Նվիրաբերել

Սրբոց Ղեւոնդեանց Եւ Վարդանանց Ձօնուած Համերգ- Հանդիսութիւն

Թեմ

Հրապարակված է: 02/12/2021


Սրբոց Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց Ձօնուած Համերգ- Հանդիսութիւն

Ի տարբերութիւն անցեալ տարիներուն, այս տարի Ս. Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց ձօնուած հանդիսութիւնները Առաջնորդանիստ Մայր Տաճարի մէջ տօնակատարեցինք այլ մօտեցումներով` ի նկատի առնելով համաճարակի պայմանները:

Կիրակի, 7 Փետրուարին Ս. Պատարագով հանդիսաւորապէս նշուեցան Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց տօները: Այս մասին արդէն իսկ առանձինն հաղորդագրութեամբ անդրադարձ եղաւ Առաջնորդարանի Դիւանէն:

Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց մաս կը կազմէր նաեւ Թեմի հոգեւորականաց տարեկան առաջին ժողովը, որուն եւս անդրադարձանք առանձինն հաղորդագրութեամբ:

Զոյգ տօներուն պսակումը եղաւ հինգշաբթի, 11 Փետրուարին կայացած համերգը, որը իր իւրահատուկ բովանդակութեամբ ձօնուած էր ոչ միայն Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց տօնակատարութեանց, այլեւ` Ս. Սարգիս զօրավարին, Տեառնընդառաջին եւ Բուն Բարեկենդանին:

Նախաձեռնութեամբ Արժ. Տ. Խաժակի` համերգը սքանչելի կերպով կազմակերպած էր Մայեստրօ Ռաֆֆի Միքայէլեանը, որուն կը մասնակցէին “Շնորհալի” երգչախումբը եւ` մասնաւոր կերպով կազմակերպուած նուագախումբը:

Մայեստրօ Միքայէլեանի տաղանդը անգամ մը եւս փայլեց իր հմուտ ղեկավարութեամբ: Համերգի մասնագէտ արուեստագետների շարքին էին ի մասնաւորի ջութակահար Աշոտ Թումանեանը, թենօր Սուրեն Մկրտչեանը, եւ Սոպրանօ Նաթալի Պոյէքեանը:

Ոգեշնչող երեկոն որոշապէս հավատի նոր կեանքի ներշնչումի միջոցն էր ներկաներու հոգիներուն մէջ:

Ս. Ղեւոնդեանց եւ Ս. Վարդանանց մասին խօսելով` հոգելոյս Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը կատարէ հետեւեալ սահմանումը կամ գնահատականը. “Հայոց մէջ Քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօն հռչակելէ եւ հայ տառերու գիւտէն յետոյ երրորդ հիմնաքարը մեր սուրբ Եկեղեցւոյ` Վարդանանց հերոսամարտն է, մեծագոյն վկայութիւններէն մէկը համաշխարհային մակարդակի վրայ, մեծագոյն դիւցազներգութիւններէն մէկը` վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց եւ վասն խղճի ազատութեան”:

(Տես մանրամասները ծրագրի մասին)

Դիւան Առաջնորդարանի


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները