Նվիրաբերել

Մտերմութիւն

Թեմ

Հրապարակված է: 02/05/2021


ՄՏԵՐՄՈՒԹԻՒՆ

Այսօրուան աշխարհի տագնապին դիմաց, մահուան ստուերին սփռումը ամէնուրեք, վախ, սարսափ ու անորոշութիւն, այս բոլորը գումարած, մարդ արարածը կը գտնուի անել կացութեան դիմաց: Այս վիճակները կը մղեն, որ մարդը փնտրէ օգնութիւն, հենարան, հանգստարան: Ահա թէ ինչու, հակառակ այսօրուան ստեղծուած պայմաններուն ու դժուարութիւններուն, ու տակաւին չհաշուած համաճարակի պատճառով եկեղեցւոյ դռները ձեւով մը փակ մարդուն դիմաց, զարմանալիօրէն առաւել եւս կ՛ուզենք երթալ եկեղեցի, որպէսզի այնտեղ մեր առանձնութեան մէջ, ինչ որ չափով, կիսելու եւ պատմելու մեր նեղութիւնները, դժուարութիւնները առ Աստուած, խնդրելու Իրմէ բժշկութիւն, փնտրելու մխիթարութիւն, աշխարհիս խաղաղութիւն, ընտանիքներու սէր, միութիւն, համերաշխութիւն, երիտասարդներուն իմաստութիւն, միշտ այն յոյսով, որ Ան կը լսէ, եւ սպասումով՝ որ պիտի պատասխանէ մեր խնդրանքին: 

 Անկախ այսօրուան իրավիճակէն, երբ պահ մը կը մտածենք, թէ ինչպիսի առիթներ տրուած են մեզմէ իւրաքանչիւրին ունենալու այդ գեղեցիկ ու մտերմիկ պահը Աստուծոյ հետ, որ կը կոչուի աղօթքի պահ: Եթէ ամբողջ տարուան մը ընթացքին չենք կրնար այդ առիթները օգտագործել, գէթ Մեծ Պահքի շրջանը, որ մեր փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութիւնը կանխող 49 օրերն են, լաւագոյն առիթն է այդ մտերմութիւնը ունենալու համար: Մեծ Պահքի շրջանը լաւագոյն առիթն է պատրաստութեան: Աղօթքով եւ պահեցողութեամբ հաւատացեալ մարդը կը պատրաստուի դիմաւորելու Քրիստոսի յարութեան լոյսը: Պահեցողութիւնը եթէ մեզ հեռու կը պահէ որոշ ուտելիքներէ, ապա աղօթքը մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ: Եկէք հետեւաբար փոքրիկ այս ձեռնարկով անդրադառնանք աղօթքի իմաստին, կարեւորութեան ու անոր ձեւին, որպէսզի գալիք Մեծ Պահքի շրջանը իմաստաւորուի, մեր սիրոյ կապը առ Աստուած աւելի զօրանայ եւ հոգեւոր կեանքին մէջ աստիճան մը վեր բարձրանանք:

Գեղեցիկ ու տեղին է Սաղմոսերգուին բառերը երբ համեմատականով մը կը ներկայացնէ մարդուս վիճակը ու անոր ունեցած Աստուծոյ կարիքը երբ կ՛ըսէ. »Ինչպէս եղջերուն ջուրի կը փափաքի, այնպէս ալ իմ անձս քեզի կը փափաքի ով Աստուած« (Սաղ 42:1): Իրօք մարդս կարիքը ունի Աստուծոյ, որպէսզի հագեցում տայ իր հոգիի ծարաւին: Այդ իսկ է պատճառը, որ մարդը յաճախ կը փորձէ այդ պապակը յագեցնել այլ ուրիշ բաներով: Զարմանալի բայց իրաւ ու հետաքրքրական է բառերու գործածութիւնը, որուն շատ չենք անդրադառնար: Օրինակ երբ մեր լեզուին մէջ կը գործածենք »ոգելից ըմբելի« բառը, որ կը տրուի »ալքոհոլ« խմիչքին, որ կը նշանակէ ոգին լեցնող, մոռնալով սակայն, որ այդ ոգին կամ հոգին իր պապակը կը յագեցնէ միայն Աստուծմով, եւ այդ ալ աղօթքի ճամբով:

Ցաւօք սրտի, այնքան նեղ է եղած սահմանումը աղօթքին կամ աղօթք բառին, ուր յաճախ այնպէս կը կարծենք, որ աղօթել կը նշանակէ բառեր արտասանել, խնդրանքներու ցանկ մը ներկայացնել ու սպասել անոնց կատարումին, բայց երբ կը կարդանք Եկեղեցւոյ հայրերու գրութիւնները, որոնք ոչ միայն խօսած են աղօթքի մասին, այլ ամէն բանէ առաջ ապ¬րած են այդ աղօթքի պահը, այդ մտերմութիւնը, եւ այդ փորձառութեան լոյսին տակ իրենց վկայութիւնը տուած են ըսելով.

- »Արդ, աղօթքով, պահքով, սուրբ սիրով, շնորհալի յոյսով եւ բաղձալի մղումով զգուշօրէն պատրաստ եղիր՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու: Ահով եւ երկիւղով ջանա՛ միշտ յառաջանալ բարեպաշտութեան մէջ եւ երբեք չպակսեցնես երեւելի եւ աներեւոյթ առաքինութիւններուդ վաստակը: Եւ ամէն տեղ հոգեւորապէս, անխափան կատարէ աղօթքի ծառայութիւնդ, թէ՛ տան մէջ, թէ՛ ճամբու ընթացքին, թէ՛ աշխատանքի, թէ՛ քնանալու եւ թէ՛ արթննալու ժամանակ: Առողջ սրտէ բխած աղօթքներն ու խնդրանքները խաղաղութիւն կու տան հոգիին, իսկ մտքին արտասուքով զղջում: Աղօթքները, շնորհալի արցունքներ թափելով, կը մաքրեն միտքն ու մարմինը չար ցանկութիւններէն«: Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ

 - »Աղօթքը հեզութեան, անբարկութեան, անյիշաչարութեան եւ սիրոյ բխումն է: Աղօթքը խնդութեան, խաղաղութեան եւ գոհութեան բխումն է դէպի լաւագոյնը: Աղօթքը տրտմութեան, տարակուսանքներու եւ վշտերու հրաժարադեղ ու սփոփանք է«: Ս. ՆԵՂՈՍ ՍԻՆԱՅԵՑԻ

- »Աղօթքը ամրութեան պարիսպ է, հաստատութեան սիւն, հաւատքի հիմք, յոյսի խարիսխ, առ Աստուած ելլելու աստիճան: Աղօթքը պարծանքներու պսակ է, փրկութեան պատճառ, բարիքներու առիթ, համբերութեան մարզիչ, աստուածպաշտութեան ծանօթութիւն, Սուրբ Հոգին հրաւիրող: Աղօթքը դեւերու հալածիչ, Չարը կործանող, անոր բոլոր յարձակումները խափանող: Հետեւաբար, միշտ աղօթենք առանց բարկութեան եւ երկմտութեան, ու մանաւանդ՝ սրտանց աղօթենք բոլորին համար«: ԽՈՍՐՈՎ ԱՆՁԵՒԱՑԻ

  - »Աղօթքը սովորական կապ չէ, այլ Աստուծոյ հետ այնպիսի հաղորդակցութիւն, որ կը բխի մարդուն ներաշխարհէն եւ կը նպաստէ մարդուն մաքրութեան, կատարելագործման, փրկութեան եւ սրբացման«: Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ

- »Աղօթել կը նշանակէ համ տալ ինքդ քեզ, համեմել քու կեանքդ, քու գործդ, յարաբերութիւններդ: Աղօթել կը նշանակէ ամէն ինչին բարիք խառնել«: Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ

- »Ինչպէս որ բոյսերն ու պտղաբեր տունկերը ցերեկը արեւու տաքութենէն այրելով, գիշերային ցօղով դարձեալ կը դալարին, նոյնպէս ձեր հոգիները ու միտքերը, զորս ցերեկը մեղքի ջերմութեամբ ու բազմատեսակ մեղքերով կամայ ակամայ կը տոչորուին, դարձեալ գիշերային աղօթքի արցունքներով կը զովանան«:

- »Աղօթքը կը նմանի այն աստիճանին, որ կը բարձրանայ դէպի երկինք: Անոր ստորնագոյն մակարդակը խնդրանքն է, իսկ բարձրագոյն մակարդակը՝ խոկումը«:

Այս բոլորը եթէ ուզենք ամփոփել, ուրեմն կարելի է ըսել, որ աղօթքը մարդուս մէջ կÿարթնցնէ.-

     1. Աստուծոյ առջեւ ներկայանալու մտերմութիւն

     2. Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միջոց

     3. Աստուծոյ հաշիւ տալու գիտակցութիւն

     4. Երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան զգացում

     5. Մեղքերու թողութիւն խնդրելու խնդրանք

     6. Օգնութիւն եւ նոր պարգեւներ խնդրելու առիթ

Աղօթքի պահը մեզի կու տայ այն զգացողութիւնը, որ Աստուծմէ կախեալ է մեր կեանքը: Այս վիճակը, սակայն, երբեք չի նշանակեր, որ Աստուած Ինք այդպէս կ՛ուզէ մեզ տեսնել, այլ ընդհակառակը, մարդուս արարած ըլլալու հանգամանքն է այդ, ինչպէս որ է անօթութեան զգացումը: Հետաքրքրականօրէն աղօթքի պահը նաեւ մեզի կու տայ առիթը ինքնաճանաչումի, մանաւանդ ճանչնալու եւ գիտակցելու ու մտածելու մեր կարիքներու մասին: Շատ են մեր պէտքերն ու կարիքները, սակայն, աղօթքի պահը կու տայ մեզի առիթը մտածելու ամենակարեւորի մասին, առաջնահերթի մասին: Անոր համար ալ երբ Քրիստոս կը խօսէր աղօթքի ձեւի, բովանդակութեան ու անհրաժեշտութեան մասին, այսպէս կ՛ըսէր. »Երբ կ՛աղօթէք, նախ խնդրէք Աստուծոյ արքայութիւնը« (Մատթ 6:33): Տակաւին, աղօթքը մեզի կու տայ առիթը մտածելու ոչ միայն մեր անձերու մասին, այլ մեր անձերէն դուրս, մեր նմանին մասին: Անոր համար ալ Մեծ Պահքի շրջանը լաւագոյն առիթն է պահեցողութեան ու աղօթքին հետ առընթեր ողորմութիւն տալու: Այնպէս ինչպէս Աստուած Ինք Իր հայրական սիրովն ու գթութեամբը կ՛ողորմի իւրաքանչիւրիս, այդ նոյն ողորմութենէն բաժին հանելու նաեւ մեր նմանին: Ահա թէ ինչու, ողորմութեան նման, աղօթքն ալ ուրիշներուն համար կատարուած կամ կատարուող բարի գործ է, ի տարբերութիւն ողորմութեան եւ աղօթքին այն է, որ ողորմութեան բարի գործը մեր ձեռքով կը կատարուի, մինչ աղօթքին բարի գործը Աստուծոյ ձեռքով:

Իսկ երբ Աստուածաշունչի էջերը կը թերթատենք, ապա այնտեղ մեզի կը ներկայացնէ, թէ ինչպիսին է աղօթքի զօրութիւնը, որովհետեւ միայն բառեր չեն որ կ՛արտասանուին, այլ բառերէն անդին անմիջական ներկայութիւնը Աստուծոյ: Ահա այսպէս.

»Աղօթքով Պօղոսն ու Շիղան իրենց բանտի շղթաները քակեցին«: (Գրծ 16:25-27)

»Աղօթքով Եղիան երկինքը բացաւ ու փակեց«: (Գ. Թգ 17:1; 18:1-46)

»Աղօթքով այրի կինը անիրաւ դատաւորին քով շարունակ գնաց որպէսզի իր դատը պաշտպանէ«: (Ղկ 18:1-8)

»Իսկական այրին ան է, որ մէկը չունի, յոյսը միայն Աստուծոյ վրայ դրած է եւ գիշերցերեկ աղօթքով ու խնդրանքով կÿանցնէ իր ժամանակը«: (Ա Տիմ 5:5)

»Գիշերուան կէսին կ’ելլեմ՝ շնորհակալութիւն յայտնելու քեզի, արդար դատաստաններուդ համար«: (Սաղ 119:62)

»Երբ կը պառկիմ՝ քեզ կը յիշեմ, գիշերն ամբողջ՝ քու մասիդ կը մտածեմ, որովհետեւ օգնական եղար ինծի. քու թեւերուդ հովանիին տակ ցնծութեամբ կ’երգեմ«: (Սաղ 63:5-7)

Ընդհանրապէս երբ կ’աղօթենք, գիտենք որ մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած օգտագործելով մեր շրթները, յիշելով Սաղմոսերգուին բառերը ուր կ՛ըսէ. »Տէր եթէ շրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո«: (Սաղ 51:15) Բայց աղօթքի ժամանակ նաեւ կ՛օգտագործենք մեր միտքը, մտածելով մեր հարազատներուն, բարեկամներուն մասին, բայց մտքով աղօթելու պարագային, կայ երեւոյթ մը, ուր յաճախ միտքը ունի երեւակայութիւն, եւ երեւակայութեամբ մոլորութիւն եւ շեղում: Պէտք է զգուշանալ: Իսկ աղօթքի պահուան ամենավեհանձն պահը հոգիով աղօթելու պահն է, ուր կ’իջնենք մեր սրտի խորքը, մեր ներքին սենեակը, որովհետեւ հոն տեղի կ՛ունենայ մեր մտերմիկ հանդիպումը Աստուծոյ հետ, սիրոյ ու քաղցրութեան պահը, ուր եղջերու նման մեր հոգիները իրենց ծարաւը կը հագեցնեն ու իրենց հանգիստ կը գտնեն: Հոն է Աստուծոյ ներկայութիւնը, մանաւանդ՝ այդ է զԱստուած փառաբանելու կերպը՝ »հոգիով եւ ճշմարտութեամբ«:

Սիրելիներ, օգտուինք այս լաւագոյն առիթէն: Մեծ Պահքի շրջանը իրապէս վերածենք մտերմութեան լաւագոյն առիթի: Եթէ մինչեւ այսօր այդ մտերմութիւնը չենք ունեցած, փորձենք ունենալ: Եթէ ունեցած ենք, բայց ինչ-ինչ պատճառներով դերացած ենք, ուղղենք ու վերագտնենք զայն: Իսկ եթէ ունինք, ամուր պահենք ու առաւել խորացնենք այդ մտերմութիւնը, եւ այդ մտերմութեամբ վայելելու Աստուծոյ սքանչելի Սէրը, ինչ որ այսօր մարդկութիւնը ամբողջ կը տառապի այդ սիրոյ պակասէն:

Նուիրուինք աղօթքի, չձանձրանանք աղօթելէ, ունենանք մեր ամէնօրեայ մտերմիկ պահը Աստուծոյ հետ: Խօսինք, զրուցենք Աստուծոյ հետ: Բացուինք Անոր, կիսենք Անոր հետ մեր ցաւերն ու նեղութիւնները: Լսենք Անոր, որովհետեւ ըսելիք ունի: Մտածենք Իր խօսքերուն մասին, ինչպէս պիտի ըսէ Դաւիթ մարգարէն. »գիշեր-ցերեկ Քու խօսքերուդ վրայ կը մտածեմ, որովհետեւ Քու խօսքերդ լոյս են ու ճրագ իմ քայլերուս եւ շաւիղներուս«:

Թող իւրքանաչիւրիս աղօթքները, որպէս խունկ, լսելի եւ ընդունելի ըլլան առ Աստուած:   

Մաշտոց Չօպանեան

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան

Բաժանմունք

Արեւմտեան Թեմ

Յունուար 27, 2021


Կարդալ ավելին


Կարդալ Բոլոր Նորությունները