Թեմ
Հրապարակված է: 02/05/2021
«Տէ՛ր, լո՛ւր աղօթից իմոց, աղաղակ իմ առ քեզ եկեսցէ, եւ մի՛ դարձուցաներ զերեսս քո յինէն»։ (Սաղմոս ՃԱ, 2-3)
Մեր սուրբ եկեղեցւոյ հայրերը ինչքա՜ն խորիմաստ քայլեր են որդեգրած մեր առջեւ բանալու համար դուռը՝ նոր կեանքն։ Մեծ Պահքը՝ դուռն է նոր կեանքին։ Ինչու՞ եւ կամ ինչպէ՞ս, որովհետեւ քառասուն օրերու աղօթքի ու պահեցողութեան շրջանը քրիստոնեային կեանքին մէջ կը դառնայ սրբութեան ժամանակահատուածը, որպէսզի տեսնենք Աստուծոյ երեսը։
Մարդը առհասարակ եւ այս պարագային մեր խօսքն ուղղելով հայ քրիստոնեային, պէտքն ունի իր հոգեւոր կեանքը մշտապէս լեցնելու Աստուծոյ ներկայութեամբ, որպէսզի մեր հոգիէն բխում առած բառերը ըլլան խօսքն Աստուծոյ, եւ մեր արարքները՝ նոյն աստուածային խօսքին շօշափելի արտայայտութիւնը։
«Տէ՛ր, լո՛ւր աղօթից իմոց...»։
Տէ՛ր Աստուած, լսէ՛ իմ աղօթքին ձայնը։ Առ Աստուած ուղղուած մեր աղօթքին խնդրանքը անկեղծ սրտով պիտի ներկայացնենք, եւ այն զգացողութեամբ, որ անոր ներքին պահանջն ու փափագն ունինք. քայլելու առ Աստուած եւ Անոր ներկայութեամբ ապրելու ու ըմբոշխնելու նոր կեանքը։
Մեր սրտէն բխած աղօթքով կը դիմենք Աստուծոյ, եւ կը խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի լսէ ձայնը մեր սրտին եւ առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի լոյս եւ ճշմարտութիւն։
«Աղաղակ իմ առ քեզ եկեսցէ»։
Սաղմոսերգուի այն բառերը կը շեշտեն մեր սրտի փափագը, որպէսզի մեր աղօթքը իր թռիչքով հասնի Աստծուն, որովհետեւ մեր հոգեւոր կեանքը ծարաւի է Աստուծոյ խօսքին, Անոր սիրոյն ու իմաստութեան։
«...Մի՛ դարձուցաներ զերեսս քո յինէն»։
Սաղմոսերգուի այս բառերն ալ խնդրանք են, որպէսզի Աստուած չմերժէ ուղղելու իր ողորմութիւնն ու գթութիւխնը մեր նկատմամբ։
Մեծ պահքի հոգեւոր ճանապարհորդութեան ընթացքին կը թելադրենք, որ ամէն առաւօտ, երբ մեր աչքերը կը բանանք, արեւի լոյսին հետ մեր սրտի խորքերէն արտասանենք սաղմոսի այս բառերը.
«Տէ՛ր, լո՛ւր աղօթից իմոց, աղաղակ իմ առ քեզ եկեսցէ, եւ մի՛ դարձուցաներ զերեսս քո յինէն»։
Նոյն այս բառերը արտասանենք երեկոյեան ննջելէ առաջ, որպէսզի մեր միտքն ու հոգին ապաւինէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։
Շարունակելով մեր հոգեւոր քայլերը Մեծ Պահքի ընթացքին՝ ընտրութիւն կատարենք մեզի հրամցուած աղըթքներուն ու ընթերցումներուն մէջէն, որպէսզի մեր ողջ էութիւնը զարդարենք երկնայինին խորհուրդով։ Մեծ Պահքի քառասնօրեայ հոգեւոր ճանապարհորդութիւնը անպայմանօրէն պիտի տարբերի տարուոյ մնացեալ օրերէն։ Մեծ Պահքի ժամանակահատուածը հոգեւոր պատրաստութեան բացառիկ այն առիթն է, որ մեր մէջ ծնի նոր մարդը, եւ մաքուր սրտով կարող դառնանք դիմաւորելու մեր Տիրոջ Յարութիւնը՝ խարիսխը մեր հաւատքին։
Ուրեմն մեր թելադրութիւնն է, որ օրուայ մէջ եւ առաւելաբար առաւօտեան արշալոյսին մի քանի րոպէ յատկացնենք աղօթքի եւ օրուայ Աստուածաշնչական հատուածի ընթերցումի, եւ այն ժամանակ պիտի ըլլայ օրհնուած օր, ճանապարհորդութիւն Աստուծոյ հետ։
Մեծ Պահքի քառասնօրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին համար մեր ս. եկեղեցւոյ հայրերը հաստատած են մասնաւոր արարողակարգեր, իրենց յատուկ աղօթքներով, շարականներով ու Աստուածաշնչական ընթերցումներով, որոնք իրենց բովանդակութեամբ ու քաղցրաշունչ եղանակներով հաւատացեալի հոգին կը պարուրեն Աստուածային սիրով՝ տեղ չձգելով, որ խաւարը իշխէ մեր կեանքին վրայ։ Եւ այս պահուն է, որ խաղաղութեամբ նոր օծում մը կը ստանայ մեր հոգին, միտքն ու սիրտը։ Որովհետեւ Քրիստոսի Յարութիւնը դժուար պիտի ըլլայ դիմաւորել առանց նորոգուած էութեան։
Օրական Ձեր աղօթքներու ու ընթերցումներու հետ համատեղ հաւատացեալներուն կը ներկայացնենք հոգեւոր խորհրդածութիւններ, որոնք քաղած ենք մեր ընթերցումներու ընթացքին։ Յուսալից ենք, որ մեր խորհրդածութիւններու մէջ պիտի ապրիք նաեւ մեր սրտի աղօթքը։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
18 Յունուարի, 2021