Նվիրաբերել

Հարաւային Ամերիկայի Հոգեւորականաց Շրջանային Ժողով

Թեմ

Հրապարակված է: 03/12/2021


ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ

Երեքշաբթի, 9 Մարտին Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ Հարաւային Գալիֆորնիոյ հոգեւորականաց շրջանային ժողովը, որը յաջորդեց թեմի մնացեալ տարածքներու շրջանային ժողովներուն, որոնք գումարուեցան յաջորդաբար, Հինգշաբթի, 4 Մարտին եւ Ուրբաթ, 5 Մարտին։

Վերոյիշեալ ժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 եկեղեցականներ։ Զանազան պատճառներով ժողովներէն կը բացակայէին թեմի հոգեւորականներէն մի քանիսը։

Ժողովին քննարկուած օրակարգի նիւթերն էին՝

Առաջնորդի զեկոյց, Միջինք եւ հոգեւորականաց աղօթահաւաք, Աւագ Շաբաթ, թեմի հոգեւորականաց Մայիսի 5-ի ընդհանուր ժողովի նախապատրաստութիւն, Reclaim, սարկաւագաց խորհուրդ, Ամառային ճամբարներ եւ այլն։

Առաջնորդ Սրբազանը իր զեկոյցով անդրադարձաւ զանազան հարցերու, որոնց շարքին էին Հայաստանեան իրավիճակը, քահանայական թեկնածուներ, համաճարակի հետ առնչուած հարցեր։

Դիւան Առաջնորդարանի

10 Մարտի, 2021


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները