Թեմ
Հրապարակված է: 04/01/2021
Կիրակի, 28 Մարտի առաւօտ, Պըրպենքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի եւ Ծաղկազարդի Սրբազան Արարողութիւնները
Սուրբ Պատարագէն առաջ նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին կատարուեցաւ Դռնբացէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին «Բաց մեզ Տէր» շարականի երգեցողութեամբ, եկեղեցւոյ մայր խորանի վարագոյրին առջեւ ծնրադիր, աղօթքներ հնչեցուեցին, մարդկութեան մեղքի խոստովանութեան եւ դարձի խնդրանքով, ինչպես նաև Աստուծոյ արքայութեանն արժանանալու խորհուրդը պատկերացնելով:
Դռնբացէքի արարողութենէն ետք Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցեց` Արժ. Տ. Խաժակ քհնյ. Շահբազեանը, յաւարտ Սուրբ Պատարագին Տէր Հայրն իր պատգամն ուղղեց ներկայ բազմութեան, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը ոգեկոչելով:
Այնուհետեւ Սուրբ Պատարագի վերջաւորութեանն` Առաջնորդ Սրբազան Հայրն Իր հայրական օրհնութիւնն բաշխեց մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն, մաղթելով, որ յուրաքանչիւր հայ ընտանիքի մէջ պէտք է շատ երեխաներ ծնուին եւ լոյս աշխարհ գան, ապա մանուկները Սրբազան Հօր հետ միասնական աղօթք կատարեցին իրենց ծնողներու համար, հետեւեալ գեղեցիկ բառերով. «Սիրելի Աստուած, կաղօթենք մեր ծնողներու համար, օրհնէ զիրենք, առողջ պահէ, որպէսզի ապրէն երկար եւ մեզ առաջնորդեն դէպի բարի կեանք. Ամէն»: Որմէ ետք մանուկներու թափորը Սրբազան Հօր Առաջնորդութեամբ շրջեցաւ Թրբանճեան հրապարակին ամբողջ շրջափակին մէջ, ուր Ծաղկազադի տօնին առիթով բազմազան խաղեր եւ խնջոյք էր պատրաստուած երեխաներու եւ ներկաներու համար:
Ծաղկազարդի եւ Դռնբացէքի այս գեղեցիկ եւ խորախորհուդ արարողութիւնները կատարուեցան Արեւմտեան Թեմի բոլոր ծուխերէն ներս, աւարտին ունենալով նմանօրինակ հանդէսներ:
«Բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր, բաց մեզ Տէր զդուռն ողորմութեան, որ ողբալով կարդամք առ Քեզ»:
(Շարական)