Թեմ
Հրապարակված է: 02/19/2021
«Տէ՛ր, լո՛ւր աղօթից իմոց, աղաղակ իմ առ քեզ եկեսցէ, եւ մի՛ դարձուցաներ զերեսս քո յինէն»։ (Սաղմոս ՃԱ)
Բուն Բարեկենդանի կիրակիով քրիստոնեայի կեանքին մէջ կը բացուի մեր հոգեւոր ճանապահորդութեան նոր դուռը։ Եւ երբ մուտք կը գործենք այս դռնէն ներս, քառասնօրեայ աղօթքի, պահեցողութեան ու հոգեւոր ընթերցումներու ամբողջ ժամանակահատուածը մեզի համար կը դառնան սրբութեան օրեր, եւ ամենէն էականը Աստուծոյ ներկայութեան մնալու խոստումին իրականացումը։
Քառասուն եւ աւելի տարիներ շարունակ խօսած ու քարոզած ենք Մեծ Պահքի մասին։ Այս պահուն կ’ուզենք կատարել ընդգծում մը, որ քառասնօրեայ այս հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը կը համապատասխանէ Քրիստոսի քառասնօրեայ մեկուսացումին անապատին մէջ։ Անապատին մէջ Ան առանձինն էր, բայց ոչ մենակ։ Հայր Աստուծոյ ներկայութեան էր Ան եւ կը լեցուէր ս. հոգւոյ զօրութեամբ։ Ուրեմն, եթէ Քրիստոս Աստուածորդին իր երկրաւոր առաքելութիւնն սկսելէ առաջ իր մէջ զգաց աղօթքին զօրութեամբ լեցնելու պահը, ապա ինչքա՜ն եւս մենք նոյնին անհրաժեշտութիւնը ունինք։ Մեզմէ սպասուածը ոսկի ու արծաթ չէ, բայց միայն աղօթքի հրաւէրին պատասխանը, որպէսզի փայլեցնենք կեանքը հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով։ Որովհետեւ կեանքը ամենէն թանկագին նուէրն է Աստուծմէ, եւ այն պէտքը ունի հոգածութեան եւ խնամքի։ Աստուածաշունչ մատեանը, մեր ս. եկեղեցին, մեր նախնեաց աղօթքներն ու շարականները, երբ դարձնենք հոգեւոր գործիք հոգեւոր այս ճանապարհորդութեան ընթացքին, ապա մեր սրտին ու հոգիին վրայ հաւաքուած փոշին կը մաքրենք։
Օրուայ Աստուածաշնչական ընթերցումները՝ Եսայի մարգարէութիւն (Գլուխ 13։11-14), եւ Մատթէոսի Աւետարան (Գլուխ 6։1-21) մեզի կը խօսին հիմնականօրէն աղօթքի ու պահեցողութեան մասին։ Հետեւաբար, թող այս ընթերցումներու ոգով առաջնորդենք մեր հոգեւոր կեանքը, որպէսզի նորոգենք մեր կեանքի ընթացքը, մեր էութեանը մէջ գտնենք Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ Անոր պարգեւած բարիքները։
Սիրելի ծնողներ, հետամուտ եղէք սորվեցնելու Ձեր զաւակները մեր եկեղեցւոյ աղօթքները։ Ինչքա՜ն հաճելի է, երբ կը տեսնենք, թէ զաւակները կը խաչակնքեն ու կ’աղօթեն, բայց ցաւ կ’ապրինք, երբ կը տեսնենք, որ դեռ շատ-շատեր հեռու են հաւատքի կեանքէն եւ նոյնիսկ կը դժուարանան խաչակնքել։ Մեր հաւատքի առաքելութեան մէջ պէտք է նոր քայլեր ձեռնարկենք։ Մեր համայնքի մէջ դեռ ինչքա՜ն երիտաարդներ եւ չափահասներ ունինք, որ դեռեւս մկրտուած ու դրոշմուած չեն։ Այս թերիները պիտի սրբագրենք եւ ուղին բռնենք վերապրելու մեր հաւատքը։
Մեր առջեւ բացուող Մեծ Պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը պիտի արժեւորենք նաեւ տունդարձով, մկրտութեամբ ու եկեղեցասիրութեամբ։ Մեր խօսքը կը վերաբերի ի մասնաւորի անոնց, որոնք դեռեւս չեն ներգրաւուած եկեղեցւոյ առաքելական կեանքին մէջ։ Եւ այս առաքելութեան մէջ յաջողութիւն կ’արձանագրենք միայն Ձեր օգնականութեամբ։ Դուք մեզ հետ պիտի քարոզէք ու աշխատանք տանիք։ Բոլորիս պատիւը պիտի ըլլայ մեր ազգի հօտի կորուսեալ զաւակները բերել իր աղօթքի տունը։
Ահաւասիկ այս մօտեցումը որդեգրելով՝ ցոյց տուած կ’ըլլանք աղօթքի ու պահեցողութեան գործնական քայլ մը։
«Տէ՛ր, լո՛ւր աղօթից իմոց, աղաղակ իմ առ քեզ եկեսցէ, եւ
մի՛ դարձուցաներ զերեսս քո յինէն»։ (Սաղմոս ՃԱ)
Ս. Ծննդեան մեր քարոզով մենք պատգամ յղեցինք, որ Աղօթքը այս տարի դարձնենք մեր կեանքի նշանաբանը։ Տեսանելի է, որ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի հեռացած են աղօթքի կեանքէն եւ աւելի ապաւինած են նիւթին։ Անոր արդիւնքն է սիրոյ ու յարգանքի բացակայութիւնը
Աղօթքը մեզ կը կապէ Աստուծոյ։
Աղօթքը մեզ կը դաստիարակէ՝ ցոյց տալով մարդկանց հետ յարաբերութեան ճշմարիտ եղանակը։
Եւ եթէ աղօթքի մէջ Ձեր կեանքն առաջնորդելու պէտք ունինք, ապա մենք՝ հոգեւորականներս պատրաստ ենք ուղղութիւն տալու Ձեզ եւ տրամադրելու աղօթագրքեր, որպէսզի այն դարձնենք բանալին Ձեր աղօթքի կեանքին։
The Great Lenten Journey is the time to walk with God, the time for spiritual purification and the time to prepare ourselves in order that we may embrace the blessed and victorious resurrection of Christ, our Lord.
During the journey of the Great Lent, as we pray and fast, we then respond to God’s call and make the commitment to live the Christian Faith. This is the time to go deeper in our spirituality and be in the presence of God.
Great Lent inspires us all to understand that the mission of the Church is fulfilled when we collectively make the promise to become Ambassadors of Christ and preach the Word of God.
Մեր կոչն է, որ մօտիկէն հետեւիք մեր ցուցումներուն եւ այսօրուընէ սկսեալ մինչեւ Զատիկ երկարող ժամանակը աղօթքով ու պահեցողութեամբ նուիրէք Աստուծոյ, եւ Ձեր հոգեւոր կեանքի վերածնունդին։
Յատկանշական է, որ այս տարի Տեառնընդառաջը եւ Բուն Բարեկենդանը միասնաբար կը տօնենք։ Ահաւասիկ մեզի համար առիթ մը եւս, երբ շեշտուած պատգամ կը տեսնենք՝ մշտապէս մնալու Աստուծոյ ներկայութեան եւ նոյնին ներշնչումը փոխանցելու բոլորին։
Յովնան Արք Տէրտէրեան
14 Փետրուարի, 2021