Թեմ
Հրապարակված է: 01/20/2021
Որքան ալ պայմանները ծանր են ու կացութիւնները դժուարին, սակայն այս բոլորը երբեք չեն կրնար մեզ հեռացնել Քրիստոսի սէրէն, ինչպէս պիտի ըսէ Պօղոս Առաքեալ. “Մեզ ով կրնայ Քրիստոսի սէրէն բաժնել, ոչ նեղութիւնը, ոչ անձկութիւնը, ոչ հալածանքը, ոչ սովը, ոչ մերկութիւնը, ոչ վտանգը, ոչ ալ սուրը” (Հռոմ 8:35):
Ահա նոյն խանդավարութեամբ, նոյն հաւատքով եւ վստահութեամբ, Արեւմտեան Թեմի Քորիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակը կը շարունակէ իր աշխատանքները ի փառս Աստուծոյ եւ ի լուսաւորութիւն մտքի եւ հոգի մեր հաւատացեալ զաւակներուն:
Խտորեւ կը ներկայացնենք գրասենեակի աշխատանքերը, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները ոչ միայն տեղեակ ըլլան կատարուած աշխատանքներէն, այլեւ մաս¬նակ¬ցին եւ օգտուին անկէ:
1. Աստուածաշունչի սերտողութիւններ
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակի սովորութեան համաձայն Աստուածաշունչի սերտողութիւնները տեղի կ՛ունենային տարբեր շրջաններու ծխական եկեղեցիներէ ներս, ցաւօք սրտի 2020 Մարտ ամիսէն ետք, համաճառակի պատճառով, սերտողութիւնները շարունակուեցան հեռակայ դրութեամբ, դիմատետրի ճամբով (Let’s Pray Together Facebook page). Առ այդ, այս մեթոտը պիտի շարունակուի մինչեւ ցնոր տնօրինում:
2021 Տարեշրջանի համար նկատի առնուած է շարունակելու Դանիէլի մարգարէութեան գիրքի սերտողութիւնը, որ կ՛աւարտի Յունուար ամսուան վերջը: Որմէ ետք պիտի սկսի նոր նիւթ մը, սերտելու Առակաց« գիրքը:
Ինչո՞ւ այս գիրքը.
ա. Նկատի առած որ շատ ծանօթ չենք անոր, չնայած առաջին գիրքն է, որ թարգմանեցիներ մեր նախնիներ, մի գուցէ քանի մը հատուածներ օգտագործած ըլլանք, բայց աւելի տեղեակ դառնալու համար պէտք է սերտել եւ մօտէն ծանօթանալ:
բ. Անոր բովանդակութեան այժմէականութիւնը: Անկասկած ամբողջ Աստուածաշունչը որպէս Աստուծոյ Կենդանի խօսք այժմէական է, բայց այս պարագային Առակաց գիրքին բարոյախօսական յատկութիւնը կը թելադրէ, որ հրամցուի այսօրուան մարդուն:
Սերտողութիւնները կը կատարուին ամէն Երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-8:00, ուղղակի սփռումով դիմատետրի ճամբով (Let’s Pray Together Facebook page). Նոյն սերտողութիւնը նաեւ կը տեղադրուի Avedaran.com կայքէջի վրայ:
2. Հրատարակութիւններ
Գրասենեակի աշխատանքներու երկրորդ ծիրը հրատարակութիւններն են: Ինչպէս անցնող տարիներու ընթացքին, այս տարի եւս կը նախատեսուի աւելի քան 15 հոգեւոր գրականութեան հրատարակութիւն: Հրատարակութեանց ցանկին մէջ կան հետեւեալները.
1. Հաւատով Խոստովանիմ աղօթագիրքը,
2. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հայերէն եւ անգլերէն գիրքեր
3. Կանոնագիրք Հայոց, Տիրայր Ծ. Վրդ Տէրվիշեան
4. Ինչո՞ւ կը հաւատանք Յիսուս Քրիստոսի, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
5. Ապաշխարութեան եւ խոստովանանքի Աստուածաբանական Բովանդակութիւնը, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
6. Քալեցէք, քանի Լոյսը ունիք, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
7. Վանական ճգնողական հոգեկանութիւնը, Քրիստոնէական Առաջին դա-րե¬րուն, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
8. Հայ Վանական հոգեկանութեան ճգնողական աւանդութիւնը, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
9. Յիշողութիւն 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութեան, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
10. Սբ. Գրիգոր Նարեկացի, Մատեան Ողբերգութեան, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
11. Հայ Եկեղեցին կը լուսաւորէ, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
12. Կինը Հայ Քրիստոնէական Մշակոյթի արմատներուն մէջ, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
13. Պատմական Հայաստանի Ուսումնառութեան, Հոգեւորիմացական Լուսաւորութեան եւ Մշակոյթի կեդրոնները, Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան
14. Օրմանեան Պատրիարք
3. Հեռատեսիլի Յայտագիր
Օգտագործելով արդի լրատուամիջոցները, Գրասենեակը եւս ունի յայտագիրներ, որոնք կը հրամցուին մեր ժողովուրդի զաւակներուն հեռուստակայանով եւ Դիմատետրի ճամբով: Ծրագիրը ունի երեք բաժին.
ա. Աղօթքներ
բ. Եթէ քեզի պատահի
գ. Քալենք լոյսով, Աստուածաշնչական ընթերցում
4. Bridging Generations
Արդէն աւելի քան 10 ամիսներէ գործող այս ծրագիրը, որ յատուկ նպատակ կը հետապնդէ երիտասարդները ներգրաւելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան ծիրին մէջ, ունի աշխատանքային երեք մաս:
ա. Քրիստոնէական ուսուցում, որ կը ներկայացնէ Հայկ Մատոյեան
բ. Աստուածաշունչի սերտողութեան մեթոտաբանութիւն
գ. Ընկերային ծրագիրներ
Այս աշխատանքային ծիրէն ներս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակը նաեւ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աստուածաշունչի սերտողութեան դասընթացքներով: Անցնող ամիսներու ընթացքին փորձեցինք անդրադառնալ հետեւեալ նիւթերուն:
ա. Ի՞նչ է Աստուածաշունչը
բ. Աստուածաշունչի մասերը
գ. Ինչո՞ւ կարդալ Աստուածաշունչ
դ. Ինչպէ՞ս կարդալ Աստուածաշունչ
ե. Հասկնալու եւ բացատրելու եղանակները
զ. Կարդացուածը կեանքի կոչելու մեթոտը
է. Օգտագործելի սկզբունքներ Աստուածաշունչի սերտողութիւն ընելու
2021 Տարեշրջանի համար կը նախատեսուի, որպէս շարունակութիւն այս ծրագրին, քանի մը գործնական օրինակներ ունենալու, որմէ ետք անցնելու յաջորդ հանգրուանին աւելի մասնագիտական մեթոտով ուղղակի աշխատելու անհատներու հետ, զիրենք մարզելու այդ ուղղութեամբ:
5. Խորհրդատուութիւն - Counseling
Թէեւ թիւով քիչ, բայց հետեւողական աշխատանք մըն է որ կը կատարուի: Նպա¬տակը այս աշխատանքին անհատական հանդիպումներ ունենալ թմրամոլութեամբ բռնուած անձերու հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին տեղի կ՛ունենան անձնական զրոյցներ իրենց դժուարութիւններու մասին, զանոնք կապելով Աստուածաշնչական հատուածներու հետ, որոնք յոյս կու տան անհատին, թէ որքան ալ ծանր են դժուարութիւնները, բայց կարելի է յաղթահարել երբ Աստուծմով է որ կ՛առաջնորդուին մեր քայլերը: Յայտագիրը կ՛ընդգրկէ աղօթք եւ Աստուածաշունչի ընթերցում սերտողութիւն:
6. Աղօթքի երեկոյ
Ահա արդէն երկրորդ տարին կ՛աւարտենք, ամսուան առաջին Երկուշաբթի օրուան աղօթքի պահերը: Աղօթքի այս երեկոն տեղի կ՛ունենայ ամսուան առաջին Երկուշաբթին, երեկոյեան ժամը 8:00-9:00 Առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: Նկատի առած վերջին իրադարձութիւնները համաճառակի, նաեւ կը սփռուի Դիմատետրի ճամբով:
Այս հաղորդագրութեամբ ուզեցինք նախաճաշակ մը տալ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, ոչ որպէս թէ ինչպիսի աշխատանքներ կը կատարուին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանէն ներս, այլ որպէսզի իրենց մասնկացութեամբ Աստուծոյ ներկայութիւնը, սէրն ու խաղաղութիւնը սփռուի իւրաքանչիւր հայու տունէն ներս, որուն այնքան կարիքը կը զգացուի այս օրերուն, երբ դժուարութիւններ օր ըստ օրէ կը ծանրանան մեր վրայ: Ուստի մեր յոյսն ու վստահութիւնը, մեր մխիթարութիւնը, մեր միակ ու ճշմարիտ հանգստարանը Աստուած Ինք է, Քրիստոսով, երբ մեզի տուած է այն անսուտ խոստումը ըսելով. “Ինծի եկէք, դուք բոլորդ, յոգնած ու բեռնաւորուած, եւ ես ձեզի հանգիստ պիտի տամ”:
Թող Քրիստոսի սէրն ու խաղաղութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան: Ամէն:
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Գրասենեակ
Արեւմտեան Թեմ