Նվիրաբերել

Արեւմտեան Թեմի Հոգեւոր Հայրերու Աղօթասացութիւն Միջինքի Երեկոյեան

Թեմ

Հրապարակված է: 03/12/2021


ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ԱՂՕԹԱՍԱՑՈՒԹԻՒՆ ՄԻՋԻՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ

(Նկար - Հոգեւորականաց Ժողով Փետրուար 2019)

Չորեքշաբթի, մարտ 10-ին 2021 Մեծի Պահոց շրջանի Միջինքի օրուան առիթով, երեկոյեան հսկման արարողութենէն ետք, հովանաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերուն, տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց աղօթացասութիւնը (առցանց zoom դրոյթով):

Աղօթասացութեան մեկնարկը տրուեացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան խօսքով, որուն մէջ ի մասնաւորի կ’ըսուէր. «Աղօթքը՝ շնչառութիւնն է հոգիին, այս խօսքը արտասանած է Տ.Տ. Գարեգին Ա. երջանկայիշատակ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, որուն իմաստին խորքը թափանցելու միտումով կ’ուզէի միասնաբար աղօթք ընենք, որպէսզի Միջինքէն մինչեւ Զատիկ երկարող ժամանակամիջոցը իրօք դարձնենք դէպի Աստուած տանող կամուրջ: Աղօթքը՝ մեր հոգեւոր կեանքին վահանն է: Որպէս հոգեւորական՝ աղօթքի կեանքով պիտի զօրանանք, որպէսզի զօրացնենք նաեւ հաւատացելոց հաւատքի կեանքը: Այս երեկոյեան, անտարակոյս միմեաց աղօթքով պիտի զօրանանք մեր կոչման հաւատքի գիտակցութեամբ: Այս օրուան նուիրուած մեր աղօթքը մասնաւորաբար ընտրեցինք Գրիգոր Նարեկացու  աղօթքներէն, քանզի  ամեն տարի Մեծի Պահոց  գիշերային մեր հսկումներու հոգեւոր ընթերցումները կը կատարենք Նարեկացու «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթամատեանէն»։

Ապա Սրբազան Հօր աղօթքէն ամիջապէս յետոյ, Թեմի բոլոր հոգեւորկանները յաջորդաբար ընթերցեցին իրենց կողմէ ընտրուած աղօթքները, սաղմոսները և սուրբգրային ընթերցուածները:

Յաւարտ Միջինքի օրուան նուիրուած առցանց աղօթասացութեան՝ Գերաշնորհ Յովնան Սրբազան իր Հայրական օրհնութիւնը բաշխեց Թեմի հոգեւորականներուն եւ փակման խօսքին փոխանակ՝ արտասանեց իր կողմէ գրուած գեղեցիկ այս աղօթքը.

«Տէ՛ր, լսէ՛ բոլորիս աղօթքի ձայնը:

Զօրացո՛ւր Քու սպասաւորները

Աստուածային սիրովդ եւ իմաստութեամբ:

Թող Քու առաջնորդութիւնը

Միշտ հովանի ըլլայ մեր

Հոգեւորականաց ընտանիքներուն վրայ:

Եւ թո՛ղ մեր բարի գործերով

Փառաւորուի Քու Սուրբ

Անունդ. Ամէն»:


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները