Թեմ
Հրապարակված է: 02/05/2021
Տարիներ առաջ ընթերցած եմ Ճպրան Խալիլ Ճըպրանի «Մարգարէն» տիտղոսագրուած գրիքը անգլերէնով եւ առայսօր իր հիացմունքն ու խոնարհումը իր անձի նկատմամբ որպէս աշխարհահռչակ բանաստեղծ կը մնայ աներեր։ Հեղինակն այքա՜ն խոհուն մտքերու հաղորդակից կը դարձնէ ընթերցողը, որ մեզի տրուած խրատականները անհրաժեշտ է ընթերցել քանիցս, որպէսզի թափանցենք մտքերուն ծալքերուն մէջ։
Այս անգամ կը կատարեմ հեղինակի կողմէ մարդկութեան հոգեւոր գանձարանի մէջ ներդրուած «Մարգարէն» գրքի հայերէն թարգմանութիւնը, զորս այնքան հարազատօրէն կ’արտայայտէ Ճպրան Խալիլ Ճըպրանի մտքին լոյսն ու կեանքի հետ համահունչ քայլելու հրաւէր դարձած պատգամները, որոնք ճշմարտութիւններ են։ Թարգմանութիւնը կատարած է Հոգշ. Տ. Բագրատ Ծ. Վարդապետը, որն իրօք կարելի է համարել կատարեալ, քանզի ընթերցողը ոչ միայն մօտիկէն կը ծանօթանայ հեղինակին ու անոր հաւատամքին- այլեւ՝ բառերուն մէջ կը գտնէ աստուածային ուժը։
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը երբ կը խօսի «Մարգարէն» գիրքի մասին, հետեւեալ գրառումը կը կատարէ. «Երբ կարդացի «Մարգարէն» գիրքը, սկսայ տարբեր տեսանկիւնէն դիտել Կեանքն ու Աշխարհը, Այդ ըսել չէ, որ հեռացայ իմ հաւատքէս, այլ ընդհակառակը՝ աւելի խորացաւ իմ մէջ համոզումը Կեանքի ու Աստուծոյ հանդէպ։ Այս գրքի ամէն մի խօսքը մարգարիտ է, եւ արժէ ունենալ։ Անոր մէջ պարունակած ամէն մէկ բառը ինքզինք արտայայտող ճշմարտութիւն է։ Այս գրքին մէջ մարմնացած ՄԱՐԳԱՐԷՆ, նոր խօսք ու նոր իմաստ կը ներշնչէ Աւետարանէն յետոյ, որովհետեւ անոր բերած ճշմարտութիւնը, թէեւ նոր չէ, սակայն սրտին խօսող եւ առինքնող է»։
Իսկ «Երկու խօսքի» աւարտին թարգմանիչ Հայր Սուրբը կը կատարէ հետեւեալ եզրակացութիւնը.
«Այս գիրքը անկասկած ընտանիքին գիրքն է, որվհետեւ հոն կան մարդկային ընկերութեան կեանքը խաթարող շատ մը հարցերուն լուծումները։ Հոն կան ընտանիքին հետ կապուած հարցեր եւ անոնց պատասխանը։ Այնտեղ կայ կեանքի հանդէպ խոր հասկացողութեան մէկ նշոյլը, զոր մարդս դարերէ ի վեր կ’որոնէ։ Հոն կայ երանական ցանկութիւն՝ դառնալու այն վիճակին, ինչպէս Մարդը նախքան մեղքի սերմին իյնալը անոր սրտին մէջ։ Ճաշակեցէք եւ տեսէք»։
Արդարեւ, թարգմանիչ Հայր Սուրբի աշխատանքը մարգարիտ կարելի է համարել իր տեսակին մէջ, քանզի անցեալ թարգմանութիւններու փորձին հետ ան կարելի չէ բաղդատել իր ներշնչողական ու բանաստեղծական թռիչքներով։ Թարգմանութիւնն արուեստ է, թարգմանիչը բանաստեղծ պիտի ըլլայ, որպէսզի ոչ միայն բառերու իմաստը թարգմանէ, բայց աւելին՝ կարենայ ոգին հաղորդել։ Ահա այստեղ է Հայր Սուրբի բանաստեղծութեան անվիճարկելի կարողականութիւնը։
Հեղինակը՝ Ճպրան Խալիլ Ճըպրան, մեզ կ’առաջնորդէ դէպի Աստուած եւ կեանքի ճշմարտութիւնը՝ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու բովին մէջէն։ Ան կը խօսի կարեւորագոյն արժէքներու մասին, որոնք եթէ առկայ չեն մեր էութեանը մէջ, ապա այդ կեանքը աննպատակ է։ Ան կը խօսի սիրոյ մասին գեղեցիկ մուտքով մը եւ աւելի ուշ մէկ նախադասութեամբ կը հաստատէ իր համոզումը։ «Սէրը՝ ինչպէս որ կը թագադրէ ձեզ, այնպէս ալ կը խաչէ»։ Երբ կը խօսի խաչի մասին, ան պէտք է հասկնալ արպէս ամբողջութիւնը քրիստոնէական բարոյական արժէքներու։ Իր խրատականներուն մէջ յատուկ վերնագիր է յատկացուած ամուսնութեան, որուն կը յաջորդէ նոր ենթավերնագիր՝ նուիրուած Զաւակներու մասին։ «Դուք կրնաք տալ անոնց ձեր սէրը, բայց ո՛չ ձեր մտածումները, որովհետեւ անոնք ունին իրենց խորհուրդները։ Դուք կրնաք պահել անոնց մարմինները, բայց ո՛չ անոնց հոգիները, որովհետեւ անոնց հոգիները կը բնակին վաղուան տունին մէջ, զոր չէք կրնար այցելել, նոյն իսկ երազի մէջ։ Դուք կրնաք ջանալ անոնց նմանիլ, բայց մի՛ տքնիք զանոնք ձեզի նման ընել։ Վասնզի կեանքը չերթար դէպի ետ ու ոչ ալ կը յամենայ երէկուան հետ։ Դուք աղեղներն էք, որոնցմէ ձեր զաւակները, որպէս ապրող նետ՝ կ’արձակուին»։
Այնքա՜ն ճշմարիտ է հեղինակին խրատը՝ տալու առաքինութեան մասին։ Խորքին մէջ «Մարգարէն» անունը կրող այս Աւետարանաշունչ գիրքը միայն ընտրովի հատուածներով ներկայացնելը անարդարութիւն է։ Բայց մեր համոզումն է, որ մեր ընթերցողները պիտի կարդան «Մարգարէն» իր ամբողջութեանը մէջ։ Երբ կը խօսի տալու մասին, ան հետեւեալ մտորումը կը կատարէ.
«Այո բոլորը, զոր ունիք, օր մը պիտի տրուի ուրիշին, հետեւաբար, տուէ՛ք հիմա՛, որպէսզի տալու եղանակն ըլլայ ձերը եւ ոչ թէ ձեր ժառանգներունը»։
Հեղինակը լայն անդրադարձ կը կատարէ աշխատանքի մասին, որն արժէ ներկայացնել. «Աշխատանքը յայտնուած սէր է։ Ու եթէ չէք կրնար աշխատիլ սիրով, այլ միայն դժկամութեամբ, աւելի լաւ է թողուք ձեր աշխատանքը ու նստիք տաճարին դրան առջեւ եւ ողորմութիւն ընդունիք անոնցմէ, որոնք կ’աշխատին հաճոյքով»։
Երբ խօսքը կը վերաբերի «ես»-ին, ապա ան հետեւեալ հաստատումը կը կատարէ. «Ովկիանոս մըն է աստուած – եսդ քու մէջ եղող»։
Իրօք, բոլորիս մէջ է աստուած-ները, զորս պէտք է խեղդել աղօթքով։
Հեղինակի մտորումները բոլորն ալ անխնտիր կը կարօտին բացատրութեան եւ մեկնաբանութեան, եւ գրեթէ տող առ տող։ Ան կը խօսի այնպիսի նիւթերու մասին, որոնք որպէս երեւոյթներ անքակտելի մասնիկն են մեր հոգեմտաւոր կեանքին։ Եւ ինչքան պիտի ուզէինք բոլորին անդրադառնալ մէկ առ մէկ, ինչը որ անհնար է։ Երբ կը խօսի «ինքնագիտակցութեան մասին», հեղինակը կը յորդորէ հետեւեալը.
«Մի՛ ըսէք «Ես գտած եմ ճշմարտութիւնը», այլ ըսէ՛ք «Ես գտայ ճշմարտութիւն մը»։
Հեղինակը բացառիկ սահմանում մը կը կատարէ զԱստուած ճանչնալու քայլի մասին։ «Վասնզի մարդու մը տեսիլքը փոխ չի տար իր թեւերը ուրիշ մէկուն։ Ինչպէս որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը առանձին կը կանգնի Աստուծոյ Գիտութեան մէջ, նոյնպէս ալ ձեզմէ ամէն մէկդ առանձին պիտի մնայ զԱստուած ճանչնալու եւ երկիրը ընկալելու իր գիտութեան մէջ»։
Երբ խօսքը կը վերաբերի բարեկամութեան մասին, ան կը զարգացնէ իւրովի բանաստեղծականութեամբ. «Բարեկամութեան մէջ թող չլինի ոչ մէկ նպատակ, բացի խորացումէն հոգիին։ Վասնզի սէրը, որ կ’որոնէ ուրիշ ոչինչ, բայց միայն մերկացումը իր իսկ խորհուրդին, սէր չէ, այլ ծովուն մէջ նետուած ուռկան մը, ուր մնայն անպէտը կ’որսացուի։ Լաւագոյնդ տո՛ւր բարեկամիդ։ Եթէ ան պէտք է գիտնայ տեղատուութիւնը կեանքիդ ալիքներուն, թող որ ան գիտնայ նաեւ ողողումը անոր։ Վասնզի ի՞նչ է բարեկամդ, զոր պիտի որոնես ժամավաճառ ըլլալու համար։ Միշտ փնտռէ՛ զինքը ժամերը ապրելու համար»։
Ինչքան վերաքաղումը կը կատարեմ ընթերցումիս ժամանակ իմ գրի առած ստորագծուած խրատներուն, այնքան հոգեպէս անհանգիստ կը զգամ, քանզի պիտի ուզէի անդրադառնալ բազում խրատականներու։ Այստեղ ի մասնաւորի կ’ուզեմ մէջբերել հատուած մը աղօթքի մը.
«Աստուած մեր, որ թեւաւոր ինքնութիւնն ես, Քու կամքն է մեր մէջ, որ կը կամենայ։ Քու իղձն է մեր մէջ, որ կը կ’ըղձայ։ Քու փափաքն է մեր մէջ, որ պիտի վերածէ մեր գիշերները, որ քուկդ են, ցերեկները, որ նաեւ քուկդ են։ Չենք կրնար որեւէ բան խնդրել քեզմէ, վասնզի Դուն գիտես մեր կարիքները նախքան որ անոնք կը ծնին մեր մէջ։ Դուն ես մեր կարիքը։ Ու տալով աւելի քեզմէ մեզի՝ Դուն կու տաս մեզի ամէնը»։
Այս աղօթքին մէջ կը տեսնենք հոգին բանաստեղծին, որ կ’ապրի անժամանակին մէջ։ Յաջորդական էջերու մէջ հեղինակը խոհեր ունի նաեւ նուիրուած կրօնքին.
«Ձեր ամենօրեայ կեանքը ձեր տաճարն է եւ ձեր կրօնը։ Ամէն անգամ, որ ներս մտնէք անկէց՝ ձեր հետ տարէք նաեւ այն բոլորը, որ ձերն են»։
Իսկ Աստուածճանաչման մասին իր մտածումներուն ծայքերուն մէջ կը կարդանք հեղինակի հաւատքի տարողութիւնը. «Ու եթէ պիտի ճանչնանք զԱստուած, ապա մի՛ ըլլաք հանելուկներու մեկնաբան։ Աւելի նայեցէ՛ք ձեր շուրջը ու պիտի տեսենէք զԱյն, որ կը խաղայ ձեր երեխաներուն հետ։ Ու նայեցէ՛ք երկինք ու պիտի տեսնէք զԻնքը, որ կը քալէ ամպերուն մէջէն, կը տարածէ իր թեւերը կայծակին մէջ ու կ’իջնէ անձրեւի նման։ Պիտի տեսնէք զԱյն, որ կը ժպտայ ծաղիկներուն մէջէն, յետոյ կը բարձրանայ ու կը շարժէ իր ձեռքերը ծառերուն միջով»։
«Մարգարէն» գրքի վերջին իր պատգամներով հազարապատիկ կը լուսաւորէ մեր ներքին աշխարհը։ Անտարակոյս, «Մարգարէն» հեղինակին համար Աստուած ինք է, որուն մէջ կը տեսնենք ճաշակը Տիրոջ մշտնջենական այցին մարդկանց կեանքին մէջ. «Ու տակաւին դուք պիտի չցաւիք կոյր եղած ըլլալու համար, ոչ ալ ափսոսաք խուլ եղած ըլլալու համար։ Վասնզի այն օրը դուք պիտի գիտնաք թաքուն նպատակները բոլոր բառերուն ու պիտի օրհնէք խաւարը այնպէս, ինչպէս պիտի օրհնէիք լոյսը»։
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
28 Յունուարի, 2021