Նվիրաբերել

Վազգէն Ա Հայրապետ Հայոց

Թեմ

Հրապարակված է: 03/11/2021


ՎԱԶԳԷՆ Ա ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՀԱՅՈՑ

1983 թուականին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նախաձեռնութեամբ հրատարակուեցաւ հոգելոյս «Վազգէն Առաջին – Հայրապետ Հայոց» գիրքը որուն առաջին բաժնին մէջ Վեհափառի կեանքն ու գործը ներկայացուցած է Կարպիս Սուրէնեանը, իսկ յաջորդական ենթաբաժիններով ընթերցողին կը ներկայացուին Վեհափառի 1973-1983 թուականներու ընթացքին արտասանուած պատգամներէն կարեւոր հատուածներ, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ։ Գիրքը միշտ գրասեղանիս է, եւ բազում առիթներով ընթերցումներու ընթացքին կատարած եմ քաղուածքներ, որոնք պարբերաբար մէջբերած եմ իմ քարոզներու ընթացքին, որպէս իմաստալից խօսքեր, որոնք անկասկած բոլոր ժամանակներու համար այժմէական են հայ քրիստոնեային համար։

Վազգէն Վեհափառը, իր էութեամբ ճշմարիտ մեծութիւն մըն է բոլոր ժամանակներու համար, քանզի իր խոհուն ներկայութեամբ պատգամ է յղած բոլորիս ճշմարտապէս հասկնալու համար կոչումը Աստուածաստեղծ մարդուն. «Նոյնանալ ժողովուրդին հետ որպէս կենսաբանական էակ, նոյնանալ ազգին պատմութեան եւ մշակոյթին հետ որպէս բարոյական հոգեւոր էակ, նոյնանալ հայրենիքի հողին ու ջուրին հետ որպէս աշխատող-ստեղածգործող էակ, վերջապէս նոյնանալ հայ պետութիւնը ամրացնող ու անոր ապագան պսակող իդեալներուն հետ որպէս կամեցող եւ կառուցանող քաղաքական էակ։ Ահա մեր կարծիքով ճշմարիտ պատկերը ամբողջական հայուն» (էջ 11-12)։

Կարպիս Սուրէնեան յաջորդող էջերուն մէջ կը խօսի ի մասնաւորի ազգային արժանիքներու մասին եւ կը բաւարարուի մէջբերելով Վեհափառի սահմանումները.

«Ազգ մը չապրիր միայն իր նիւթական բարիքներով, չապրիր միայն իր մտքի եւ զգացումի արտայայտութիւններով, ինչպէս են արուեստներն ու գրականութիւնը, չապրիր միայն հանճարեղ անհատներու գործերով, այլ կ’ապրի նաեւ պատուի եւ արժանապատուութեան զգացումներով, իր «մենքի» գիտակցութեամբ եւ զոհաբերութեան ոգիով, իր ազատ եւ հպարտ ապրելու կամքով, մէկ խօսքով՝ իր բարոյական նկարագրով»։

Սուրէնեան բացառիկ հմտութեամբ կը խօսի Վեհափառի անձին մէջ խտացած հոգեւորականի կոչումի մասին։ Եւ այնքան շատ են սահմանումները, որ կարելի չէ բոլորը ներկայացնել եւ ընթերցողը մօտեցնել Վեհափառի անձին ու մտածողութեան ու անոր մէջ ներգործող հոգեւորականի կոչմանն ու զգացողութեանը։ Բաւական է այստեղ ներկայացնել Վեհափառի կողմէ արձանագրուած հետեւեալ հաստատումը. «Քրիստոս նոր Ակրոպոլ մը բարձրացուց հին քաղաքակրթութեան աւերակներուն վրայ։ Մանաւանդ Պօղոս Առաքեալ հանդիսացաւ այն մեծ ճարտարապետը, հոգիներու ճարտարապետը, որ Յիսուսի սիրոյ լոյսով շաղախեց ու կառուցեց մարդկութեան նոր աշխարհը» (19)

Լուսաւորչի գահին բարձրացած Վազգէն Վեհափառի պատգամները շաղախուած են մեր ազգի ու եկեղեցւոյ գերագոյն ճշմարտութիւններու ու սրբութիւններու գիտակցութեամբ։ Անոր խօսքերուն մէջ կը լսենք Աստուածութեան  կանչը, համամարդկային ուժէքներու խրատականը, հայրենի ղօղանջները, հողին արձագանգը եւ պատմութեան զգացողութիւնը, եւ երբ կը խօսի Ս. էջմիածնի առաքելութեան մասին, ապա իր մէջ կը կարդանք իր ժողովուրդի հոգիին թրթռացումը. «Ազգ ու եկեղեցին չեն կարող գոյատեւել առանց պատմական արմատների, եւ հայ եկեղեցին կտրել Ս. Էջմիածնից՝ նշանակում է կտրել իր պատմական արմատներից, եւ դա, հակառակ այսօրուայ ճառերին ու ժեստերին, վաղը կարող է առարկայականօրէն շատ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ սփիւռքահայութեան ապագայի համար։ Եթէ պառակտուի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին, սփիւռքի հայութիւնն էլ անջատուի Էջմիածնից, փաստօրէն ի չիք կը դառնայ «Հայաստանեայց» բառի բուն իմաստը այստեղ» (37)։

Յատկանշական է նաեւ Վեհափառի այս խօսքի շարունակութեան մէջ հայ եկեղեցւոյ դերը սփիւռքի մէջ եւ էքումենիք շարժման մէջ. «Հայ եկեղեցին չի կրնար անտեսել նաեւ իր գոյութեան ու առաքելութեան ազգային նկարագիրը։ Մանաւանդ ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայ ժողովուրդի համար, հայ եկեղեցին իր ինքնուրոյն դաւանաբանութեամբ, աւանդութիւններով, իր ազգային լեզուով ու ծէսերով, իր անկախ ու ժողովրդապետական կազմակերպութեամբ, ազգապահպանութեան հզօր ազդակ ու ինքնապաշտպանութեան ամուր վահան կը հանդիսանայ այսօր, երբ մեր ժողովուրդի աւելի քան կէսը եւ մեր նուիրապետական պատմական Աթոռներու չորսէն երեքը կը գտնուին մայր հայրենիքի սահմաններէն դուրս։ Հետեւաբար եկեղեցիներու միութիւնը մենք կ’ըղձանք իրականացած տեսնել հաւատալով, թէ Քրիստոսով եւ ս. Աւետարանով մէկ է եկեղեցին, եւ թէ պատմական ազգային եկեղեցիներու գոյութիւնը, այնպէս ինչպէս անոնք կան այսօր, չի հակասեր եւ չի ժխտեր Քրիստոսով մէկութիւնը ընդհանրական եկեղեցիին» (41)։

Վեհափառի բոլոր պատգամներուն մէջ առկայ է Յարութեան խորհուրդը։ Ան իր կեանքը խմորած է Քրիստոսի Յարութեան շունչով եւ այն հաստատած ճշմարտութեան ժայռին վրայ։

«Հսկեցէ՛ք եւ արթո՛ւն մնացէք, որ յարութեան յոյսը չմարի ձեր հոգիներէն ներս։ Յաւէտ ապրելու տենչով է, որ մարդ կը գերազանցէ ինքն իրեն, կը դառնայ շինող, ստեղծագործող, կը դառնայ արարիչ, կը դառնայ անմահ։ ...Առանց յաւէտ ապրելու յոյսին, մարդ կը մեռնի մահէն իսկ առաջ, այդ յոյսով, սակայն, ան կ’ապրի  մահէն ալ անդին» (43)։

Գիրքը ունի իր գլխաւոր ենթաբաժանումները եւ բոլորին որպէս կարեւոր նախաբան կը ներկայացնենք Վեհափառի խօսքը՝ նուիրուած ժամանակին.

«Վասնզի, մեր տեսակէտով, էականը այն չէ, թէ ի՞նչ է ժամանակը ինքն իր մէջ, թէ առարկայական իրականութեան կը համապատասխանէ՞ ան, թէ՞ պարզապէս մարդկային զգայականութեան մէկ կերպն է, այլ էականը այն է, թէ անսկիզբ ու անվախճան ժամանակին յաւիտենական տեւողութեան մէջ ամէն մէկս մեր ժամանակը ունինք... Եւ ահա մեծ հարցումը՝ ինչպէ՞ս ապրիլ մեր ժամանակը (45)։

Որոշապէս իր այս խօսքին մէջ կը հանդիպինք մեծ մտածողին ու փիլիսոփային, որուն մէջ կարելի է տեսնել մարգարէաշունչ անձնաւորութիւնը։

Գրքի առաջին մասը վերնագրուած է «Աղօթք եւ խօսք», որուն տակ ներկայացուած են զանազան նիւթեր, որոնց ամբողջութիւնը կը խտացնեն իրենց մէջ Վեհափառի ամբողջ ներաշխարհը։ Եւ քանի որ այս գիրքը չափազանց հարուստ է իր խոհերով, գրքի ներկայացումը պիտի կատարենք երկու յաջորդական ելոյթներով կամ տեսագրութիւններով։

«Աղօթք եւ խոկում» ենթավերնագրի տակ ներկայացուած Վեհափառի խոհերը ունեն իւրայատուկ տիտղոսագրումներ, եւ գրեթէ բոլորն ալ պիտի ներկայացնենք յաջորդաբար։

«Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը մի՛ փորձէք թափանցել մարդկային մտքի չափանիշներով, կաղապարներով։ Միայն սիրտն է, այսինքն մարդկային հոգու յոյզերի աշխարհը, որ կարող է մեզ բաց անել արահետները՝ դէպի կատարները յարութեան հրաշքի։ Այն սիրտը, որի առաջին զարկով սկիզբ է առնում մեր կեանքն այս անցաւոր, այն սիրտը, որ կարող է լուսոյ խորան դառնալ եւ լուսաւորել ու առաջնորդել մեր գործերը, մեր մտքերը բոլոր, այն սիրտը, որ կարող է մարդուն դարձնել բարի սերմերի սերմանացան, մարդկային աշխարհի անդաստաններում» (49)։

Ինչքա՜ն դժուար է մեկնաբանութիւն կատարել Վեհափառի խօսքերու մասին։ Այստեղ, որոշապէս կը կարդանք Վեհափառի հաւատքին խորութիւնը.

«Երկինքը պատմում է Աստուծոյ փառքի մասին»։ Այս ենթավերնագրի տակ Հայոց Հայրապետը կը խօսի գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ կարծուած հակասութեան մասին. «Ոմանք կարծում են, թէ հակասութիւն կամ հակամարտութիւն կայ գիտութեան եւ հաւատքի միջեւ։ Մենք չենք հաւատում դրան, որովհետեւ գիտութիւնը ինքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մարդկային մտքի թռիչքը, կարողութիւնը՝ յայտնաբերելու բնութեան օրէնքները եւ կիրառելու դրանք մարդկային կեանքի բարօրութեան համար։ Իսկ նիւթական բնութիւնը իր բոլոր օրինաչափութիւններով անբաժան մասն է կազմում աստուածային արարչագործութեան, եւ հետեւաբար մեր օրերի գիտութեան յայտնաբերումներով՝ առաւել պայծառանում է փառքը Աստուծոյ» (51)։

Մասնայատուկ կերպով մեզի կը ներկայացնէ Ս. Էջմիածնի խորհուրդը, որպէս համաքրիստոնէական մեծագոյն արժէք։ Ինչքան պիտի ուզէինք ամբողջութեամբ ընթերցել եւ ներկայացնել Վեհի հաւատամքը։ Կը բաւարարուինք ընթերցողին ներկայացնել միայն այս սահմանումը. «Բոլոր այն գիտնականները, Հայաստանում թէ արտասահմանում, որոնք պեղում, ուսումնասիրում են մեր անցեալը, պեղում են հայ ժողովրդի ոգեկանութեան աղբիւրները, ամէն քայլափոխին հանդիպում են Քրիստոսի լոյսի ցոլքերին։ Առանց  այդ լոյսի իմացումի կարելի չէ հայ ժողովրդին ճանաչել, կարելի չէ հայ մշակոյթը հասկանալ» (54)։

«Մեր ժողովրդի պարագային, իրար հանդիպեցին Քրիստոսի լոյսը եւ մեր ոսկեդարը, մէկը միւսից անբաժան, մէկը միւսով շաղկապուած, մէկը միւսով պայծառացած» (54)։

Յաջորդաբար մեզի կը ներկայացուին հետեւեալ վերնագրերով ներկայացուած Վեհին պատգամները.

«Աստուած հետը ըլլայ»,

«Տէ՛ր, եթէ զշրթունս իմ բանաս...»,

«Աներեւոյթ մի ուժ դրեց իր դրոշմը մեր ճակատին»,

«Յիսուս քարոզեց արդարութիւն եւ հաւասարութիւն»,

«Թող փշրուեն սրտերը քարէ»,

«Հոգին՝ միատեղ աճումը Աստուածայինի եւ մարդկայինի»։ Այստեղ Վեհը կը զարգացնէ իր ընկալումը «Աստուած եւ մեր ժողովուրդը» վերտառութեամբ։

«Ով ուզում է մեծ լինել, թող լինի սպասաւոր»,

«Սէրը երբէք չի կորչում»,

«Հայ եկեղեցին՝ մէկ մարմին, որու անդամներն են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները անխտիր»,

«Ազատութիւնը մի՛ գործածէք իբրեւ պատրուակ չարութեան եւ անկարգութեան»,

«Արմատ ամենայն չարեաց արծաթսիրութիւնն է»,

«Չլինել խօսքի վաճառականներ»,

«Սրբալոյս միւռոնը»,

«Մարդը եւ նրա մեծ Յոյսը»,

«Հայ մշակոյթը շաղախուած Քրիստոսի լոյսով»,

«Ստուգութիւնը մեր անմար յոյսի»,

«Բարի լոյսը» հայկական,

«Բոլոր եկեղեցիները միեւնոյն խորհրդաւոր մարմնոյ անդամներն են»,

«Հայ եկեղեցին եւ իր առաքելութիւնը»։ Այս ենթավերնագրի տակ առանձինն տիտղոսագրումով Վեհափառը կը ներկայացնէ նաեւ մէկ այլ պատգամով. «Սփիւռքի հայութեան գոյատեւման ամենաամուր եւ ամենաազգային հիմքը»։ Բնական է՝ այստեղ խօսքը կը վերաբերի հայ եկեղեցիին։

«Մեղք է Ս. Էջմիածինը»,

«Ս. Էջմիածին՝ միակ վէմը հայ եկեղեցու միութեան»,

«Ոչ մէկ հայ Հայ եկեղցիէն դուրս չպէտք է մնայ»,

«Գալիքը չպէտք է վարակուի անցեալի մեղքերով»,

«Նոր մի «եղիցի լոյս» մարդկային հոգու տիեզերքում»,

«Մեզանից ամէն մէկը հայ է երեք հազար տարիներից ի վեր»։

Գրքի առաջին մասը այստեղ կ’աւարտուի։ Վերնագրերը արդէն մեզ կը ներշնչեն, թէ ինչպիսի բովանդակութիւն ունին անոնցմէ ամէն մէկը։ Եւ մտածումը ունեցանք, որ այս գրքի երկրորդ մասը ներկայացնելէ յետոյ ընթերցումներու յատուկ շարք մը յատկացնենք հանրութեան ներկայացնելու համար Վեհափառի հաւատքի ու աղօթքի կեանքը, որովհետեւ իր պատգամները կարծէք գրած է բոլոր ժամանակներուն մէջ ապրող հայ քրիստոնեային համար։ Աւելի ուշ մտադիր ենք նաեւ գէթ ամփոփումներով ներկայացնել անոնց անգլերէն թարգմանութիւնները, որպէս հոգեւոր մարգարիտներ։ Ինչքա՜ն կը խորանանք Վեհափառի մտածումներուն մէջ, այնքան մեր մէջ կ’ապրինք այն զգացողութիւնը, որ դեռ շատ փոքր ենք իր ներկայութեան որպէս հայ եկեղեցւոյ սպասաւոր։

Յաջորդիւ պիտի ներկայացնենք գրքի երկրորդ մասը՝ «Յոյզ եւ տեսիլք հայրենական» վերնագրուած։

Աւելի ուշ, յաջորդական տեսագրութիւններով պիտի ներկայացնենք նաեւ հետեւեալ ենթավերնագրերը.

Երրորդ մաս. «Մտածումներ, խոհեր»,

Չորրորդ մաս. «Աշխարհաց խաղաղութիւն»,

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

2 Փետրուարի, 2021

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՀԱՅՈՑ

ԳԻՐՔ ՉՈՐՐՈՐԴ

Բ. Գ. Դ. Հատուածներ

Հոգելոյս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Հայրապետի Գիրք Չորրորդ-ի Բ. Մասը վերնագրուած է «Յոյզ եւ տեսիլք հայրենական», որտեղ հայրապետը առաջին հերթին կը խօսի «Ազգապահպանման առաքելութեան ճանապարհին» վերնագրով զանազան նիւթերու մասին։ Ան խօսելով Սփիւռքի մասին՝ մասնաւոր կերպով կ’ընդգծէ Հ.Բ.Ը.Միութեան դերն ու առաքելութիւնը սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ։ Այնուհետեւ ան կը խօսի այնպիսի նիւթերու մասին, որոնք որոշակի նշանակութիւն ունին մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութեան կազմակերպմանը ընթացքին, ինչպիսիք են «Հայոց ազատագրական պայքարը»՝ Աւարայրը։ Այստեղ Վեհափառը կը խօսի նաեւ Լիբանանի մասին, որպէս «Հայաշունչ, հայախօս ու հայակամ» համայնք մը Սփիւռքի իրականութեան մէջ։ Ան մեզ կը յիշեցնէ նաեւ «Հայաստանի աշխարհագրական դիրքի» մասին։ Մասնայատուկ նշանակութիւն ունի Վեհափառի խօսքը արտասանուած Փարիզի մէջ, 27 Մայիս 1979 թուականին։ Իր խօսքը ամփոփուած է հետեւեալ սահմանումին մէջ. «Սարդարապատի յաղթանակը՝ հիմնաքարը բոլոր հնարաւոր Հայաստաններու»։

Վեհափառի համար որոշակի է եղած հաւատքի ու հայոց լեզուի պահպանումը։

«Ազգը պահողը հաւատքն է ու լեզուն», եւ երբ կը խօսի հայ հոգեւորականի առաքելութեան մասին, ան ունի իր խորը համոզումը. «Հոգեւորականը որեւէ կողմի պէտք չէ պատկանի»։

Առանձնակի նշանակութիւն ունի Վեհափառի խօսքը՝ նուիրուած Ծիծեռնակաբերդին.

«Ծիծեռնակաբերդը Թաբոր լեռն է մեր ազգին, մանաւանդ հայաստանցիներուն, ուր բոլոր հայերը առանց խտրութեան, հոգեւին կը միաձուլուին, կը պայծառակերպուին, կը թօթափեն իրենց վրայէն ամէն տեսակի տարբերութիւններ, հեռաւորութիւններ։ Այստեղ բոլորի սրտերը կը տրոփեն նոյն զարկով, բոլորը կը դառնան մէկ մարմին, մէկ կամք, մէկ ճակատագիր» (132)։

«Եւ կը քալեն հայերը ինքնավստահ ու լաւատես, վերանորոգելով նաեւ իրենց ուխտը հայրենաշէն ստեղծարար աշխատանքի, ամէն օր, ամէն ժամ ա՛լ աւելի շէն եւ ա՛լ աւելի ծաղկեալ դարձնելու համար արեան հեղեղներու գնով ձեռք բերուած այսօրուան Մայր երկիրը Հայոց, որ իրականացած երազն է մեր անթիւ անհամար զոհուած սերունդներուն, եւ ամենափառաւոր յուշարձանը՝ նուիրուած անոնց սուրբ յիշատակին» (132)։

Վեհափառը որոշակի պատգամ է ունեցած նոր սերունդներու դաստիարակութեան խնդրի կապակցութեամբ։ Իր գրքի երկրորդ մասին մէջ Վեհափառը կը քննարկէ նիւթեր, որոնք բոլոր ժամանակներու համար են խօսուած.

«Ինչպէ՞ս յարգել Վարդանանց հերոսներու յիշատակը», «Ինչպէ՞ս վերացնել հայ եկեղեցու ներքին բաժանումը Միացեալ Նահանգներում»։

Հոգելոյս Վազգէն Ա. Վեհափառը ունեցած է բացառիկ խոնարհում Խրիմեան Հայրիկի անձին նկատմամբ։ Խօսելով Հայրիկի մասին՝ ան կը պատգամէ հետեւեալը.

«Հայ մարդ, յիշի՛ր դու միշտ երկաթի շերեփը Հայոց Հայրիկի»։

Վազգէն Ա. Հայոց Հայրապետի չորրորդ գրքի երրորդ հատուածը վերնագրուած է «Մտածումներ, խոհեր»։ Այս ենթավերնագրի տակ Վեհափառը կը խորհրդածէ մասնայատուկ թեմաներու մասին։ «Հայ ժողովուրդը եւ իր Մայր եկեղեցին» ենթավերնագրով ան կ’ընդգծէ դերն ու առաքելութիւնը հետեւեալ խօսքերով.

«Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, մայր դաստիարակը համայն հայ քրիստոնեայ ժողովրդի, իր պատմական առաքելութեան ողջ ընթացքում մնացել է հաստատ ու հաւատարիմ Քրիստոսի Աւետարանին, սուրբ աւանդութեանց եւ Տիեզերական առաջին երեք ժողովների ուսմունքին, ժողովներ, որոնք վերջնապէս ամուր հիմքերն էին դրել ուղղափառ վարդապետութեան» (153)։

«Այնպէս է, որ Հայաստանեայց եկեղեցին եղել է ու մինչեւ այսօր էլ մնացել է նաեւ պաշտպան հայրենեաց։ Այսպէս է, որ Հայաստանեայց եկեղեցին իր ժողովրդի հետ 1915-ին գերեզման է իջել ու երեք տարիներ յետոյ Սարդարապատի հերոսամարտով իր ժողովրդի հետ յարութիւն է առել, մի հերոսամարտ, որի ոգեշնչող ուժն է հանդիսացել Սուրբ Էջմիածինն իր Հայրապետով ու քաջարի միաբաններով» (153)։

Այստեղ Վեհափառը նուիրած է յատուկ խորհրդածութիւններ նուիրուած ազգի մեծանուն ազգայիններուն, որոնց շարքին են Ալեք Մանուկեան, Մարիետա Շահինեան։

Չափազանց յատկանշական է Վեհափառի խօսքը նուիրուած մայրերուն, վերնագրուած հետեւեալ ձեւով՝ «Բոլոր մայրերը կոյս են».

«Ո՞ր հայը, ի տես նորածին իր երեխային, չի բացականչեր՝ հրա՛շք, եւ պահ մը իր կնոջ մէջ չի տեսներ պատկերը սուրբ կոյս Մարիամին։

Այո՛, բոլոր ծնունդները հրաշքներ են, բոլոր մայրերը կոյսեր են։

Կինը, մայրութեամբ վեր կը բարձրանայ մարմնականի պայմանէն ու կը պսակուի ծննդեան հրաշքի լոյսով։ Կը զգայ իր իր էութեան մէջ սարսուռը արարչագործութեան ու ծունկի եկած իր ծնած երեխայի աջեւ, կը տեսնէ անոր մէջ պտուղը Աստուծոյ շնորհաբաշխ ուժին ու տեսիլքը կ’ունենայ նմանուելու զՅիսուս ծնող սուրբ Կոյսին։

Ահա հոգեկան հիմնական ճշմարտութիւն մը մայրութեան մասին, որ իբրեւ հիմք պէտք է ծառայէ, կը խորհինք, մեր բոլոր դատումներուն՝ ընտանիքին եւ ընտանեկան կեանքի վերաբերեալ։

Գիտութիւնը, իր բոլոր յայտնաբերումներով ու հաստատումներով, կը մնայ դերին մէջ՝ ծննդեան հրաշքին մարմնական մեքենականութիւնը եւ գոյատեւման պայմանները հետազօրտողի ու բացատրողի։ Սակայն հրաշքը կը մնայ հրաշք, անիմանալի խորհուրդ։ Աւելին, գիտութեան լոյսի ներքեւ հրաշքը կը դառնայ առաւել հրաշալի։

Հրաշալիքը ծնունդի եւ սրբութիւնը մայրութեան, ահա հիմքը ընտանիքին։ Զի ընտանիքն է խորանը այդ հրաշքին եւ աղբիւրը մայրական սրբութեան» (164)։

Հոգելոյս Վեհափառը եղած է մշակութասէր անձը. «Ազգերը կ’արժեն այնքան, ինչքան նրանց մշակոյթը»։

«Զի ազգերը կ’արժեն այնքան, ինչքան կ’արժեն նրանց հոգեւոր գանձերը, նրանց ազգային մշակույթը։ Առանց ազգային ոգեկանութեան եւ սեփական ինքնատիպ մշակոյթի, չկան ազգութիւններ բառի ամբողջական իմաստով։ Եւ այս է գաղտնիքը մեր եկեղեցու եւ ժողովրդի գոյատեւման, մանաւանդ վերջին հազար տարիների ընթացքում, թէեւ տեւապէս հրոյ ճարակ դարձան մեր երկիրը ներխուժող անհոգի սմբակների տակ եւ կորցրին գրեթէ ամէն ինչ ու իրենց մարմինն իսկ նահատակեցին անհաւասար հերոսական մարտերում, սակայն, տոկալով բոլոր այդ դաժան պայմաններին, շարունակեցին վառ պահել ջահը ազգային ոգեկանութեան, շարունակեցին պայքարը «վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց», միշտ հաւատարիմ Քրիստոսի պատգամին՝ «զհոգին մի՛ շիջուցանէք» (173)։

Պատմական ճշմարտութիւն ու փաստ է, որ Վազգէն Ա. Հոգելոյս Վեհափառը դարձաւ խորհրդանիշը Ս. Էջմիածնի առաքելութեան։ Անհրաժեշտ է կարդալ Վեհափառի խօսքը՝ ուղղուած Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, 6 Յուլիս, 1977-ին.

«Հայ եկեղեցւոյ միութիւնը եւ հայ հաւատացեալ ժողովրդի ազգային միասնութիւնը հնարաւոր է հաստատել հայրենի հողի վրայ խարսխուած Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան վէմին վրայ, որուն հաւասարազօր ուրիշ հեղինակութիւն կամ կեդրոն չէ եղած եւ չի կրնար ըլլալ։

Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցի կեդրոնը Ս. Էջմիածինն է։ Կիլիկեան կաթողիկոսութեան եւ Երուսաղէմի ու Կ. Պոլսոյ աթոռները, Սուրբ Էջմիածնի՝ դէպի սփիւռք երկարած թեւերն են, գործակիցներն են, ամէն մէկը իր իրաւասութիւններով, իր ներքին կանոնագրութեամբ եւ իր աշխատանքի բաժինով։ Խախտել պատմականօրէն հաստատուած այս նուիրապետական կառոյցը՝ կը նշանակէ անխուսափելի կերպով ստեղծել տեւապէս տագնապալի կացութիւններ եւ պառակտումներ, ինչպէս եղաւ վերջին քսան տարիներու ընթացքին։ Անբնական է եւ անկանոն՝ պատկերացնել մէկ ու անբաժան Եկեղեցի մը երկու հաւասարազօր գլուխներով։ Մէկ ու անբաժան մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական կառոյցը իր ներքին հաւասարակշռութիւնը եւ կարգապահութիւնը կը կորսնցնէ ամէն անգամ, երբ նոյն նուիրապետական կառոյցին մէջ տեղ ունեցող Աթոռ մը կը փորձէ տեղը գրաւել Եկեղեցւոյ բուն ու միակ գլուխին՝ ձգտելով իր իշխանութիւնը տարածել իր մասնաւոր Աթոռի սահմաններէն դուրս» (179)։

Վեհափառի այդ խօսքը ընթերցելէ յետոյ կ’ուզեմ կատարել հետեւեալ խորհրդածութիւնը.

«Ս. Էջմիածնի ճշմարտութիւնը թերագնահատել կը նշանակէ մերժել Աստուծոյ տուած մեծագոյն պարգեւը, որը գրաւականն է մեր գոյութենականութեան։ Սուրբ Էջմիածին – պարզ անուն մը չէ սա. այս անունը կը բացատրէ Աստուծոյ էջքը Մայր հողի վրայ, Աստուծոյ ներգործութիւնը մեր ազգի կեանքին մէջ։ Մենք պիտի գուրգուանք Աստուծոյ կողմէ մեզ տրուած մեծ պարգեւին՝ Ս. Էջմիածնի, որը մեր առջեւ կը բանայ ճանապարհը յաւերժութեան մեծ պարգեւին՝ Ս. Էջմիածնի։

Ժամանակներու հոլովոյթին հետ նոր պատգամ մը կը բերէ Ս. Էջմիածինը մեր ազգի զաւակաց։ Այսօր, Ս. Էջմնածինը պատգամ կը կարդայ բոլորիս՝ խոնարհելու իր սուրբ խորանին առջեւ, մանաւանդ պատմական այնպիսի ժամանակահատուածի մը ընթացքին, երբ արտաքին դժնդակ պայմանները ամէն օր եւ ամէն ժամ վտանգ կը սպառնան ե՛ւ մեր երկրին, ե՛ւ ժողովուրդի գոյութեան։ Ս. Էջմիածինը մեր կեանքը ապահովագրող աստուածային ներկայութիւնը կը շարունակէ մնալ»։

*  *  *

Հոգելոյս Վազգէն Ա. Վեհափառի Չորրորդ գրքի 4-րդ մասը վերնագրուած է «Աշխարհաց խաղաղութիւն»։

Գրքի այս մասը համեմատաբար կարճ է, ուր արձանագրուած են Վեհափառի խոհերը՝ նուիրուած աշխարհի խաղաղութեան։ Պիտի  բաւարարուինք մէջբերել միայն մէկ հատուած, որ իր մէջ կ’ամփոփէ Վեհափառի ամբողջ մտածողութիւնը, նուիրուած խաղաղութեան.

«Հայաստանեայց եկեղեցին եւ մենք՝ բոլոր հայերս, որ ի Հայաստան եւ որ ի սփիւռս աշխարհի, առաւելապէս պէտք է աղօթենք ու գործենք խաղաղութեան դատի յաղթանակի համար, որովհետեւ բազում դարեր շարունակ ծանրօրէն ապրել ենք ողբերգութիւնները վայրագ արշաւանքների, բռնակալ տիրապետողների եւ յաճախ զանգուածային կոտորածների։ Ապրել ենք ահաւոր ազգային աղէտը 1915-ի Ցեղասպանութեան։ Այո, մենք՝ հայերս, չպէտք է մոռանանք անցեալի դառն փորձութիւնները եւ մեր հայրենիքի աշխարհագրական դիրքը։ Անկախ եւ վեր ամէն հատուածական դիրքաւորումներից կամ գաղափարախօսական նկատառումներից՝ ամէն հայ մարդ, որ որ գտնուի աշխարհում, պարտաւոր է պաշտպանը հանդիսանալու միջազգային խաղաղ գոյավիճակի, միշտ մտահոգուած արդի մեր վերածնուած Մայր Հայրենիքի ճակատագրով» (196)։

Հոգելոյս Վազգէն Ա. Հայոց Հայրապետը ոչ միայն հեղինակաւոր հոգեւոր առաջնորդն է Հայոց մէջ, այլեւ ան համաշխարհային առումով մեծութիւն մըն է։ Իր խոհերը մեզի կը ներկայացնեն համամարդկային արժէքներու գիտակցութիւնը։ Այս գիրքը բաւական է զգալու համար աննման Վեհափառի սրտին թրթռացումը։ Անոր հոգին մշտապէս կը սաւառնի Միածնաէջ Մայրավանքի երկնքին վրայ, ուրկէ կը լսուին իր լուսեղէն պատգամները, որոնք ինչպէս նետ-աղեղը թռիչք կ’առնէ, այդպէս ալ իր պատգամներու լոյսին տակ կը հասկնանք մեր անցեալ պատմութիւնը, ներկան եւ ի մասնաւորի վաղուան արշալոյը, որուն ճարտարապետները դառնալու կոչումը պարտ ենք ունենալ։

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

4 Փետրուարի, 2021


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները