Թեմ
Հրապարակված է: 02/12/2021
Այս տօնը Քրիստոս Աստուածորդու ծնունդէն յետոյ քառասնօրեայ մանուկ Յիսուսի Տաճար ընծայման օրը կը նշանաւորէ մեր ս. եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Եւ այս հիմքով է, որ հայ քրիստոնեայ ընտանիքին մէջ լոյս աշխարհ եկող մեր մանուկները մեր նախնեաց աւանդութեամբ ս. եկեղեցի կը բերենք եւ խորանին ընծայումով փառք կը վերառաքենք Աստուծոյ մեզի տրուած պարգեւին համար, միաժամանակ կատարելու նաեւ խոստումը, որ Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած մանուկին կեանքը պիտի լեցնենք Յիսուսի պատկերով։
Տեառնընդառաջ – այս տօնին խորհուրդը մեծ է, որովհետեւ կոչում ու հրաւէր կը ստանանք կեանքն ապրելու համար Աստուծոյ հետ մշտապէս։ Այս ճանապարհորդութիւնը կը սկսի քառասնօրեայ մեր մուտքովը ս. եկեղեցի եւ առաջնորդուած դէպի խորան, եւ այնուհետեւ այն պէտք է ունենայ իր ամբողջական նուիրումը Աստուծոյ ս. խորանին։
Մեր ազգի կեանքի մէջ եկեղեցին՝ Աստուծոյ տունը, որտեղ մենք բոլորով աղօթքի ենք կանգնած, այն սրբատեղին է, ուր մեզմէ իւրաքանչիւրին կեանքը կը սրբուի ու կը լեցուի աստուածային սիրով ու իմաստութեամբ։
Այսօր, կանգնած ենք այն սուրբ խորանին առջեւ, ուր մեր մանուկ հասակին մեր ծնողները մեզ բերին որպէս ընծայում Աստուծոյ ընդառաջ։ Այսօրուան աղօթքը մեզ կը հրաւիրէ, որպէսզի վերանորոգենք մեր հաւատքին կեանքը։ Եւ ինչպէ՞ս պիտի ապրի այդ հաւատքը մեր մէջ. Քրիստոսի սէրը պարտ ենք դարձնել լոյսը մեր կեանքին, նպատակը մեր հոգեւոր ճանապարհորդութեան, ուղին՝ հայ քրիստոնեայ ընտանիքին։ Քանզի հաւատքով ապրուած կեանքը մեզ հեռու կը պահէ չարէն եւ միայն կը մօտեցնէ Աստուծոյ։
Տեառընդառաջ։ Թարգմանենք այս բառը։ Տիրոջ ընդ առաջ։ Աստուծոյ ներկայութեան։ Այս գիտակցութիւնը՝ պարտ ենք ապրել հաւատքով, եւ այն ժամանակ մեր հոգու բուրվառին մէջ պիտի տեսնենք Աստուծոյ ներկայութիւնը։ Ուրեմն եկեղեցի ենք եկած լեցուելու Աստուծոյ սիրով ու իմաստութեամբ, բայց մանաւանդ այն ուխտին համար, որը իւրաքանչիւրէս կը սպասուի։
Այսօր մանուկներու տօնն է։ Այսօր տօնն է մանաւանդ նորապսակներու եւ տակաւին բոլոր անոնց, որոնք տեսիլքն ունին ստեղծելու հայ քրիստոնեային վայել սուրբ ընտանիքը։ Ուրեմն բանա՛նք մեր սրտերը այս ոգով լեցուած, նոյն ոգին մեզ հետ տանի՛նք մեր տուները, որպէսզի մեր զաւակաց հոգիներուն մէջ մեր աղօթքը դառնայ լոյսն աստուածային։
Մեր կեանքի բոլոր օրերը պիտի ապրինք Տեառն ընդառաջ։ Քանզի Աստուծոյ ներկայութեան ապրուած կեանքը սուրբ է։ Քառասուն օրեր առաջ Աստուած օրհնեց մեր կեանքը իր Միածին որդու՝ Յիսուսի ծնունդով։ Այսօր Յիսուսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնին ուխտի հրաւէր կը ստանանք մեր կեանքը ընծայաբերելու Աստուծոյ ս. սեղանին եւ նոյն կեանքը շարունակել ապրելու Յիսուսի հետ։ Ահա այս է խորհուրդը Տեառնընդառաջի տօնին։ Աստուծոյ հրաւէրն է այս տօնը բոլորիս։ Ուրեմն պատասխանենք սիրով ու խոնարհումով։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Փետրուար 2, 2020