Թեմ
Հրապարակված է: 02/05/2021
Ինչպէ՞ս սահմանել կեանքը։ Սա այն հարցումն է, որուն պատասխանը անհնար է ամբողջական իմաստով տալ, քանզի իւրաքանչիւր անձ ունի իրեն յատուկ ըմբռնումը, եւ եթէ նոյնիսկ բոլոր սահմանումներու գումարումը կատարենք, ապա տակաւին ի վիճակի չենք լիարժէք կամ ամբողջական հասկնալ կեանքին խորհուրդը։
Կեանքը՝ Աստուծոյ պարգեւներուն մէջ պսակումն է բոլորին։ Գեղեցիկ է այն եւ ի մասնաւորի այն հանգամանքին համար, որ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն։ Սակայն, ինչքանով ի վիճակի ենք այն պահպանելու սուրբ եւ նմանակից Քրիստոսին կեանքին։ Արդէն այստեղ ի յայտ կու գայ այն ճշմարտութիւնը, որ մարդը իր էութեամբ տկար է եւ միշտ յակուած դէպի ոչ բարին։ Նոյն կեանքը, սակայն, որ մարդը կ’ապրի, իր մէջ ունի եւ աղօթքով կը գտնէ ինքզինք սրբագրելու հոգեւոր ուժականութիւնը։
Կեանքը խորագոյնս թարգմանելու համար էական է այն առաջնորդել աղօթքով, որը պիտի ինքզինք դրսեւորէ յարատեւութեան մէջ, որովհետեւ աղօթքի մէջ մկրտուած կեանքը իր մէջ կը գտնէ ինքնաճանաչումի գիտակցութիւնն ու ոգին եւ ըստ այնմ կ’ուղղորդէ իր քայլերը, որոնք նպատակամղուած պիտի ըլլան դէպի Աստուած եւ բարին։
Կեանքը՝ տեսակէտով մը Աստուծոյ անսահմանելիութեան արտայայտութիւնն է, եւ այս հանգամանքը բոլորիս համար զգաստացնող է, քանզի այստեղ է, որ կը զգանք, թէ մեր մարմինները տաճար են Աստուծոյ բնակութեան եւ Աստուած ինք կը բնակի սրբութեան մէջ։
Կեանքը, եթէ պիտի ուզէինք սահմանել նաեւ մէկ բառի մը մէջ, կոչում մըն է։ Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած կեանքը Աստուծմէ կոչում կը ստանայ նաեւ ինքզինք գերազանցելու, հրաշագործելու նոյն կեանքը եւ այն վերադարձնելու Աստուծոյ աւելի գեղեցկացած։
Կեանքը, ի մասնաւորի Աստուածահաճոյ կեանքը իր ճշմարիտ ծնունդը կ’ապրի աղօթքի մէջ։ Այլապէս, նոյն կեանքը օտարացած է Աստուծմէ եւ անկարող իր մէջ տեսնելու պատկերը Աստուծոյ։
Կիրակի է այսօր, եւ այս խորհուրդներով կ’ուզեմ առաջնորդել աղօթքի կեանքն այն քաջ հաւատով ու գիտակցութեամբ, որ կեանքը գեղեցիկ է, երբ Աստուծոյ մէջ կ’ապրի իր ծնունդները եւ իր մէջ կը կրէ սէրն ու իմաստութիւնը Արարիչն Աստուծոյ հետ։
Կիրակին՝ կեանքը լուսաւորող օրն է, քանզի ս. պատարագով կը հաղորդուինք Քրիստոսի պատարագուող Անձին հետ եւ մեր առջեւ կը բացուի ուղին՝ դէպի Աստուած։
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան
31 Յունուարի, 2021