Նվիրաբերել

Հոգեւորականաց Ընդհանուր Առաջին Ժողովը

Թեմ

Հրապարակված է: 02/11/2021


ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՌԱՋԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Փետրուար 9-ին, 2021 առաւօտեան, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնի օրը, հովանաւորութեամբ եւ առաջնորդութեամբ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերուն, տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Հոգեւորականաց առաջին Ընդհանուր ժողովը (առցանց zoom դրոյթով) եւ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնակատարութիւնը։

Ժողովը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ շնորհաւորական ջերմ մաղթանքներով։ Յովնան Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց հոգեւորականերու քահանայական տօնը՝ մաղթելով օրհնաբեր եւ բեղուն գործունէութիւն իրենց ծառայական դաշտէն ներս։

Ժողովը ունեցաւ իր օրակարգը, ուր քննարկուեցան զանազան հարցեր եւ ծրագրեր։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր զեկոյցէ յետոյ հերթաբար զեկոյցներով հանդէս եկան.

Հայկ Մադոյեան – ներկայացուց թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու curriculum-ը։

Տիրան Աւագեան – ընդարձակ տեղեկատուութիւն ներկայացուց թեմի Հայաստանեան ծրագրերու եւ միաժամանակ Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագրերու մասին։ Յառաջիկային կը նախատեսուի առանձինն գրքոյկով անդրադարձ այս ուղղութեամբ։

Մաշտոց Չոպանեան – զեկուցեց Աստուածաշնչական սերտողութեանց ծրագրի մասին եւ առնչակից նոր ծրագրերու մասին։

Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Մովսէսեան – ընդարձակ զեկոյցով ներկայացուց 2020 թուականին նախաձեռնուած նոր ծրագրերու մասին. Bridging Generations, Diocesan Deacons Council, Media mission։ Այնուհետեւ ան ի մասնաւորի անդրադարձաւ Reclaim 2021 թուականի ծրագրին, որը պիտի կայանայ Մարտի 6-ին։

Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Աբովեան ներկայացուց AYCO-ն եւ ի մասնաւորի անդրադարձաւ CYMA 2021 թուականին կայանալիք ծրագրին։

Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վրդ. հանգամանօրէն անդրադարձաւ Արցախի Յուշարձաններու եւ եկեղեցիներու պահպանութեան առնչութեամբ յանձնախումբերու ստեղծման եւ աշխատանաց։

Հոգեւորականաց ժողովը իր Բ. Նիստը պիտի գումարէ Երեքշաբթի, 16 Փետրուարին, որու ընթացքին գլխաւորաբար պիտի ներկայացուի Առաջնորդ Սրբազանի զեկոյցը։

Ժողովին կը մասնակցէին թեմի բոլոր եկեղեցականներրը, բացի հանգստեան կոչուածներէն։ Ներկայիս թեմի հոգեւորականներու ամբողջական կազմը բաղկացած է 52 հոգեւորականներէ, եւ ի մասնաւորի կ’ուզենք պաշտօնապէս յայտարարել, որ 300-է աւելի ձեռնադրեալ սարկաւագներով հարուստ է թեմը, որոնցմէ շատերը որոշակի պաշտօնով կը ծառայեն ծուխերէն ներս։

Ժողովը աւարտուեցաւ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ հոգեւոր ծառայութեան մէջ նորանոր աշխատանքներու եւ ծրագրերու տեսիլքով։

Դիւան Առաջնորդարանի

9 Փետրուարի, 2021


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները