէջ (ներկայիս Արեւմտահայաստան), կը պահուէին հազարէ աւելի Սուրբերու Մասունքներ (Տե՛ս Ինճիճեան Ղուկաս Վրդ. Հայաստան, Վենետիկ, 1808, էջ 189):

Սուրբ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական Խաղողօրհնէքը եւ Մատաղօրհնէքը: Արարողութիւններու աւարտին, հաւատացեալները հաւատքով ստացան խաղողի ողկոյզներ եւ Մատաղի իրենց բաժինը:    

Առաջնորդարան

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Օգոստոս 16, 2021


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները